Վկայութիւններ Զմիւռնիոյ եւ Թրակիոյ ողբերգութիւններէն
ԱՐԱ ՄԱՆԿՈՅԵԱՆ
20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկան՝ Էռնեստ Հեմինկուէյ (Ernest Hemingway), ծանօթ է իր գրական պարզ, սակայն ազդեցիկ ոճով, պատերազմական թղթակցութիւններով եւ մարդկային տառապանքի խոր պատկերացումներով։ Անոր հռչակաւոր գլուխգործոցները, ինչպիսին են «Ծերունին ու ծովը» (The Old Man and the Sea), «Հրաժեշտ զէնքերուն» (A Farewell to Arms), «Որո՞ւն համար կը ղօղանջեն զանգերը» (For Whom the Bell Tolls), «Արեւը նոյնպէս կը ծագի» (The Sun Also Rises) եւ «Ունենալ ու չունենալ» (To Have and Have Not), կերտած են անոր համաշխարհային համբաւը։
Հեմինկուէյ իր գրական անգերազանցելի վաստակին համար արժանացած է աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր մրցանակներուն։ Այսպէս՝ 1953-ին ստացած է Փուլիծերեան մրցանակը (Pulitzer Prize), իսկ 1954-ին՝ Գրականութեան Նոպէլեան մրցանակը (Nobel Prize in Literature)՝ յատկապէս պատմելու իր վարպետութեան եւ արդի գրելաոճին վրայ ձգած խոր ազդեցութեան համար։ Իր գրական յաջողութիւններէն առաջ, Առաջին Համաշխարհային պատերազմին՝ Իտալիոյ ճակատին վրայ ցուցաբերած քաջութեան համար, ան արժանացած էր նաեւ Իտալիոյ կառավարութեան Զինուորական Քաջութեան արծաթէ մետալին։
Նուազ ծանօթ է սակայն, թէ անոր գրական ու լրագրական սկզբնական շրջանի գործերուն մէջ իրենց խոր հետքը ձգած են 1920-ական թուականներու Փոքր Ասիոյ եւ Թրակիոյ ողբերգական դէպքերը, Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդած տեղահանութիւնները եւ Իզմիրի (Զմիւռնիոյ) աղէտը։
Այսպէս՝ 1922-ի աշնան, որպէս գանատական «Toronto Daily Star» թերթի պատերազմական թղթակից, 23-ամեայ Հեմինկուէյ Կոստանդնուպոլիս եւ Արեւելեան Թրակիա կը ժամանէ՝ լուսարձակի տակ առնելու Յունա-թրքական պատերազմի աւարտն ու Օսմանեան կայսրութեան վերջնական փլուզումը։
Տարածաշրջան հասնելով Զմիւռնիոյ ողբերգական հրդեհէն եւ քրիստոնեայ ազգաբնակչութեան ջարդերէն անմիջապէս ետք՝ Հեմինկուէյ ականատես կը դառնայ հարիւր հազարաւոր հայ եւ յոյն գաղթականներու դաժան տեղահանութեան։
Խորապէս ազդուած տեսածներէն՝ իր թղթակցութիւններուն մէջ կ՚անդրադառնայ դարաւոր հալածանքներուն ու դարերու խորքէն եկող ցեղային տագնապին, որուն ենթարկուած էին քրիստոնեայ ժողովուրդները։ Ինչպէս ինք կը գրէր.
«Ու ահա՛ այսպէս կ՚ընթանան։ Իրենց ետին ունենալով հազարամեայ ջարդերու պատմութիւն մը՝ դժուար է որ ազգային-ցեղային վախը փարատի, անկախ անկէ, թէ ո՛վ է խոստումներ տուողը։»
(«So they go. With a history of a thousand years of massacre behind them, it is hard for the racial fear to be quieted, no matter who makes the promises.»)
Այս տողերը ցայտուն կերպով ցոյց կու տային, թէ Հեմինկուէյ լաւապէս ըմբռնած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներուն եւ Փոքր Ասիոյ քրիստոնեաներուն ծանր հոգեվիճակը եւ մշտական սարսափը՝ թրքական ուժերու ժամանման նախօրեակին։
18 Հոկտեմբեր 1922-ին գրուած «Կոստանդնուպոլիս. կեղտոտ ճերմակ, ոչ թէ փայլուն ու առեղծուածային» թղթակցութեան մէջ Հեմինկուէյ կը փշրէ «Արեւելքի» մասին արեւմտեան ռոմանթիք պատկերացումները՝ Կոստանդնուպոլիսը նկարագրելով ոչ իբրեւ հրաշագեղ ու հմայիչ քաղաք մը, այլ՝ մերկ իրապաշտութեամբ.
«Կոստանդնուպոլիսը նման չէ ժապաւէններուն։ Նման չէ նկարներուն, գեղանկարներուն կամ որեւէ այլ բանի… Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ճերմակ երեւցող ամէն ինչ կեղտոտ ճերմակ է։ Երբ կը տեսնէք, թէ ճերմակ շապիկը ինչ գոյն կ՚առնէ տասներկու ժամուան մէջ, այն ատեն կ՚անդրադառնաք, թէ ճերմակ մինարէն ինչ գոյն կը ստանայ չորս հարիւր տարուան ընթացքին։»
(«Constantinople doesn’t look like the movies. It does not look like the pictures, or the paintings, or anything… Everything white in Constantinople is dirty white. When you see the color a white shirt gets in twelve hours, you appreciate the color a white minaret gets in four hundred years.»)
Մեծահռչակ հեղինակը խիստ բառերով կը նկարագրէ փողոցներու կեղտը, լարուածութիւնը, ցեխի ու ձիու աղբի հոտը՝ ներկայացնելով Դաշնակիցներու գրաւման տակ գտնուող եւ քաոսային փոփոխութիւններու շեմին կանգնած քաղաքի անշուք պատկերը։
«Սպանդի մը ակնկալութեամբ. Կոստանդնուպոլսոյ մարդասպանները առիթի կը սպասեն» («Waiting for an Orgy: Constantinople Cut-Throats Await Chance for an Orgy», 19 Հոկտեմբեր 1922) տեղեկագրութեան մէջ Հեմինկուէյ կը ներկայացնէ Կոստանդնուպոլսոյ լարուած ու այլանդակ մթնոլորտը, երբ տեղական բնակչութիւնը կը սպասէր տեսնելու, թէ արդեօք Դաշնակիցներու եւ թրքական կողմի բանակցութիւնները լայնածաւալ պատերազմի պիտի վերածուի՞ն։ Այս մթնոլորտին մէջ, ան բաղդատեց փողոցներու տագնապալի տեսարանները գիշերային խորհրդաւոր կեանքին հետ՝ հակադրելով մուէզինի աղօթքի կանչն ու գիշերային ժամանցի վայրերուն մէջ արձագանգող հարբածներու քրքիջը։
Այս շարքի ամէնէն ազդեցիկ գործը ընդհանրապէս կը նկատուի «Լուռ, ահռելի տողանցք մը» / «Փախստականներ Թրակիայէն» («A Silent, Ghastly Procession» / «Refugees from Thrace») թղթակցութիւնը (The Toronto Daily Star, 20 Հոկտեմբեր 1922)։ Ճամբորդելով դէպի Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ) եւ Գարաաղաչ՝ Հեմինկուէյ ականատես եղաւ տեղատարափ անձրեւին տակ Արեւելեան Թրակիայէն փախչող աւելի քան 250.000 քրիստոնեայ փախստականներու (յոյներու եւ հայերու) զանգուածային տեղահանութեան։
Իբրեւ ականատես՝ ան նկարագրեց եզներով ու գոմէշներով քաշուող սայլերու 20 մղոննոց շարքը, որոնք կը տանէին փախստականներու ամբողջ կայքը՝ վերմակներ, կարի մեքենաներ եւ ընտանի անասուններ։ Մարդկային տառապանքի նկարագրութեան շարքին, ան ցնցող ճշգրտութեամբ պատմեց մարդու մը մասին, որ բաց սայլի մը մէջ ծածկոցը պարզած էր ծննդաբերող իր կնոջ վրայ, մինչդեռ քովը անոր սարսափահար փոքրիկ աղջիկ զաւակը կու լար։ Այս պատկերը տարիներ շարունակ հետապնդեց զինք եւ հետագային տեղ գտաւ 1925-ի «Մեր օրերուն» (In Our Time) հաւաքածոյին մէջ.
«Ամուսինը սայլերէն մէկուն մէջ ծննդաբերող կնոջ վրայ վերմակ մը կը փռէ, որպէսզի զայն տեղատարափ անձրեւէն պաշտպանէ։ Ան միակ ձայն հանողն է։ Անոր փոքրիկ աղջիկը սարսափով իրեն կը նայի ու կու լայ։ Իսկ շարասիւնը կը շարունակէ իր ընթացքը։»
(«A husband spreads a blanket over a woman in labor in one of the carts to keep off the driving rain. She is the only person making a sound. Her little daughter looks at her in horror and begins to cry. And the procession keeps moving.»)
Միեւնոյն ատեն, «Բրիտանացիները կրնան փրկել Կոստանդնուպոլիսը» եւ քաղաքական միւս թղթակցութիւններուն մէջ (30 Սեպտեմբեր – Հոկտեմբեր 1922), Հեմինկուէյ ներկայացուց Չանաքքալէի շուրջ տեղի ունեցող ռազմական շարժումները եւ Մուդանյայի զինադադարի բանակցութիւնները։ Անոնց հիման վրայ վերլուծեց զօրավար Սըր Չարլզ Հարինկթընի (Sir Charles Harington) եւ թրքական ազգայնական հրամանատարներու միջեւ ընթացող բարձր մակարդակի դիւանագիտութիւնը։
Անկեղծ ու խիստ գնահատականներ տուաւ ռազմական հրամանատարներուն եւ քաղաքական առաջնորդներուն՝ նշելով տարածաշրջանը գրաւած Դաշնակից ուժերու միջեւ առկայ շփոթն ու պառակտումը։
Այս թղթակցութիւններուն գրական ազդեցութիւնը վճռորոշ եղաւ Հեմինկուէյի՝ իբրեւ գրողի կազմաւորման գործին մէջ։ Հեռագրով լուրեր ուղարկելու բարձր գիները եւ թերթերու սահմանափակ էջերը ծայր աստիճան խնայողութիւն կը պահանջէին։ Հեմինկուէյ ստիպուած էր վայրկեանական ճշգրտութեամբ հասցնել տեղեկութիւնները՝ հրաժարելով զարդարուն նկարագրութիւններէ։
Թէեւ Հեմինկուէյ Զմիւռնիա չհասաւ բուն հրդեհի պահուն (Սեպտեմբեր 1922), ան հարցազրոյցներ ունեցաւ փրկուած փախստականներու, նաւաստիներու եւ նաւամատոյցներուն վրայ ներկայ գտնուած բրիտանացի սպաներու հետ։
Գոռացող բազմութիւններու եւ մահացած նորածիններէն բաժնուիլ չուզող մայրերու մասին անոնց սարսափազդու պատմութիւնները այնքան խոր ազդեցութիւն ձգեցին իր վրայ, որ ան հետագային խոստովանեցաւ.
«Չէի կրնար մոռնալ Իզմիրի նաւահանգիստը։ Ջուրին մէջ եղածը ամէնէն սարսափելի մասն էր… Ատիկա կեանքիս մէջ միակ անգամն էր, որ որեւէ բանի մասին մղձաւանջ տեսայ։»
(“I could not forget the harbor at Smyrna. What was in the water was the most dreadful part of it… That was the only time in my life I ever dreamed about anything.”)
Այս ապրումները վերածուեցան իր դասական դարձած պատմուածքին՝ «Զմիւռնիոյ նաւամատոյցին վրայ» (On the Quai at Smyrna), որ իբրեւ գրական մանրանկար տեղ գտաւ 1925-ին հրատարակուած «Մեր օրերուն» (In Our Time) հաւաքածոյին մէջ։
Պատմուածքին մէջ ան ճշգրիտ կերպով ու պարզութեամբ կը նկարագրէ ծովեզերքին խճողուած, փրկութեան սպասող հայ եւ յոյն փախստականներու ողբերգութիւնը, մայրերու ողբն ու կէսգիշերային աղաղակները։ Հեմինկուէյի այս գործը ոչ միայն գրական պատառիկ մըն է, այլեւ՝ Փոքր Ասիոյ հայութեան եւ հելլէնականութեան վերջնական բնաջնջումն ու տեղահանութիւնը դրոշմող ցնցող վկայագիր մը։
Հայ եւ յոյն ընթերցողին համար, Հեմինկուէյի վկայութիւնները ունին յատուկ նշանակութիւն։ Ան չգրեց քաղաքական կամ տեսական վերլուծումներ, այլ՝ որպէս անաչառ դիտորդ, արձանագրեց մարդկային աղէտը իր ամբողջ դաժանութեամբ։
Իր անօղոք, սակայն առարկայական գրիչով, ան աշխարհին ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջին շրջանի արիւնալի իրականութիւնն ու իրականացուած ազգային զտման (ethnic cleansing) դաժան պատկերը՝ ինք եւս դառնալով թշուառ զոհերու ճչացող մէկ ձայնը եւ յաւերժացնելով անոնց ողբերգութիւնն ու անսահման տառապանքը։










