Լեւոն Տիլզսիզեանի հեղինակած մեծածաւալ հատորի պաշտօնական ներկայացումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Ալեքսանտրուպոլսոյ մարզպետութեան հանդիսասրահին մէջ։ Աւելի քան 200 հայ եւ յոյն հանդիսատեսներ ներկայ եղան հանդիսութեան, որոնց կարգին մեծ թիւով հիւրեր եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։
Իրենց ներկայութեամբ ելոյթը պատուեցին Յունաստանի հայոց թեմական Առաջնորդ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազար Աւագեան եւ նախկին ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեան, Հ.Յ.Դ. տեղական կոմիտէի անդամներ, Թաղային խորհուրդը, յոյն բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ պաշտօնատարներ։
Ողջոյնի խօսքերու շարքին, իրենց գնահատանքը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան հայրը, յոյն մետրոպոլիտի ներկայացուցիչ հոգեւորականը, քաղաքապետը, նախկին մարզպետը, Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան, «Արմենիքա»-ի կողմէ Արաքսի Աբէլեան-Գոլանեան եւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Մարուքեան։
Գիրքի ներկայացումը հերթաբար կատարեցին Յունաստանի Ակադեմիոյ պատմական հետազօտութեան տնօրէնուհի Մարիա Սփիլիոթոփուլու, Թրակիոյ համալսարանի դասախօս Իաքովոս Աքցիօղլու եւ հատորի հեղինակ Լեւոն Տիլսիզեան։ Ելոյթի յայտագիրի համադրումը կատարեց լրագրող Քաթերինա Քալենտերիտի։
Խօսքերէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ մասնակցութեամբ շրջանի «Մեղեդի» երգչախումբին եւ խմբավարութեամբ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի։










