Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու կը հաղորդենք, թէ Ուրբաթ 20 Մարտ 2026-ին, թեմիս մեր եկեղեցիներուն մէջ, Մեծ Պահոց Խաղաղական ու Հանգստեան ժամերգութեանց ընթացքին, պիտի կատարուի Սրբոց Քառասնից Մանկանց նահատակութեան յիշատակի նախատօնակի յատուկ արարողութիւնը։
Ուստի կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, մասնակից դառնալու արարողութեան ու ըմբոշխնելու օրուան խորհուրդը։
Կրօնական Ժողով










