­Հինգ­շաբ­թի՝ 27 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ­Պիք­ֆա­յա­յի ­Սուրբ Աս­տո­ւա­ծա­ծին ­Վան­քին մէջ ըն­դու­նեց այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի նո­րըն­տիր ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի եւ նո­րըն­տիր Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի։
Աշ­խա­տան­քա­յին հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին լայ­նօ­րէն քննար­կո­ւե­ցան թե­մին յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տանք­նե­րը, ծրա­գիր­նե­րը եւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։
­Նո­րին Սր­բու­թիւ­նը՝ ող­ջու­նե­լով նոր ա­ռաջ­նոր­դի ու նոր վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւն­նե­րը՝ շեշ­տեց փո­խա­դարձ սի­րով ու գոր­ծակ­ցա­կան ո­գիով թե­մի կեան­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու ու վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու աշ­խա­տան­քին լծո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։