­Շահան Գանտահարեան — «ԱԶԴԱԿ

Յու­նաս­տա­նի ­Սի­րօ կղզին պատ­մա­կան ո­րոշ ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի ե­ղած է ­Յու­նաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք: Կղ­զիի պատ­մա­կան, մշա­կու­թա­յին, հնա­գի­տա­կան եւ քա­ղա­քակր­թա­կան իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու ա­ռիթ կ­՛ու­նե­նանք տա­կա­ւին:
Այժմ կեդ­րո­նա­նանք հայ­կա­կան ա­ռու­մով կղզիին ներ­կա­յա­ցու­ցած կա­րե­ւո­րու­թեան, ո­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն մա­սին ա­ռիթ ե­ղած է զրու­ցե­լու «Ազ­դակ»ի տնօ­րէ­նին եւ ­Սի­րո­յի քա­ղա­քա­պե­տին մի­ջեւ կա­յա­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին:
Յու­նա­րէ­նէն հա­յե­րէն եւ փո­խա­դար­ձա­բար թարգ­մա­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Զար­մի­նէ ­Քիւր­տօղ­լեան:
­Սի­րո­յի մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­նո­ցը յա­տուկ տեղ յատ­կա­ցու­ցած է հայ եւ յոյն որ­բեր ըն­դու­նած եր­բեմ­նի որ­բա­նո­ցին վե­րա­բե­րող ի­րե­րուն, փաս­տա­թուղ­թե­րուն, լու­սան­կար­նե­րուն, ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի օ­ժան­դա­կու­թեան մար­մի­նի որ­մազդ­նե­րուն եւ որ­բե­րու ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն:
­Զօ­րա­նո­ցը ին­քը նախ­կին որ­բա­նոցն է, ուր ա­պաս­տան գտած են 1922ի Զ­միւռ­նիոյ ջար­դե­րէն ետք ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած եր­կու հա­զար հայ եւ յոյն որ­բե­րը:
­Յոյն սպան բա­ցատ­րեց, որ զօ­րա­նո­ցի թան­գա­րա­նա­յին բա­ժի­նը մնա­յուն կեր­պով բաց չէ հան­րու­թեան հա­մար, այլ նա­խա­պէս պէտք է յա­տուկ ար­տօ­նու­թիւն ստա­նալ` դի­տե­լու այն­տեղ ցու­ցադ­րո­ւած ի­րերն ու փաս­տա­թուղ­թե­րը եւ ի­րա­զեկ դառ­նա­լու հա­մար որ­բա­նո­ցի պատ­մա­կան տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն:
­Սի­րո­յի քա­ղա­քա­պետ Եոր­կոս ­Մա­րան­կոս շատ հե­տաքրք­րա­կան գտաւ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած հայ որ­բե­րու վե­րա­բե­րող տար­բեր թան­գա­րան­նե­րու հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռա­ջար­կը:
Այս ա­ռու­մով ի­րեն յայտ­նո­ւե­ցաւ, որ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Ե­րե­ւա­նի թան­գա­րա­նին եւ ­Ժի­պէյ­լի «Ա­րամ ­Պէ­զի­քեան» թան­գա­րա­նին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կան, յատ­կա­պէս` որ­բե­րու (նաեւ` յոյն որ­բե­րու) վե­րա­բե­րող լու­սան­կար­նե­րու եւ փաս­տա­թուղ­թե­րու թո­ւայ­նա­ցո­ւած տար­բե­րակ­նե­րու փո­խա­նակ­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով:
­Սի­րօ այն կղզին է, որ ա­ւե­լի քան քսան տա­րիէ ի վեր կ­՛ըն­դու­նի ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի նա­հա­տակ­նե­րու զա­ւակ­նե­րը. ա­մէն տա­րի շուրջ ե­րե­սուն ե­րե­խայ կու գայ իր տա­րե­կան ար­ձա­կուր­դը ան­ցը­նե­լու ­Սի­րօ կղզիին մէջ: ­Նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ե­ղած է Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին եւ յատ­կա­պէս` մեր ըն­կեր­նե­րէն ­Խա­չիկ ­Խա­չա­տու­րեա­նին, եւ այժմ ծրա­գի­րը կը շա­րու­նա­կո­ւի ներ­կայ քա­ղա­քա­պե­տին օ­րով: ­Վեր­ջին շրջա­նի ի­րե­րա­յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի նախ­կին ա­ռաջ­նորդ ­Խո­րէն Արք. ­Տող­րա­մա­ճեան ան­ձամբ կը մաս­նակ­ցէր ե­րե­խա­նե­րու դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրագ­րին: ­Քա­ղա­քա­պետ ­Մա­րան­կոս իր խօս­քի ա­ւար­տին յայտ­նեց նաեւ, որ պա­հը հա­սած կը նկա­տէ քսա­նա­մեայ այս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րին մէջ այ­ցե­լե­լու Ար­ցախ:
­Սի­րօ կղզին թէ՛ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ թէ՛ ար­ցա­խեան մեր հիմ­նա­հար­ցին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման անհ­րա­ժեշտ նա­խադ­րեալ­նե­րը ար­ձա­նագ­րած է. նա­խադ­րեալ­ներ՝ ո­րոնք զար­գաց­ման պա­րարտ են­թա­հող ու­նին, յատ­կա­պէս նկա­տի ու­նե­նա­լով հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու թէ՛ պատ­մա­կան եւ թէ ներ­կայ ընդ­հան­րու­թիւն­նե­րը: