Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ Փիրէայի նախակրթարաններու 10-րդ շրջանի կրթութեան խորհրդատուին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 23 Յունուար 2026-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Սարաճեան-Զաքարեան» սրահներուն մէջ, ծնողներու հոծ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ կրթական բնոյթով արդիւնաբեր երեկոյթ մը «Դպրոց-ընտանիք գործակցութիւն. վստահութեան կապեր կերտելով» նիւթով։
Նիւթը ներկայացուց Փիրէայի նախակրթարաններու 10-րդ շրջանի կրթութեան խորհրդատու տիկին Իքու Խրիսանթի, որ մանկավարժական մօտեցումով եւ անմիջականութեամբ զարգացուց ընտանիքի եւ դպրոցական համայնքի գործակցութեան վերաբերող հարցեր։
Իր ելոյթին ընթացքին, խորհրդատուն ընդգծեց երեխաները նախաձեռնութիւններ ստանձնելու եւ իրենց անկախութիւնը մշակելու համար հնարաւորութիւններ տրամադրելու կարեւորութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, ան շեշտեց, որ ծնողները կը հրաւիրուին հաստատ սահման դնել եւ երեխաներու առողջ ընկերային ու զգացական զարգացումը խրախուսել։
Մասնաւորապէս, նշուեցաւ երեխաներուն հասկցնել անոնց դերը ընտանիքին մէջ, ինչպէս նաեւ մեծերուն հետ յարգանքի եւ գործակցութեան յարաբերութիւններ մշակելու կարեւորութիւնը։
Զուգահեռաբար, մատնանշեց, որ դպրոցական լարուածութիւններու կամ դէպքերու պարագային, ծնողը պէտք չէ միջամտէ կամ անվերապահօրէն պաշտպանէ իր զաւակը, ո՛չ ալ պէտք է հակադրութեան մէջ մտնէ ուրիշ երեխաներու կամ ծնողներու հետ, այլ պէտք է ձգէ, որ երեխան ի՛նք կարողանայ հարթել ամենօրեայ փոքր դժուարութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ բախումներ եւ թիւրիմացութիւններ, որպէս ընկերացման անհրաժեշտ փուլ մը, միշտ իրենց շրջահայեաց եւ աջակցող առաջնորդութեամբ։
Խորհուրդ տուաւ մանկավարժներուն հետ հեզասահօրէն գործակցիլ, որովհետեւ անոնք պատշաճ պատրաստուած են նման հարցեր լուծելու համար։
Երեկոն աւարտեցաւ ծնողներուն եւ դպրոցի մանկավարժներուն միջեւ եզրափակիչ քննարկումով ու փորձառութեան փոխանակումով, հաստատելով երեխաներուն օգուտին համար ընտանիքի եւ դպրոցի միջեւ արդիւնաւէտ երկխօսութեան ու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Հայկանուշ Մինասեան Հ.Կ.Խ.
«Զաւարեան» ազգային
վարժարանի տնօրէնուհի










