­Շա­բաթ 13, եւ ­Կի­րա­կի, 14 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ին, ­Գա­վա­լա­յի մէջ նշո­ւե­ցաւ «­Սուրբ ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը, նա­խա­գա­հու­թեամբ թե­միս բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի։
­Տօ­նախմ­բու­թեան մեկ­նար­կը ե­ղաւ ­Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ, ա­ղօրհ­նէ­քիով եւ ոչ­խար­նե­րու զե­նու­մով, ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։

Սր­բա­զան հօր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը

­Նոյն կէ­սօր, թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նի, ­Գա­վա­լա­յի Ս. ­Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի աե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Մա­րի ­Գա­լայ­ճեա­նի եւ ­Գա­վա­լա­յի Հ.Գ.­Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. Ա­նուշ ­Դա­ւի­թա­ւեա­նի այ­ցե­լեց ­Ֆի­լի­փո­նի, ­Նեա­փո­լէո­նի, ­Թա­սո­սի եւ ­Գա­վա­լա­յի ­Մետ­րո­պո­լիտ Ս­տե­ֆա­նօ ե­պիս­կո­պո­սը:
­Հան­դի­պու­մին՝ եր­կու սրբա­զան­նե­րը քննար­կե­ցին հայ հա­մայն­քը վե­րա­բե­րող հար­ցեր։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց ազ­գա­յին գոր­ծու­նէու­թեիւ­նը եւ թե­մի ի­րա­գոր­ծում­նե­րը ծու­խե­րէն ներս:
Ա­ւար­տին, ­Մետ­րո­պո­լի­տը բարձր գնա­հա­տեց հայ հա­մայն­քի դրա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը քա­ղա­քաէն ներս: Ա­պա կա­տա­րո­ւե­ցաւ նո­ւէր­նե­րու փո­խա­նա­կում:
­Յա­ջոր­դա­բար, Սր­բա­զան հայ­րը եւ իր շքա­խում­բը այ­ցե­լեց ­Գա­վա­լա­յի մարզ­պե­տա­րա­նը եւ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ փոխ­մարզ­պետ ­Թէո­տո­րոս ­Մար­քո­փու­լո­սին հետ: ­Յոյն պաշ­տօ­նա­տա­րը ող­ջու­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը շրջա­նէն ներս: Սր­բա­զա­նը հայ­րը իր կար­գին ներ­կա­յա­ցուց հայ հա­մայն­քի յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը: Այս ծի­րէն ներս քննար­կո­ւե­ցան նաեւ ո­րոշ ծրա­գիր­նե­րու շուրջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը: Ա­պա կա­տա­րո­ւե­ցաւ նո­ւէր­նե­րու փո­խա­նա­կում:

Ե­պիս­կո­պո­սա­կան հան­դի­սա­ւոր ս. պա­տա­րագ

­Կի­րա­կի, 14 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ին, ­Գա­վա­լա­յի «­Սուրբ ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց ու մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան։ ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ էին շրջա­նի յոյն ­Մետ­րո­պո­լի­տը, պե­տա­կան մարմ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դա­մը, թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի ան­դամ­ներ եւ զա­նա­զան շրջան­նե­րէն հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց շրջա­նի միա­ցեալ դպրաց դա­սե­րու երգ­չա­խում­բը։ Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ նշեց, թէ կե­նա­րար խա­չը մեզ ա­պա­ւէն թող ըլ­լայ։ ­Խա­չը մե­զի հա­մար միայն տեսք մը չէ, այլ ու­ղե­կից է, դէ­պի խա­չեա­լը տա­նող ճա­նա­պարհ է իւ­րա­քան­չիւ­րիս հա­մար։ ­Նաեւ յի­շե­ցուց, թէ Ք­րիս­տո­սի օ­րի­նա­կով, խա­չի խոր­հուր­դը կը նշա­նա­կէ ապ­րիլ սի­րով, նե­րո­ղամ­տու­թեամբ եւ հա­ւա­տար­մու­թեամբ դէ­պի Աս­տո­ւած։ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն կար­գը։
Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թե­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ւան­դա­կան ճաշ­կե­րոյ­թը քա­ղա­քի ճա­շա­րա­նի մը մէջ, ո­րուն ըն­թաց­քին ­Գա­վա­լա­յի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը գնա­հա­տեց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նը՝ իր եր­կա­րա­մեայ ծա­ռա­յու­թեան ու նո­ւի­րու­մին հա­մար։

ԹՂԹԱԿԻՑ