«Յուշագիրք Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ հայ գաղութներու», հեղինակ՝ Ասատուր Մակարեան, թարգմանութիւն՝ Սերգօ Աղապատեան, Թեսաղոնիկէ 2025
«Η Ιστορία των Αρμενικών Κοινοτήτων Θράκης και Μακεδονίας» (Βιβλίο Μνήμης), Ασαντούρ Μαγκαριάν, μετάφραση-ερμηνευτικά σχολια: Οχανές-Σαρκίς Αγαμπατιάν, Εκδόσεις Κ&Μ Σταμούλη, Θεσσαλονίκη 2025
ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
Յունահայ գաղութի պատմութեան կարեւոր հանգրուանները ու մանաւանդ անոր սկզբնական շրջանին հետ կապ ունեցող ժամանագրական պատմական արձանագրութիւնները տակաւին կը պակսին մեր գաղութի մատենագրութենէն։ Եթէ պահ մը զանց առնենք առաջին տարիներու տեղական հայկական մամուլը ու անոր մէջ տեղ գտած նիւթերը, երկար տասնամեակներու վրայ գոյութիւն չունեցաւ պատմական արձանագրութիւններու խմբագրական աշխատանք ինչպէս նաեւ՝ գաղութի տարբեր ժամանակաշրջաններու ուսումնասիրութիւնը եւ անոնց մէջէն գիտական ու հետազօտական աշխատանքի արդիւնքը։
Վերջին տարիներուն, շնորհիւ շարք մը նախաձեռնութիւններու, գաղութի պատմութեան հետ առնչուած թիւ մը աշխատութիւններ կը ներկայացուին հանրութեան՝ յունարէն լեզուով, այսպէս՝ զանոնք աւելի մատչելի դառնձնելով հայ եւ յոյն հանրութեան միաժամանակ։
Անոնց մէջէն կը զանազուի վերնագիրին վրայ նշուած հատորը, որ ի տարբերութիւն արդի աշխատութիւններուն, 1929-ին Թեսաղոնիկէի մէջ Ասատուր Մակարեանին կողմէ հրատարակուած գիրքին թարգմանութիւնն է, որ բծախնդրութեամբ կատարեց ծանօթ թարգմանիչ եւ գիրքերու հեղինակ Սերգօ Աղապատեան։
Աւելի քան 500 էջերու մէջ, հեղինակին աշխատանքը կ՚ընդգրկէ պատմական, վիճակագրական եւ այդ օրերու համայնքային կեանքի ամբողջական ուսումնասիրութիւնը, որ կապ ունի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հայ կեանքին հետ։ Ծանօթ է, թէ Յունաստանի պատմական հոլովոյթներու զարգացումին մէջ, հիւսիսային Յունաստանի տարածքները մնացին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ մինչեւ 20-րդ դարու առաջին տասնամեակները, ուր ի տարբերութիւն երկրի հարաւային հատուածներուն, արդէն գոյութիւն ունէին կազմակերպուած համայնքներ, որոնք իրենց եկեղեցական, կրթական եւ հասարակական գործունէութեամբ աչքի զարնող հաւաքականութիւններ եղած են։
Ճիշդ այս ամբողջական պատկերը կը փորձէ պատմութեան էջերուն յանձնել Մակարեան, սկսելով հնամեայ դարերէն եւ մատնանշելով հայութեան տեղաշարժը այդ տարածքներուն վրայ, որ շարունակական հոսք մը ունեցաւ Բիւզանդական կայսրութեան տարիներէն, հասնելով մինչեւ վերջին դարաշրջանը։
Իր նախաբանին մէջ, Ասատուր Մակարեան կը յայտնէ, թէ իր ստուար աշխատութիւնը միտք ունէր մոռացութենէ փրկել ամբողջ տարածաշրջանի մը պատմութիւնը, տալով ոչ միայն անցեալի պատմական ժամանակաշրջանը, այլեւ 1929-ի տուեալներով, մանրամասնօրէն արձանագրած ըլլալով դէպքեր, դէմքեր եւ կառոյցներ։
Ան կարգով կը ներկայացնէ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ քաղաքներու բազմաթիւ հայկական համայնքները, որոնց համար յատուկ նշումներ կը կատարէ հոգեւոր սպասարկուներու, ղեկավար անձերու, կրթական մշակներու, վարչական նուիրեալներու եւ հանրային կեանքին մէջ դերակատարութիւն ունեցած բոլոր անձնաւորութիւններու կենսագրական գիծերուն եւ գործունէութեան ծաւալին մասին։ Անոնց կողքին, լայն տեղ կը տրուի իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ գործած հայկական հաստատութիւններու եւ միութիւններու պատմութեան, եկեղեցիներու եւ կրթական կեդրոններու գործին, քաղաքական կուսակցութիւններու կազմակերպութիւններուն, գաղթական կեանքի դիմագրաւման, ինչպէս նաեւ յոյն պետութեան աջակցութեան Թրակիոյ մէջ հաստատուած գաղթականներուն։ Բազմաթիւ խմբանկարներ եւ դէմքերու լուսանկարներ կցուած են զանազան գլուխներու վերլուծման մէջ։ Պատմական փաստերը, վիճակագրական հարուստ տուեալները, վերլուծութիւններն ու նկարագրականները կը կազմեն համապարփակ ներկայացման մը արդիւնքը։
Ասատուր Մակարեանի աշխատանքը, որ մինչեւ օրս հանրութեան առջեւ գրեթէ անծանօթ կը մնար, այսօրուան գիտական եւ ընթերցողներու լայն շրջանակներուն տրամադրութեան տակ կը դնէ կարեւոր ու ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը ամբողջական պատկերը։ Հատորի արդի հրատարակման աշխատանքը կը պարտինք թարգմանիչ Սերգօ Աղապատեանին, որ թարգմանական աշխատանքին մէջ ձեռք ձգած հսկայ փորձառութեամբ, յունարէն լեզուի գիտական եւ բանասիրական ծանօթութեամբ ու գործածութեամբ, կարողացաւ իր թարգմանական եւ գրական հատորներու երկար շարքին մէջ աւելցնել կարեւոր աշխատութիւն մը եւս։
Գիրքին ընթերցումը հաւասարապէս կը հետաքրքրէ գիտահետազօտական մարզի մասնագէտները եւ ընթերցողները։ Հատորը պէտք չէ պակսի մեր հայրենակիցներու գրադարաններէն, զայն կարդալու եւ ուսումնասիրելու մտադրութեամբ։ Հազուագիւտ աղբիւր մը, որ որպէս գիտական հում նիւթ կրնայ գործածուիլ պատմական ոլորտին հետ հետաքրքրուած մասնագէտներուն կողմէ։










