
Հ.Կ.Խ.-ի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարանի շրջանաւարտներու
հրաժեշտի հանդիսութեան տնօրէնուհի
տիկ. Վիքթորիա Մաղաքեանի ներկայացուցած տեղեկագիրը
Այսօր մեր դպրոցին համար վերնագոյն նշանակութեան օր մըն է։ Մենք կը շնորհաւորենք մեր վարժարանի բոլոր աշակերտները իրենց գեղեցիկ մասնակցութեան համար այս հանդէսին, ինչպէս նաեւ իրենց բոլոր ջանքերուն ու ձեռք բերած յաջողութիւններուն համար: Նաեւ, կը պատուենք մեր վեցերորդ դասարանի աշակերտները, որոնք կ՚աւարտեն իրենց տարրական ուսումը եւ պատրաստ կ՚ըլլան դիմագրաւելու կրթական նոր փուլի մը մարտահրաւէրները։
«Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի աշակերտութիւնը մասնակցեցաւ զանազան դաստիարակչական ծրագիրներու, դաստիարակչական այցելութիւններ կատարեց եւ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ բոլոր դպրոցական տօնակատարութիւններուն, նշելով բոլոր՝ թէ՛ հայկական, թէ յունական տօները:
Ելոյթներ
Բացառիկ էր մեր Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներուն մասնակցութիւնը Հ.Կ.Խ.-ի հարիւրամեակի ձեռնարկին, ուր բարձր դասարաններու մեր երեք վարժարաններու աշակերտները երգեցին երաժիշտ պրն. Միհրան Չալըքեանի ղեկավարութեամբ:
Նաեւ, Ե. եւ Զ. դասարաններու եւ միջնակարգի աշակերտներու երգչախումբը տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ Ապրիլ 24-ի կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկին:
Մասնակցեցանք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Պատանեկան միութեան կազմակերպած ծառատնկումին Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի առիթով, 110 ծառեր տնկելով Իմիթթոյի անտառին մէջ:
Այցելութիւններ
Այցելութիւններ կատարեցինք եւ բախտը ունեցանք այցելութիւններ ընդունելու մեր դպրոցին մէջ: Կաղանդի շրջանին ընդունեցինք Սրբազան հօր այցելութիւնը եւ օրհնութիւնը: Նաեւ, այցելեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, ուր մեր աշակերները երգեցին, պարեցին եւ վայելեցին դեսպանին՝ պարոն Տիգրան Մկրտչեանի ջերմ հիւրասիրութիւնը: Զ. դասարանի աշակետներուն հետ այցելեցինք նաեւ «Ազատ Օր»-ի խմբագրատունը, ուր աշակերտները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին իրենց ստացած տեղեկութիւններով օրաթերթին մասին: Մեր դպրոցին մէջ կազմակերպեցինք ոտնագնդակի մրցոյթներ, նշելով մարզասէրի օրը եւ կողովագնդակի մրցոյթներ՝ մասնակցելով «Τρίποντο στα σχολεία» ծրագիրին:
Տօներ
Հանդէսներով եւ զանազան աշխատանքներով նշեցինք բոլոր՝ թէ՛ հայկական, թէ յունական տօները:
Տօնեցինք Թարգմանչացը, Ս. Ծնունդը եւ Ամանորը: Նշեցինք Վարդանանց տօնը եւ Տեառնընդառաջը, թէ՛ մեր վարժարանին մէջ, թէ՛ մեր աշակերտներուն մասնակցութեամբ, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութեան, ուր ներկայ էր Սրբազան հայրը: Նաեւ, Զատկուան ընթացքին մեր աշակերտները մասնակցեցան «Տասը Կուսանաց» եւ «Ոտնլուայ»-ի արարողութիւններուն:
Ընթերցասիրութեան ծրագիրներ
Մեր մշակած ընթերցասիրութեան ծրագիրի ծիրէն ներս, պատիւը ունեցանք ընդունելու պարոն Քոստաս Փուլոս եւ տիկին Անկելիքի Մաստրոմիխալաքի հեղինակներուն այցելութիւնը, որ իւրայատուկ փորձառութիւն պարգեւեց մեր աշակերտներուն:
Ծնողական միութիւններուն կողմէ մեր վերանորոգուած դպրոցական փոխառական «Բաբգէն Գասապեան» գրադարանի գիրքերը դասաւորուեցան Զ. դասարանի աշակերտներուն եւ պատասխանատու տիկին Էլենա Փանտաքիի կողմէ: Գրադարանի պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Սեպտեմբերին:
Սեմինարներ
Ուսումնական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, պատմաբան եւ կրթական մշակ տիկին Գոհար Գանտահարեան այցելեց մեր երեք վարժարանները եւ հետեւեցաւ հայերէնի դասապահերուն:
Նաեւ, մեր վարժարանի ուսուցչական կազմը հետեւեցաւ սեմինարներու՝ «Լասքարիտի հիմնարկութեան» հոգեբաններուն եւ մանկավարժներուն կողմէ:
Պարի, գեղանկարչութեան եւ երաժշտութեան աշխատանոցներ
Այս տարի եւս, մեր աշակերտները առիթը ունեցան հետեւելու պարի եւ նկարչութեան աշխատանոցներուն, որ տեղի ունեցան շաբաթական յաճախականութեամբ: Պարերը, որ սորվեցան աշխատանոցին մասնակցող աշակերտները պատասխանատու տիկին Զօի Փափաեոաննիտուի կողմէ, ներկայացուեցան փոքրիկ հանդիսութեամբ մը, որ կատարուեցաւ ծնողներուն ներկայութեամբ:
Նոյնպէս, գեղանկարչութեան աշխատանոցի մեր աշակերտներուն իրագործած ստեղծագործութիւնները տիկին Մարիա Տիմաքիի ղեկավարութեամբ եւ տիկին Նազիկ Ճամուզեանի օժանդակութեամբ պիտի ներկայացուին ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին:
Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով մեր վարժարանը գործակցեցաւ միջազգային համբաւի արժանացած երաժշտագէտ եւ յօրինող պ. Միհրան Չալըքեանին հետ: Մեր վարժարանի աշակերտները հետեւեցան երաժշտութեան դասընթացքներու, մասնակցելով երաժշտութեան աշխատանոցին:
Դաստիարակչական ծրագիրներ
Համագործակցեցանք պետական «Աթինա Իկիա» կազմակերպութեան հոգեբաններուն հետ եւ շաբաթական մեր հանդիպումներով փորձեցինք աւելի սերտ կապեր ստեղծել աշակերտներուն միջեւ:
Մեր աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ եւ քաջալերանքով մասնակցեցան զանազան մրցոյթներու եւ գնահատանքի արժանացան:
Չորս աշակերտներ մասնակցեցան աշակերտական ճատրակի մրցոյթին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ճատրակի ուսուցիչ պրն Մարքօ Իլիատիի ուղեկցութեամբ:
Բացառիկ եւ պատուաբեր արդիւնք բերաւ վարժարանի Գ. դասարանի մասնակցութիւնը, տիկին Լինա Մինիի առաջնորդութեամբ, Առաջին Միջազգային աշակերտական մրցոյթին «Ճատրակային գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ տողերով եւ գոյներով», որ կազմակերպեց Արեւելեան Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային կրթական տնօրէնութիւնը։ Այս մրցոյթին մեր Գ. դասարանի աշակերտուհի Անայիս Ճէլալեան արժանացաւ առաջին մրցանակին իր բանաստեղծութեամբ՝ «Սեւ ու ճերմակ ծով», իսկ բոլոր աշակերտները գնահատանքի արժանացան:
Այս առիթով, իբրեւ գնահատանք, Անայիսին պիտի յանձնուի նուէր մը, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
«Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանի գօրծունէութեան մասին կրնաք մանրամասնօրէն տեղեկանալ մեր կայքէջին միջոցաւ (https://blogs.sch.gr/niparmkyan/contact/):
Շնորհակալական խօսք
2024 — 2025 ուսումնական տարեշրջանը բոլորելով մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանին եւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ քահանային: Շնորհակալութիւն Հ.Հ. Յունաստանի մէջ յարգելի պարոն դեսպանին: Վարժարանիս բարօրութեան հոգատարներուն՝ յունահայոց Ազգային վարչութեան, ուսումնական, տնտեսական ու կալուածային խորհուրդներուն, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց:
Շնորհակալութիւն «Ազատ Օր»-ին եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին, որ իրենց էջերը լայն բացին մեր վարժարաններուն առջեւ:
Շնորհակալութիւն Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի վարչութեանց:
Շնորհակալութիւն մեր վարժարանի Ծնողական միութեան, որ ամբողջ տարուան ընթացքին մեր կողքին էր ու ամէն ջանք թափեց մեր կարիքները հոգալու: Այս տարի մեր դպրոցը օժտեց լսատեսողական սարքով մը եւ զովացուցիչ սարքով մը: Նաեւ, շնորհակալութիւն մեր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի շրջանաւարտներուն՝ յանձնուած նուէրներուն համար:
Շնորհակալութիւն այն բոլոր ծնողներուն ու կրթասէր ազգայիններուն, որոնք նուիրատուութիւններու կամ այլ տեսակի օժանդակութիւններու ճամբով թիկունք կանգնեցան մեր դպրոցին, յատկապէս պարոններ Յովհաննէս Թերզեանին, Կարօ Պարտաքճեանին, Կարօ Ներսէսեանին եւ Յարութիւն Հաճեանին, իրենց մնայուն աջակցութեան համար:
Շնորհակալութիւն տիկին Ալիս Ֆուրունճեանին, տիկին Յասմիկ Թագւորեանին, տէր եւ տիկին Փօլ եւ Աղաւնի Ֆարաճեանին, որոնք մեր դպրոցին նուիրեցին զովացուցիչ սարքեր: Նաեւ, պրն. Վիգէն Մինասեանին, որ սիրայօժարօրէն ստանցնեց անոնց զետեղումը:
Շնորհակալութիւն տիկին Լորի Պարազեանին, որ նուիրեց տնօրէնութեան նոր գրասեղանը: Շնորհակալութիւն պրն. Կարպիս Խաչերեանին, որ նուիրեց մեր բեմին նոր պաստառը, պրն. Յակոբ Եորղանճեանին եւ տիկին Կիւլա Գարապաճագեանին, որ կարեց բեմի ցուցադրութեան վարագոյրը:
Շնորհակալութիւն տիկին Մարօ Քիւրքճեանին, որ մեր վարժարաններուն նուիրեց հայկական գիրքերը, որ կը դասաւանդուին բարձր դասարաններուն:
Շնորհակալութիւն Համազգայինի Պարի միաւորին, որ մեզի տրամադրեց Զ. դասարանի դատերականի տարազները:
Յատուկ շնորհակալութիւններ ձեզի՝ սիրելի ծնողներ, ձեր համագործակցութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեր ցուցաբերած վստահութեան հայկական մեր այս վարժարանի կատարած առաքելութեան՝ լաւագոյն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել նորահաս հայ սերունդներուն: Ձեր զաւակներուն յաջողութիւնը նաեւ ձեր նուիրումին վկայութիւնն է։
Վարձքը կատար ուսուցչական կազմին՝ մեր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցչուհիներուն՝ տիկիններ Մարիա Տիմաքի եւ Սոնա Գալստեան, նախակրթարանի տիկիններ Ալինա Պարտագճեան, Մանիա Ճանապեան, Աննա Սաֆարեան, Նազիկ Ճամուզեան, Նանա Լուլուքողլու, Լինա Մինի, Էլենա Փանտաքի, Խրիսթինա Տելի, Փաւլինա Քելայիտի, Զոի Փափաեոաննիտու, Նաֆսիքա Փափաիլիա, Էքաթերինի Եալերնիու եւ պարոն Եաննի Ցիկունի, որ ճիգ թափեցին ու պատրաստ էին յօժարօրէն բոլոր ստեղծուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Սիրելի ուսուցիչներ, ձեր յարատեւ ծառայութիւնը եւ նուիրեալ աշխատանքը խորապէս գնահատուած են։ Ձեր ներդրումը անգին է։ Դուք էք մեր աշակերտներուն առաջնորդները, որոնք անոնց կ՚ուղեկցին դէպի յաջողութիւն։
Շնորհակալութիւն վարժարանի անձնակազմին ՝մեր սիրելի տիկին Անիին, վարորդներուն, պարոններ՝ Յովիկ, Տիմիթրի, Եորղօ, ուղեկցող տիկիններուն` Վերժին, Լուսի, Եաննա եւ բոլոր անոնց որ իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ընծայեցին մեր ճիգերուն արդիւնաւորման համար:
Մրցանակներ
Այս տարի կ՚ուզենք ձեզի տեղեկացնել, թէ ունինք մէկէ աւելի մրցանակներ:
Առաջին՝ Զ. դասարանի հայերէնի դասերուն մէջ յատուկ ճիգ թափած աշակերտը Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի Պատանեկան միութեան ամառնային բանակումին մասնակցութեան մրցանակով: Այս մրցանակին կ՚արժանանայ Հրաչ Պետրոս:
Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պարոն Արսէն Գալֆայեան 200 եւրոյով կը պարգեւատրէ մեր վարժարանի աւարտական դասարանէն հայոց լեզուի գերազանց աշակերտը: Այս մրցանակին կ՚արժանանայ Մարալ Եզեկիէլեանը:
Նաեւ, պարոն Ռուբէն Գալֆայեան 200 եւրոյով կը պարգեւատրէ մեր վարժարանի աւարտական դասարանէն հայոց մշակոյթի գերազանց աշակերտը:
Շատ դժուար որոշում էր որովհետեւ մեր հինգ աշակերտուհիները՝ Մարալ Եզեկիէլեան, Նելլի Ֆարաճեան, Անասթասիա Գաէ, Դանիէլա Սիմոնեան եւ Էվանկէլինա Մերծասիդու գերազանց, աշխատասէր եւ փայլուն յառաջդիմութիւն ցուցաբերած են մշակոյթի վերաբերող աշխատանքներուն մէջ: Ուստի, բոլորին հանդէպ արդար ըլլալու նպատակով դիմած ենք վիճակահանութեան: Վիճակահանութիւնը կատարուեցաւ ուսուցչական կազմի ներկայութեամբ եւ մրցանակին արժանացաւ Դանիէլա Սիմոնեան:
Շնորհակալութիւն մեր նուիրատուներուն եւ շնորհաւորութիւն մեր բոլոր շրջանաւարտներուն իրենց ջանքերուն, յառաջդիմութեան ու յաջողութիւններուն համար:
Հրաժեշտի խօսք
Այսօր այստեղ կը գտնուինք՝ նշելու պահ մը, որ միաժամանակ լի է հպարտութեամբ, երախտագիտութեամբ եւ յուզումով։ Շրջանաւարտի այս օրը սոսկ աւարտ չէ, այլ սկիզբ՝ նոր ճամբաներու, նոր հարցերու եւ նոր երազներու։
Տարիներ շարունակ, մեր աշակերտները ստացան գիտելիքներ եւ արժէքներ, որոնք պիտի ծառայեն իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին։ Բայց, մեր դպրոցը ուսումնական հաստատութիւն մը չէ միայն։ Ան վայր մըն է, ուր հիմնադրուեցան առաջին բարեկամութիւնները, ձեւաւորուեցաւ ինքնութիւնը եւ ամրապնդուեցաւ հայրենասիրութիւնը։
Դպրոցական ծրագիրը ուղղուած էր, ոչ միայն գիտելիքներ փոխանցելուն, այլեւ անձնային արժէքներու զարգացումին, ինչպէս ազնուութիւն, համբերութիւն, համերաշխութիւն, համագործակցութիւն եւ պատասխանատուութիւն:
Մեր դպրոցին ամենախոր եւ ազնիւ առաքելութիւններէն մէկը եղած է՝ պահպանել եւ փոխանցել հայերէն լեզուն՝ յատկապէս արեւմտահայերէնը։
Սիրելի աշակերտներ, տարիներ առաջ, դուք առաջին անգամ ներս մտաք այս դպրոց՝ փոքրիկ ձեռքերով, փայլուն աչքերով եւ ձեր անուշ ձայներով։ Բախտը ունեցայ մանկապարտէզ ձեզ դիմաւորելու եւ ձեր առաջին վկայականը տալու: Դուք սորվեցաք գրել ու կարդալ մեր մայրենի լեզուով, սիրել մեր հարուստ մշակոյթը, զգալ մեր պատմութեան հարազատութիւնը, շօշափելով մեր պատմութեան էջերը։ Լեզուն կապն է մեր անցեալի եւ ապագայի միջեւ։
Այսօր, դուք ինքնավստահ, իմաստալից հայեացքով ու հպարտ լեզուով ձեր երկրորդ վկայականը կը ստանաք։
Սիրելի շրջանաւարտներ, այս օրը կը նշէ նոր սկիզբ մը։ Դիմեցէ՛ք ապագային հաւատքով, վստահութեամբ եւ նուիրումով։ Հաւատացէ՛ք ձեր ուժերուն, բայց նաեւ երբեք մի՛ մոռնաք այն հիմքը՝ որ այստեղ ստացաք։
Շնորհաւորութիւն կը յայտնեմ, մաղթելով լուսաւոր ուղի, շարունակական զարգացում եւ յաջողութիւն ։
Բարի երթ սիրելի շրջանաւարտներ, միշտ պահեցէ՛ք ձեզի հետ մեր սէրը եւ յիշեցէ՛ք, որ հոս են ձեր արմատները։ Միշտ պահեցէ՛ք ձեր հայ հոգին , հպարտացէ՛ք, որ հայ էք եւ միշտ հոս վերադարձէ՛ք։







