Ապ­րիլ 24ին մենք յար­գան­քի տուրք կը մա­տու­ցենք «­Մեծ Ե­ղեռ­նի»` 20րդ ­դա­րու ա­մե­նա­սար­սա­փե­լի զան­գո­ւա­ծա­յին գա­զա­նու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն ժա­մա­նակ տու­ժած­նե­րուն: Այս մա­սին կ­՛ը­սո­ւի Ա.Մ.Ն. նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փի` ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ ­տա­րե­լի­ցի առ­թիւ ուղ­ղո­ւած ու­ղեր­ձին մէջ:
«Սկ­սե­լով 1915 թո­ւա­կա­նէն, Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, 1,5 մի­լիոն հա­յեր տե­ղա­հա­նո­ւած են, սպան­նո­ւած կամ ու­ղար­կո­ւած մա­հո­ւան: Ա­մե­րի­կա­յի հայ հա­մայն­քի եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի հետ միա­սին ես կը սգամ ան­մեղ մար­դոց մահն ու տա­ռա­պանք­նե­րը»,-յայ­տա­րա­րած է ան:
Թ­րամ­փի խօս­քով մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան այդ մռայլ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մա­սին մտա­ծե­լով «մենք նաեւ կ­՛ըն­դու­նինք հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­րու­թիւ­նը»:
«Ա­նոնց­մէ շա­տե­րը նոր կեանք սկսան ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ եւ անգ­նա­հա­տե­լի ներդ­րում ու­նե­ցան մեր երկ­րին մէջ` միա­ժա­մա­նակ պահ­պա­նե­լով յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քի մա­սին, ուր ա­նոնց նախ­նի­նե­րը հիմ­նած են հին աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: ­Մենք պէտք է յի­շենք գա­զա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին, որ­պէս­զի թոյլ չտանք ա­տոնց կրկնու­թիւ­նը: ­Մենք կ­՛ող­ջու­նենք ցա­ւա­լի պատ­մու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու թուր­քե­րու եւ հա­յե­րու ջան­քե­րը, ո­րոնք կա­րե­ւոր քայլ են ա­ւե­լի ար­դար եւ հան­դուր­ժող ա­պա­գա­յի հիմ­քեր կա­ռու­ցե­լու ճա­նա­պար­հին»,- ը­սո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: