ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

0
27

Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­ւէ­րին, ­­Գո­քի­նիոյ Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­­Պա­րէտ Քհնյ. ­­Խա­չե­րեան եւ ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ պրն. ­­Կար­պիս ­­Կոր­կո­տեան, ­­Չո­րեք­շաբ­թի, 28 ­­Հոկ­տեմ­բեր 2026­-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։00-ին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Օ­սիա Ք­սէ­նի» հրա­պա­րա­կը, ուր տեղ­ւոյն յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նի հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, օ­րո­ւան պատ­գա­մի փո­խան­ցու­մը ա­պա դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը։
­­Յա­նուն Ս. ­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ, պրն. ­­Կոր­կո­տեան զե­տե­ղեց դափ­նեպ­սա­կը։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան ու սկաու­տա­կան տո­ղանց­քը, ո­րուն մաս կազ­մեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։
Ա­ւար­տին հո­գե­ւոր հո­վիւն ու ­­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դա­մը մեկ­նե­ցան «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ սկաուտ­նե­րու դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Տ. ­­Պա­րէտ ­­Քա­հա­նայ, խօսք առ­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ սկաու­տա­կան կազ­մի պա­տո­ւա­բեր տո­ղանց­քը եւ ա­նոնց մաղ­թեց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն ու յա­ջո­ղու­թիւն։

Թղ­թա­կից