Եր­կու­շաբ­թի, 26 ­Յու­նուար 2026-ին, նա­խա­պէս ճշդուած ժա­մադ­րու­թեամբ, պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տրո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ ­Նի­քի­թաս ­Գաք­լա­մա­նի­սին, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի շէն­քէն ներս։
­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը գլխա­ւո­րէր ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան եւ ա­տե­նադ­պիր ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Ա­լիս ­Ֆու­րուն­ճեան։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­ցին խորհրդա­րա­նի նա­խա­գա­հին ­Նոր ­Տա­րո­ւան ա­ռի­թով եւ բե­ղուն ու ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տանք մաղ­թե­ցին իր շա­րու­նա­կո­ւող ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու, ինչ­պէս եւ հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման ու­ղի­նե­րուն շուրջ։ ­Խօսք ե­ղաւ նաեւ յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րու մա­սին։
Պրն. ­Գաք­լա­մա­նիս իր խոր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց հայ գա­ղու­թին հետ եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սեղմ ու սերտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռու­մով, շեշ­տե­լով, թէ ինք հաս­տատ կողմ­նա­կից ու ջա­տա­գո­վը կը մնայ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը յու­զող բո­լոր հար­ցե­րուն առն­չու­թեամբ։

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ