Վերջին ամիսներուն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը լարուած շրջան մը կ՚ապրի՝ երկրի Սահմանադրութիւնը փոխելու կառավարութեան ծրագրին շուրջ ծաւալած սուր հակադրութեան պատճառով։ Իշխանութիւնները կը ձգտին մշակել նոր մայր օրէնք մը եւ, հանրաքուէի միջոցով, ջնջել 1990 թուականի Անկախութեան հռչակագիրին յիշատակութիւնը՝ պատճառաբանելով, թէ անիկա պէտք է համապատասխանէ իրենց հռչակած «Իրական Հայաստան» գաղափարական հայեցակարգին։ Այս նախաձեռնութիւնը կը նշանակէ ուղղակիօրէն ենթարկուիլ Ատրպէյճանի ծայրայեղ պահանջներուն, տրուած ըլլալով որ Պաքուն Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը դարձուցած է նախապայման՝ երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու համար։
Այս լարուած մթնոլորտին մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 18 Նոյեմբերին խորհրդարանին մէջ, իսկ յաջորդ օրը՝ կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց, թէ իր քաղաքական ապագան կը կապէ հանրաքուէի արդիւնքներուն հետ։ Մասնաւորապէս, ան յանձն առաւ հրաժարիլ, եթէ ընտրողները մերժեն նոր Սահմանադրութեան նախագիծը, իսկ վաւերացման պարագային՝ խոստացաւ պաշտօնավարել մինչեւ 2031-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ այլեւս չառաջադրուիլ։ Միաժամանակ, ան տեղեկացուց, որ նախագիծին նախնական տարբերակը պիտի հրապարակուի յաջորդ շաբաթ։
Այս քայլով իշխանութիւնը կը փորձէ պետականութեան հիմնարար սկզբունքները վերածել քաղաքական սակարկութեան առարկայի՝ հանրային ուշադրութիւնը շեղելով հարցի բուն էութենէն։ Խորհրդարանական ընդդիմութեան անյապաղ եւ վճռական մերժումը արտայայտուեցաւ 19 Նոյեմբերին՝ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանի յայտարարութեամբ։ Այսպէս՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ եւ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր հիմնական ուժի ներկայացուցիչը վերահաստատեց, որ իրենց պատգամաւորները դէմ պիտի քուէարկեն հանրաքուէ յայտարարելու առաջարկին՝ մերժելով այն տեսակէտը, թէ վարչապետին հաւանական հրաժարականը կրնայ արդարացնել սահմանադրական փոփոխութիւններու շուրջ որեւէ զիջում կամ համագործակցութիւն։
Ընդդիմութեան դիրքորոշումը յստակ է. խնդիրը բնաւ Փաշինեանի քաղաքական ապագան կամ պաշտօնավարման ժամկէտը չէ, այլ՝ Ատրպէյճանի ճնշումներուն տակ Հայաստանի սահմանադրական հիմքերը խաթարելու անդառնալի հետեւանքները։ Երբ հարցը կը վերաբերի պետութեան իրաւական ու պատմական հիմքերուն, անհատական քաղաքական հաշուարկները կը դառնան երկրորդական։
1990-ի Անկախութեան հռչակագիրին յիշատակութիւնը հեռացնելու մտադրութիւնը կառավարութեան նախաձեռնութեան ամէնէն մտահոգիչ կէտը կը մնայ։
Անկախութեան հռչակագիրը պարզ պատմական վաւերագիր մը չէ. ան ժամանակակից Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան վկայականն է, որ կ՚ամրագրէ ազգային իրաւունքներն ու պատմական յանձնառութիւնները։ Անոր վերացումը կը հարուածէ պետութեան պատմական եւ իրաւական շարունակականութիւնը՝ զայն ստորադասելով իշխանութեան գաղափարական կաղապարներուն։
Առաւել եւս անընդունելի է այն հանգամանքը, որ այս փոփոխութիւնները կը կատարուին արտաքին պարտադրանքի ներքոյ եւ փոխադարձութեան լիակատար բացակայութեամբ։ Պաքուն կը պահանջէ Հայաստանէն, որ հրաժարի իր հիմնարար սահմանադրական յղումներէն՝ առանց ինքը ստանձնելու որեւէ համարժէք յանձնառութիւն. ո՛չ կը հրաժարի հայկական տարածքներու հանդէպ իր պահանջներէն ու յայտարարութիւններէն, ո՛չ ալ կը տրամադրէ շօշափելի անվտանգային երաշխիքներ, ինքնիշխանութեան յարգում կամ մարդասիրական հարցերու վերջնական լուծում։ Ատրպէյճանի նախապայմաններուն ընդառաջ երթալը չի կրնար ընկալուիլ իբրեւ հայ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայտութիւն կամ դէպի տեւական խաղաղութիւն տանող քայլ, այլ՝ իբրեւ միակողմանի զիջում, որ կը խոցէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու արժանապատուութիւնը։
Սկզբունքային վտանգներէն անդին, վարչապետին առաջարկը կը պարունակէ նաեւ ակնյայտ քաղաքական եւ թուաբանական անհամաչափութիւն։
Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը 105-անդամնոց Ազգային ժողովին մէջ ունի 64 տեղ՝ վեց քուէ պակաս հանրաքուէ յայտարարելու համար անհրաժեշտ սահմանադրական մեծամասնութենէն։ Հետեւաբար, որպէսզի ստուգուի հրաժարականի խոստման լրջութիւնը, ընդդիմութիւնը նախ պէտք է իր քուէներով օրինականացնէ հանրաքուէի գործընթացը՝ վտանգելով երկրի հիմնարար արժէքները, իսկ դրական քուէարկութեան պարագային՝ իշխանութեան մէջ պահելով զինք մինչեւ 2031 թուական։
Ընդդիմութեան մերժումը՝ տրամադրելու անհրաժեշտ վեց քուէները, ներկայ հանգրուանին կը գործէ իբրեւ պատնէշ՝ կանխելու համար պետականութեան հիմքերու խաթարումը։ Պատմական յիշողութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան անսակարկելի պաշտպանութիւնը կը պահանջէ, որ Սահմանադրութիւնը մնայ ազգային միասնութեան եւ պետութեան անձեռնմխելի երաշխիք, եւ ոչ թէ արտաքին պարտադրանքներու, անձնական փառասիրութիւններու եւ քաղաքական շահարկումներու գործիք։
Ա.










