ՄԻՆՍԱՐ
Ամէն անգամ, երբ մեր յունահայ, բայց ինչո՞ւ չէ, նաեւ աշխարհացրիւ մեր միւս հայ գաղութներուն մէջ ալ գործող Միութեան կամ Կազմակերպութեան մը, տարեկան «մեծ» պարահանդէսին կամ նուագահանդէսին թուականը կը մօտենայ, տրուած յայտարարութեան մէջ սովորաբար կը կարդանք, ան ալ՝ խոշոր-խոշոր տառերով գրուած ու մասնաւորապէս շեշտուած՝ «Ազգային եւ աւանդական երգերու փառահեղ երեկոյ», նշումը:
Մեր հայրենակիցները կու գան, լուրջ դէմքերով կը նստին, առաջին կէս ժամը սրտառուչ կը լսեն, Կոմիտաս կամ հայրենասիրական ու ժողովրդային երգեր ու եղանակներ, բայց հազիւ որ կէսգիշերը անցնի, գինիին բաժակները պարպուին ու գլուխներն ալ քիչ մը տաքնալ սկսին, այդ նոյն «ազգային» հաւաքոյթը, զարմանալիօրէն կը վերածուի… յունական «պուզուքիա»ի եւ կամ ալ… միջին արեւելեան պորտապար երեկոյի…:
Ու ճիշդ հո՛ս է սիրելի հայրենակիցներս, ուր մենք կ՚անդրադառնանք, որ մեր խե՜ղճ հայ երգն ալ, մեր թշուա՜ռ հայ լեզուին նման, ինք եւս՝ «կէս կատար» ճամբայ մը բռնել սկսած է…:
Ուրեմն ինչո՞ւ հայ երգը կը կորսուի Սփիւռքի մէջ…
Եկէք անգամ մը եւս ծուռ նստինք, բայց շիտակ խօսինք…
ա.- *«Ռապիզ»ի յաղթանակը որակի վրայ…
Մեր այսօրուայ հայ երիտասարդութեան, բաւական նկատելի թիւի մը համար, «հայկական երգ» կը նշանակէ այն, ինչ որ կը հնչէ հարսանիքներու ընթացքին, կլկլան ձայներով, սրինգի կամ տուտուկի ողբագին ճիչերով ու անվերջանալի «տաշի-տուշի»-ներով:
Կոմիտասի պարզութիւնը, աննման Սայեաթ Նովայի խորութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր հին գուսանական երգերը, մնացած են դպրոցական դասագիրքերու էջերուն մէջ:
Երբ որակաւոր հայ երաժշտութիւնը փոխարինուիլ սկսի «անորակ» ու «հասարակ» արտադրութիւններով, ինքնաբերաբար՝ մեր երիտասարդներն ալ, պիտի սկսին նախընտրել օտարին «որակեալ» «pop»-ը կամ՝ «rock»-ը:
բ.- Ծնողական *«Playlist»-ի օտարացումը…
Երեխայ մը, իր երաժշտական ճաշակը կը ձեւաւորէ սովորաբար իր տունին մէջ, ինչպէս նաեւ իր հօր կամ մօր ինքնաշարժին մէջ: Եթէ դպրոց երթալու այդ 15-էն — 30 վայրկեաններուն ընթացքին, փոքրիկը ձայնասփիւռէն միայն տեղական կան ուրիշ օտար երգեր կը լսէ, ուրեմն ինքը ինչպէ՞ս պիտի սիրէ եւ փնտռէ հայ երգը:
Հայ երգն ու երաժշտութիւնը, իրեն համար պիտի դառնան խորթ եւ օտար, ինչպէս նաեւ իր ականջներուն, բնականաբար պիտի սկսին լսուիլ, որպէս «տարեցներու միութեան», կամ «սգահանդէսներու» ընթացքին միայն լսուող, ձանձրանալի երաժշտութեան մը նման:
գ.- Կաղապարուած երգչախումբեր…
Բարեբախտաբար, որոշ գաղութներու մէջ, տակաւին հայկական երգչախումբեր կան:
Եւ այս երեւոյթը, իրաւ որ չափազանց գովելի է:
Բայց երբ դուն 16-20 տարեկան հայ պատանիի մը կը ստիպես, որ հարիւր տարիէն աւելի հնութիւն ունեցող, քառաձայն ու «ծանր» աւանդական երգեր միայն երգէ եւ ան ալ՝ առանց որ անոնց որեւէ արդիական երաժշտական գործիքաւորում աւելցնելու, պատանին կը յոգնի ու կը ձգէ անդին կերթայ:
Մենք չենք կրնար, (խորքին մէջ իրաւունք ալ չունինք), 21-րդ դարուն ապրող հայ երիտասարդին ստիպել, որ 19-րդ դարու երաժշտական *«rhythm»6երով ապրի:
դ.- Ո՞ւր է մեր *«Spotify»-ը…
Այսօր երգը կը գտնուի մեր ափերուն մէջ, մեր բջիջային հեռաձայններուն մէջ: Եթէ ժամանակակից՝ նոր հայկական երգեր գոյութիւն չունին, «Spotify»ի, «Apple Music»6ի կամ «Tik Tok»-ի մէջ, ուրեմն անոնք գոյութիւն չունին, նա՛եւ մեր պատանիներուն մէջ:
Դժբախտաբար՝ մենք տակաւին չունինք Սփիւռքահայ մեր երիտասարդութեան ճաշակին համապատասխանող երաժշտական արդի հայկական արտադրութիւններ:
Ի՞նչ կրնանք ընել ուրեմն, լարերը փոխելու համար:
Հայ երգը, հայ երաժշտութիւնը պահելը՝ «Հայաստան, երկիր դրախտավայր» պոռալը չէ՛ միայն:
Հայ երգն ու երաժշտութիւնը պահելը, հայկական եղանակը ժամանակակից «beat»-ներով, (երաժշտական չափը, հարվածը) կամ «takt»-ը, (երաժշտութեան մէջ բառ կամ չափ), հարստացնելն է:
Այսինքն ինչո՞ւ մենք ալ չունենանք, (ինչպէս կ՚ըսէ բարեկամս Փանոսն ալ), հայկական «որակաւոր ճազ», հայկական «ալթերնաթիւ», (երկու կամ աւելի տարբերակներու միջեւ ընտրութեան հնարաւորութիւն), կամ ինչու չէ, նոյնիսկ հայկական «ռաբ»…:
Եթէ մենք կ՚ուզենք, որ մեր զաւակները հայերէն երգէն, պէտք է այնպէս մը ընենք, որ հայ երգը հնչէ սիրուն, արդի եւ հպարտ եւ ոչ թէ միայն… յուշերու կարօտով…:
Նաեւ հոս պէտք է, որ մենք մեզի մեծ հարցական մըն ալ տանք…
Մեր կարծիքով, Սփիւռքի մեր հայ երաժիշտները ու արուեստագէտները, ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմեն, որպէսզի հայ երգը սկսի գրաւիչ դառնալ մեր հայ պատանիներուն եւ երիտասարդներուն համար…:
Լայնամտութեամբ պատրաստ եմ եղած որեւէ նոր ու շինիչ առաջարկի շուրջ զրուցելու…:
* * *
Օտար բառերու բացատրութիւն
*«Ռապիզ» — հայկական ժամանակակից հանրամատչելի երաժշտութեան առանձնայատուկ ոճ, որ իր երաժշտական ուղղութիւնը ձևաւորած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 1960-1980-ական թուականներուն։
*«Playlist» — երգացանկ:
*«Rhythm» — բառը հայերենով կը նշանակէ եղանակ ունեցող կամ որոշ եղանակի մը համաձայն ընթացող երեւոյթ։ Ան յառաջ եկած է օտարալեզու «ռիթմ» (rhythm) բառէն եւ նայած իր գործածութեան, կրնայ ունենալ մէկէ աւելի տարբեր իմաստներ:
*«Spotify» — աշխարհի ամենատարածուած երաժշտական սթրիմինգային, (առցանց հեռարձակման) հարթակն է։ Թոյլ կու տայ իրեն օգտագործողներուն, համացանցի միջոցով եւ օրինական ձեւով լսել միլիոնաւոր երգեր, ինչպէս նաեւ դիտել անթիւ տեսանիւթեր:
minsar55@gmail.com










