Թեսաղոնիկէի հայ համայնքը հոգեւոր խոր ապրումներով եւ հաւատքի ջերմ մթնոլորտով նշեց Սուրբ Յարութեան տօնին նախորդող եւ յաջորդող սրբազան օրերը՝ սկսելով Ծաղկազարդի տօնակատարութենէն։
Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւորապէս մատուցուեցաւ Ծաղկազարդի Սուրբ Պատարագը՝ հաւատացեալ ժողովուրդի հոծ ներկայութեամբ։ Նշմարելի էր յատկապէս մանուկներու եւ երեխաներու մեծ թիւը՝ նկատի ունենալով, որ Ծաղկազարդի տօնը նուիրուած է անոնց։ Պատարագի ընթացքին, Հայր սուրբը փոխանցեց օրուան քարոզը՝ լուսաբանելով տօնին խորհուրդը եւ անոր հոգեւոր պատգամը։ Այս առիթով, եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած նուէրներ բաշխուեցան մանուկներուն՝ աւելի պայծառացնելով տօնական մթնոլորտը։ Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Հայր սուրբը քարոզին ընդմէջէն հաւատացեալներուն ուղղեց հոգեւոր խրատներ եւ խորհրդածական պատգամներ՝ հրաւիրելով զանոնք խորացնելու իրենց հաւատքը եւ աւելի գիտակցաբար ապրելու քրիստոնէական կեանքը։
Աւագ Երեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Տասն Կուսանաց»-ի երեկոյեան ժամերգութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Թեսաղոնիկէի միօրեայ դպրոցի աշակերտուհիները։ Ժամերգութեան աւարտին, Հայր sուրբը փոխանցեց օրուան խորհուրդին նուիրուած իր հոգեւոր խօսքը՝ ընդգծելով պատրաստակամութեան եւ արթնութեան կենսական կարեւորութիւնը քրիստոնէական կեանքին մէջ։
Աւագ Հինգշաբթի առաւօտեան, մատուցուեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան հանդիսաւոր Պատարագը: Այս առիթով, հաւատացեալները կանուխ ժամերէն համախմբուեցան եկեղեցւոյ մէջ՝ հաղորդուելու եւ մասնակցելու այս խորախորհուրդ արարողութեան։
Կէսօրէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան hօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Ոտնլուայի արարողութիւնը, որուն աւարտին Սրբազանը իր հայրական պատգամը ուղղեց ներկաներուն եւ խորհրդանշական տասներկու աշակերտներուն՝ ընդգծելով խոնարհութեան, ծառայութեան եւ սիրոյ ոգին իբրեւ քրիստոնէական կեանքի հիմնասիւներ, եւ հրաւիրելով հաւատացեալները՝ այս արժէքները գործնականօրէն կեանքի կոչելու իրենց առօրեային մէջ։
Նոյն օրը գիշերը՝ ժամը 8:30-ին, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, Հայր սուրբին եւ սարկաւագներուն մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «Խաւարման կարգ»-ը, որուն ընթացքին, երգուող շարականներէն առանձնակի տպաւորիչ էր «Ո՞ւր ես Մայր իմ» շարականը՝ Սրբազան հօր կատարողութեամբ։ Ապա Առաջնորդը փոխանցեց իր հայրական պատգամը՝ անդրադառնալով Քրիստոսի չարչարանքներուն խոր իմաստին եւ հաւատացեալները առաջնորդելով ներքին խորհրդածութեան եւ հոգեւոր արթնութեան։ Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Խաչի Քո Քրիստոս» հոգեցունց շարականով։
Աւագ Ուրբաթ, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը զբաղեցաւ Քրիստոսի խորհրդանշական Գերեզմանի զարդարանքով։ Երեկոյեան ժամը 7:30-ին, կատարուեցաւ «Կարգ Թաղման», նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր։ Արարողութենէն ետք, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր թափօրը, որուն ընթացքին եղաւ նաեւ հանդիպում եւ ողջագուրում Յունաց եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ։ Սրբազանը հոս եւս փոխանցեց իր հայրական խօսքը՝ ընդգծելով Քրիստոսի զոհաբերական սիրոյ խորհուրդը եւ անոր կոչը՝ մարդուն կեանքին մէջ վերանորոգում եւ հաւատքի ամրապնդում բերելու։
Աւագ Շաբթուան երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Սուրբ Յարութեան Ճրագալոյցի ժամերգութիւնը, որմէ ետք մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագը՝ շրջանիս հոգեւոր հովիւին կողմէ։ Իր քարոզին մէջ, ան փոխանցեց ազգային եւ հոգեւոր խոր ապրումներ՝ շեշտելով Յարութեան պատգամին կենսական նշանակութիւնը։ Ս. Պատարագի աւարտին, պատարագիչ հոգեւոր հովիւը Սուրբ Խորանէն Քրիստոսի լոյսը փոխանցեց հաւատացեալներուն, մինչ սարկաւագները միաբերան հնչեցուցին «Այսօր Յարեաւ ի Մեռելոց» շարականը՝ ստեղծելով խորապէս յուզիչ եւ միաժամանակ տօնական մթնոլորտ։
Ս. Զատկուան Պատարագը մատուցուեցաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, որուն ընթացքին հաւատացեալները համախմբուած փառաբանեցին մեր Տիրոջ հրաշափառ Յարութիւնը՝ լեցուած հաւատքով, յոյսով եւ սիրով։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց
օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի
ԹՂԹԱԿԻՑ









