Այսու կը ծանուցանենք մեր սիրելի ժողովուրդին, թէ Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր, 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ պատարագ Տիտիմոթիքոյի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։
Պիտի պատարագէ, յաւուր պատշաճի քարոզէ
եւ մատաղօրհնութիւնը կատարէ
Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան
Առաջնորդ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Այս ուրախ առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու եկեղեցւոյս հոգեպարար տօնախմբութեան եւ տոգորուելու մեծ Սուրբի խորհուրդէն։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ










