Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս, Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան հետ միա­սին, ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը դար­ձու­ցած է ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն իր հայ­րա­պե­տա­կան աշ­խա­տան­քի ծի­րէն ներս։ ­Սու­րիա­հա­յու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը նկա­տե­լով հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թեամբ կա­տա­րո­ւե­լիք աշ­խա­տանք՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը այս ուղ­ղու­թեամբ մնա­յուն կա­պի մէջ է թե­մե­րուն, ­Սու­րիոյ հա­յու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեան կա­ռոյց­նե­րու եւ ան­հատ­նե­րու հետ, որ­պէս­զի վե­րա­կանգ­նու­մի գոր­ծը դրո­ւի ա­ռա­ւել կազ­մա­կերպ հի­մե­րու վրայ ։
Այս օ­րե­րուն ­Բե­րիոյ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Շա­հան Արք. ­Սար­գի­սեան կը գտնո­ւի Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վանք, վե­րա­կանգ­նու­մի աշ­խա­տան­քին շուրջ խորհրդակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար ­Նո­րին Սր­բու­թեան հետ։ Սր­բա­զա­նը ­Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րո­ւած նախ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ընդ­հա­նուր պատ­կե­րը ներ­կա­յա­ցուց ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին։ Իր կար­գին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, ող­ջու­նե­լով կա­տա­րո­ւող նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, անհ­րա­ժեշտ թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց եւ պա­տաս­խա­նա­տու ան­ձե­րը Ան­թի­լիաս հրա­ւի­րեց խորհր­դակ­ցու­թեան հա­մար։ ­Նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին, կը ծրագ­րո­ւի վե­րա­կանգ­նու­մի ընդ­հա­նուր հա­ւաք կազ­մա­կեր­պել, սկզբուն­քով՝ ­Սեպ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը։