­Տա­րե­մու­տի ա­ւան­դա­կան կար­կան­դա­կի ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, «Ար­մե­նի­քա» յու­նա­լե­զու պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց նմա­նօ­րի­նակ հա­ւաք մը, պա­տո­ւե­լու հա­մար պար­բե­րա­կա­նի գոր­ծա­կից­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը։
Այս­պէս, ­Շա­բաթ, 31 ­Յու­նո­ւար 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բին մէջ, ներ­կա­նե­րու կո­կիկ մաս­նակ­ցու­թեամբ, ա­ռիթ ե­ղաւ կա­տա­րե­լու պար­բե­րա­թեր­թի միա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ար­ժե­ւո­րու­մը եւ ար­տա­յայ­տո­ւե­լու նոր տա­րո­ւան ծրա­գիր­նե­րու մա­սին։
Ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րեց տիկ. ­Նէլ­լի ­Վար­ժա­պե­տեան, որ լու­սանց­քի տակ ա­ռաւ պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան ըն­թաց­քը, մաս­նա­ւոր զարկ տա­լով հրա­տա­րակ­չա­կան գոր­ծու­նէու­թեան վրայ, որ զգա­լի ա­ճում ար­ձա­նագ­րեց անց­նող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։
Ու­րա­խու­թեամբ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ գրա­դա­րա­նի հա­րուստ հա­ւա­քա­ծո­յի ընդ­լայ­ման մա­սին, զա­նա­զան նո­ւէր­նե­րու եւ անձ­նա­կան գրա­դա­րան­նե­րու տրա­մադ­րու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ «­Յու­շա­մա­տեան» հաս­տա­տու­թեան հետ գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման։ ­Խօ­սո­ղը նաեւ հա­կիրճ նշում­ներ կա­տա­րեց մօտ ա­պա­գա­յին հա­մար նա­խա­ձեռ­նո­ւած ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ար­դէն ըն­թաց­քի մէջ կը գտնո­ւին։
Ա­մա­նօ­րեան կար­կան­դա­կի հա­տու­մը միաս­նա­բար կա­տա­րե­ցին տիկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Գո­լա­նեան եւ Ա­սո­րի­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ պրն ­Քի­րիա­քոս ­Պա­ցա­րաս, որ իր կար­գին եւս մաղ­թանք­նե­րով ե­լոյթ ու­նե­ցաւ։
­Յատ­կան­շա­կան էր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը, ուր ե­լոյթ ու­նե­ցան հա­յազ­գի ա­րո­ւես­տա­գէտ ­Լեւ­թե­րիս ­Խա­վու­ծաս եւ տիկ. Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, մեկ­նա­բա­նե­լով հայ ար­դի յօ­րի­նող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը եւ ջեր­մաց­նե­լով ե­րե­կո­յի բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տը։
­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ մտեր­միկ զրոյց պար­բե­րա­թեր­թի ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ։
Ն­շենք նաեւ, որ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի 2026-ի ա­ռա­ջին թի­ւը ար­դէն լոյս տե­սած է եւ մօտ օ­րէն պի­տի յանձ­նո­ւի բա­ժա­նորդ­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան։

ԹՂԹԱԿԻՑ