­Կա­րե­լի չէ գրու­թեան մը սեղմ սահ­մա­նին մէջ նկա­րագ­րել այն բո­լոր զգա­ցում­նե­րը, ապ­րում­ներն ու յու­զա­կան պա­հե­րը, որ հա­րիւ­րա­ւոր հայ­րե­նա­կից­ներ ապ­րե­ցան ­Շա­բաթ, 8 ­Նո­յեմ­բեր 2025-ի ե­րե­կո­յեան, երբ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին հասակ նետած մօտ 200 պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ հա­մա­տեղ՝ ապ­րե­ցու­ցին հայ պարն ու հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րու հարստու­թիւ­նը, հրամց­նե­լով ան­զու­գա­կան ու իր կար­գին բա­ցա­ռիկ հա­մոյթ մը։ ­Պա­րա­յին ե­լոյ­թը նո­ւի­րո­ւած էր «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բի 30-ա­մեա­կին, իսկ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, բե­մին վրայ ներ­կա­յա­ցան Ա­թէն­քի մէջ գոր­ծող ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Նա­յի­րի, ­Նա­նոր եւ ­Մա­րա­լօ պա­րա­խում­բե­րը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Մա­սիս եւ ­Կի­լի­կիա պա­րա­խում­բե­րը, իսկ հե­ռա­ւոր ­Գո­մո­թի­նիէն՝ ­Հայ մշա­կու­թա­յին միու­թեան Ու­րար­տու պա­րա­խում­բը։ Իւ­րա­յա­տուկ հա­մա­տե­ղում մըն էր, ո­րուն ար­դիւն­քը եւ ստեղ­ծած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եր­կար պի­տի խօ­սո­ւին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու զրոյց­նե­րուն ըն­թաց­քին։
­Թա­տե­րաս­րա­հը այ­լեւս փոքր կ­՚ե­րե­ւէր՝ ի տես հան­դի­սա­կան­նե­րու խուռ­նե­րամ ներ­կա­յու­թեան։ Ա­նոնց մէջ էին գա­ղու­թա­յին կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հայ­րե­նա­կից­ներ, ծնող­ներ, ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ ա­մէն տա­րի­քի հա­յոր­դի­ներ, ո­րոնք կա­նու­խէն ի­րենց տե­ղե­րը գրա­ւե­ցին ծա­փա­հա­րե­լու հա­մար մեր տղոց ներ­կա­յա­ցու­մը։ ­Հոս պէտք է նշել, թէ թիւ մը ծնող­ներ ու հայ­րե­նա­կից­ներ ժա­մա­նած էին ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ու ­Գո­մո­թի­նիէն, ո­րոնք վա­յե­լե­ցին մեր հա­յոր­դի­նե­րու պա­րա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ա­ռա­ջին կար­գին կա­րե­լի էր տես­նել ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նը, Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նը, հո­գե­ւոր դա­սը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեա­նը, Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նը, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ վար­չա­կան ան­դամ­նե­րը։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կան ընկ. Ա­նաս­թա­սիա ­Գու­յում­ճեան եւ ընկ. Անդ­րա­նիկ ­Շահ­պա­զեան, ո­րոնք հան­գա­մա­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձան ­Նա­յի­րի պա­րա­խում­բի 30 տա­րի­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան, որ տո­ւաւ պա­րող­նե­րու ան­հա­մար սե­րունդ­ներ եւ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ ներշն­չել հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ու վառ պա­հել հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը։
­Ներ­կա­յա­ցում­նե­րու մեկ­նար­կին, պաս­տա­ռին վրայ ցոյց տրո­ւե­ցաւ ­Նա­յի­րի պա­րա­խում­բի ե­րեք տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ եր­կա­րող ե­լոյթ­նե­րու եւ փոր­ձե­րու նկա­րա­հա­նում­նե­րու փունջ մը, ա­նոր ա­ռա­ջին պա­րու­սոյց ­Յով­հան­նէս ­Խա­չի­կեա­նը, պա­րե­րու ու­սու­ցու­մը եւ ե­րի­տա­սա­դա­կան խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։ Ամ­բողջ տե­սա­նիւ­թը ոչ միայն յու­զու­մի, այ­լեւ բերկ­րան­քի շա­րան մը էր, որ շա­տե­րուն ճամ­բոր­դեց դէ­պի ան­ցեա­լի օ­րե­րը, ո­մանք վեր­յի­շե­լով նաեւ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւնն ու ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դը։ Երկ­րորդ մա­սի սկիզ­բին, տար­բեր տե­սա­նիւ­թով մը ներ­կա­նե­րը ի­րենց յի­շո­ղու­թեան մէջ թար­մա­ցու­ցին տե­սա­րան­ներ «Ա­նի­ծո­ւած նուռ» խո­րա­գի­րով եր­կու նա­խորդ կա­տա­րում­նե­րէն։
­Մէկ առ մէկ, բո­լոր պա­րա­խում­բե­րը բեմ բարձ­րա­ցան, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար 25 պա­րե­րու շար­քը եւ հան­դի­սա­տե­սը պրկո­ւած պա­հե­լու ե­լոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ Որ­քա՜ն ե­րանգ­ներ, գոյնզ­գոյն տա­րազ­ներ, առ­նա­կան եւ ի­գա­կան շար­ժում­նե­րու ա­լիք­ներ հա­մա­կե­ցին հան­դի­սա­տես­նե­րու հո­գի­նե­րը, ո­րոնց ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը վերջ չու­նե­ցան, նոյ­նիսկ կշռու­թա­ւոր ծա­փե­րու տա­րա­փով՝ իւ­րա­քան­չիւր մե­ղե­դիի հնչիւն­նե­րուն տակ։
­Բե­մի պաս­տա­ռին վրայ տար­բեր նկար­ներ, հայ­րե­նի տե­սա­րան­ներ, ազ­գագ­րա­կան գան­ձեր ու պա­րա­խում­բե­րու ա­նուն­նե­րը տո­ղան­ցե­ցին իւ­րա­քան­չիւր պա­րի կող­քին, տա­լով բազ­մա­պի­սի այ­լա­զա­նու­թիւն մը պա­րե­րու ըմ­բոշխ­ման ըն­թաց­քին։
­Բո­լոր պա­րա­խում­բե­րը լա­ւա­պէս պատ­րաս­տո­ւած էին ե­լոյ­թի յա­ջող ներ­կա­յաց­ման հա­մար։ Ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րող փոր­ձե­րը Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ­Գո­մո­թի­նիի մէջ նպա­տակ ու­նէին ձեռք բե­րել լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քը, ան­մա­հաց­նել հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին պա­րը, ցոյց տալ, թէ գա­ղու­թի տար­բեր հա­մայնք­նե­րուն մէջ մշա­կու­թա­յին շար­ժու­մը կը խօ­սի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան սիր­տին ու հո­գիին։
­Կար­գա­պահ եւ լաւ ծրագ­րո­ւած յայ­տա­գի­րին մէ­ջէն, բո­լոր պա­րող­նե­րը ծա­ւա­լե­ցին ի­րենց տա­ղանդն ու սէ­րը հայ պա­րին հան­դէպ։ ­Մատ­ղաշ տա­րի­քի պա­րող­նե­րը ստա­ցան ժո­ղո­վուր­դի ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը, իսկ ա­ւե­լի չա­փա­հաս տա­րիք­նե­րու պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ինք­նավս­տահ ու հա­մար­ձակ շար­ժու­ձե­ւե­րով, ար­դա­րա­ցու­ցին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը, հրամց­նե­լով աչքն ու հո­գին բա­ւա­րա­րող ան­զու­գա­կան ե­լոյթ մը։
Տ­պա­ւո­րիչ ե­ղաւ նաեւ վեր­ջա­բա­նը, ուր պա­րի ե­ղա­նակ­նե­րու հնչիւ­նին տակ, 200 պա­րող­նե­րը տեղ գրա­ւե­ցին բե­մին վրայ, ստեղ­ծե­լով տպա­ւո­րիչ տե­սա­րան մը։ Ա­նոնց առ­ջեւ կանգ­նած էին ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Նա­յի­րի, ­Նա­նոր եւ ­Մա­րա­լօ պա­րա­խում­բե­րու ղե­կա­վար ընկ. Էտ­կար Է­կեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Մա­սիս եւ ­Կի­լի­կիա խում­բե­րու պա­րու­սոյց­ներ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեան եւ Ար­մե­նու­հի ­Մել­քու­մեան, ինչ­պէս նաեւ ­Գո­մո­թի­նիի Ու­րար­տու պա­րա­խում­բի ու­սու­ցող ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեան։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ յու­շա­տախ­տակ­նե­րու եւ ծաղ­կե­փուն­ջե­րու փո­խա­նա­կում, մինչ ներ­կա­նե­րու ծա­փող­ջոյն­նե­րը եւ բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րը ջեր­մա­ցու­ցին սրա­հի մթնո­լոր­տը։
Ե­րե­կո­յի յու­զա­կան ջեր­մու­թի­նը զգա­լի էր նոյ­նիսկ ա­ւար­տին, երբ ծնող­ներն ու հայ­րե­նա­կից­նե­րը մնա­ցին սրա­հին մէջ եւ, միա­խառ­նո­ւե­լով պա­րա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րուն հետ, շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քե­րով զար­դա­րե­ցին պա­րու­սոյց­ներն ու պա­րող­նե­րը։
Գ­նա­հա­տան­քի ջերմ խօսք՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, որ ե­լոյ­թի յղա­ցու­մէն մին­չեւ ա­նոր ի­րա­գոր­ծու­մը ջանք չխնա­յեց, որ­պէս­զի մշա­կու­թա­յին բա­ցա­ռիկ ձեռք­բե­րում մը եւս ար­ձա­նագրո­ւի միու­թեան եր­կա­րա­մեայ պատ­մու­թեան մէջ։ ­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

Ե­րի­տա­սար­դա­կան ճաշ­կե­րոյթ՝ եր­գով ու պա­րով

­Կի­րա­կի, 9 ­Նո­յեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, բո­լոր պա­րող­նե­րը, պա­րու­սոյց­նե­րը եւ վար­չա­կան ան­դամ­նե­րը ան­մո­ռա­նա­լի պա­հեր վա­յե­լե­ցին «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, միաս­նա­բար զո­ւար­ճա­նա­լով հայ­կա­կան եր­գի ու պա­րի մթնո­լոր­տին մէջ։ Եր­կու հա­րիւր պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ հա­մախմ­բո­ւե­լով հայ­կա­կան օ­ճա­խին մէջ, վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց հա­ւատ­քը հայ մշա­կոյ­թին հան­դէպ։ Այս ան­գամ, ե­լոյ­թի մը սահ­ման­նե­րէն ան­դին անց­նե­լով, ըն­կե­րա­յին կա­պերն ու սի­րա­լիր բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րը ի­րենց տի­րա­կան տե­ղը գտան սե­ղան­նե­րուն շուրջ, ստեղ­ծե­լով այն­պի­սի հա­յա­բոյր մթնո­լորտ մը, որ վա­յել է ե­րի­տա­սար­դու­թեան։ ­Պա­րե­րը ի­րար յա­ջոր­դե­լով, ոտ­քի հա­նե­ցին պա­տա­նին ու ե­րի­տա­սար­դը, հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րու մե­ղե­դի­նե­րով ա­նոնք զգա­ցին ու ապ­րե­ցան պա­հեր, ո­րոնց ծա­րա­ւը կը զգան մեր գա­ղու­թի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րող հայ նոր սե­րունդ­նե­րը։
Ցն­ծու­թեան պա­հե­րուն, մէջ­տեղ հա­սաւ ­Նա­յի­րի պա­րա­խում­բի 30-ա­մեա­կին ա­ռի­թով պատ­րաս­տո­ւած կար­կան­դա­կը. միաս­նա­բար՝ վար­չա­կան­ներ եւ պա­րող­ներ մաղ­թե­ցին նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ եւ վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց խոս­տու­մը՝ դար­ձեալ միա­սին մէկ­տե­ղո­ւե­լու, միա­սին պա­րե­լու ու տո­գո­րո­ւե­լու։ Ան­մո­ռա­նա­լի գի­շեր մըն էր, ո­րուն ար­ձա­գան­գը եր­կար պի­տի ջեր­մաց­նէ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րու սիր­տե­րը։

­Պա­րա­խում­բե­րու ե­լոյ­թը ­Հա­յոց
ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ

­Հա­մազ­գա­յի­նի կազ­մա­կեր­պած հա­մոյ­թի ծի­րէն ներս, ­Կի­րա­կի, 9 ­Նո­յեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն, Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ­Գո­մո­թի­նիի պա­րա­խում­բե­րը մէկ­տե­ղո­ւե­ցան ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ։ ­Հա­մախմբ­ման նպա­տակն էր կա­տա­րել մաս­նա­յա­տուկ նկա­րա­հա­նում մը, որ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի մէջ 2026-ի Ապ­րի­լին, ­Պա­րե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան ա­ռի­թով։ Ծ­րա­գի­րի հա­մադ­րու­մը յանձն ա­ռած է ­Հա­յաս­տա­նի «­Բա­րե­կա­մու­թիւն» պա­րա­յին պե­տա­կան հա­մոյ­թը, որ դի­մած է աշ­խար­հաս­փիւռ հայ­կա­կան պա­րա­խում­բե­րու, կա­տա­րե­լու հա­մար նկա­րա­հա­նում­ներ յատ­կան­շա­կան վայ­րե­րու առ­ջեւ։ ­Յու­նաս­տա­նի պա­րա­գա­յին, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղը, ա­նոր կող­քին գտնո­ւող Էս­թիա­յի դա­սա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան շէն­քը, ինչ­պէս նաեւ Աք­րո­փո­լի­սի խո­րա­պատ­կե­րը, տեղ պի­տի գտնեն տե­սա­նիւ­թին մէջ։
­Նա­խա­պէս, բո­լոր պա­րող­նե­րը յար­գան­քի տուրք խո­նար­հե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կին, ա­պա ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ հա­կիրճ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան յու­շար­ձա­նի կանգ­նու­մին եւ խորհր­դա­նի­շե­րուն մա­սին։ ­Յա­ջոր­դա­բար, Էս­թիա­յի տա­րած­քին վրայ, բո­լոր պա­րող­նե­րը միա­ցան եւ նկա­րա­հա­նե­ցին շարք մը պա­րեր։ ­Յատ­կան­շա­կան էր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ու մա­նա­ւանդ յոյն ան­ցորդ­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ գնա­հա­տան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով քա­ջա­լե­րե­ցին պա­րա­խում­բե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը։