«­Հա­յերն Այ­սօր» կը նշէ, որ Ֆ­րան­սա­յի խորհրդա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան եր­կու փու­լե­րով` ­Յու­նի­սի 11ին եւ 18ին:
Հ­րա­պա­րա­կո­ւած ցան­կե­րուն մէջ կայ չորս հայ թեկ­նա­ծու: Ա­նոնց­մէ եր­կու­քը կը ներ­կա­յա­նան ­Մաք­րո­նի նո­րաս­տեղծ «­Յա­ռաջ Ըն­թա­ցող ­Հան­րա­պե­տա­կան­ներ»ը կու­սակ­ցու­թեան, մէ­կը` ըն­կեր­վա­րա­կան, մէկն ալ ­Պայ­րո­ւի ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­ժու­մի ցան­կէն: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ ֆրան­սա­հայ «­Նոր ­Յա­ռաջ» թեր­թը:
«­Յա­ռաջ Ըն­թա­ցող ­Հան­րա­պե­տա­կան­ներ» կու­սակ­ցու­թեան ցան­կէն ներ­կա­յա­ցող հա­յե­րէն մէ­կը ձեռ­նար­կա­տէր ­Տա­նիէլ ­Ղա­զա­րեանն է, որ պի­տի ըլ­լայ նշեալ կու­սակ­ցու­թեան թեկ­նա­ծուն ­Ռոն նա­հան­գի (69) 13րդ­ ընտ­րա­տա­րած­քին մէջ: ­Միւ­սը` ­Փաս­քալ ­Շա­մա­սեան, ­Պուշ-տիւ-­Ռոն նա­հան­գի (13) ա­ռա­ջին ընտ­րա­տա­րած­քէն:
Ըն­կեր­վա­րա­կան­նե­րու ցան­կին մաս կազ­մող հայ միակ թեկ­նա­ծուն է ­Ֆի­լիփ ­Գի­զի­րեան, որ պի­տի ներ­կա­յա­նայ ­Լո­ւառ նա­հան­գի (42) թիւ 3 ընտ­րա­տա­րած­քէն:
Իսկ ­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­ժում կու­սակ­ցու­թեան ցան­կէն ներ­կա­յա­ցող հա­յա­նուն թեկ­նա­ծուն ­Նա­տիա Ե­սա­յեանն է: Ան ծա­գու­մով պա­ղես­տին­ցի քրիս­տո­նեայ մըն է, որ ա­մուս­նա­ցած է հա­յու հետ: ­Կը ներ­կա­յա­նայ ­Վիեր­զո­նի մէջ (­Շէր նա­հանգ — 18)` 2րդ­ ընտ­րա­տա­րած­քէն: