Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2025-ին, «Ազատ Օր»-ի խմբագրատան մէջ առիթը ունեցանք հիւրընկալելու Լիբանանէն ընկ. Եղիա Թաշճեան, որ Յունաստան կը գտնուէր գիտական խորհրդաժողովի մը առիթով։
Հայ մամուլին մէջ իր վերլուծական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ գիտահետազօտական ոլորտէն ներս ծանօթ անուն մըն է ընկ. Թաշճեան, որ Յունաստան գտնուեցաւ մասնակցելու համար «Էլիամեբ» ռազմավարական-վերլուծական կեդրոնի եւ ամերիկեան գոլեճի համակազմակերպած գիտական խորհրդաժողովին, ներկայացնելով Լիբանանը։ Համախմբումը նիւթ ունէր «Ղեկավարութիւն սահմաններէն անդին. պատրաստելով Միջերկրականի ապագայ ղեկավարները», որուն մասնակցեցան մօտ 30 մասնագէտներ՝ 14-19 Յուլիսին, Ողիմպիայի հնամեայ կեդրոնի Ողոմպիական միջազգային կեդրոնին մէջ։ Գիտաժողովը կը հովանաւորէր Եւրոպական միութիւնը եւ իր ռազմավարական նիւթերու բազմազանութեամբ յատուկ հետաքրքրութիւն եւ նշանակութիւն արձանագրեց։
Ընկեր Եղիա Թաշճեան հակիրճ անդրադարձաւ գիտաժողովի օրակարգին, յատկապէս նշելով բանակցութիւն վարելու ձեւաչափերը եւ կենսոլորտային խնդիրները։ Մասնաւորապէս, ան նշեց Միջերկրականի արեւելեան տարածաշրջանի տագնապներն ու մարտահրաւէրները, Յունաստան-Թուրքիա ընդհանուր յարաբերութիւնները եւ դիմագրաւած խնդիրները, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի տագնապը, ուժանիւթային խնդիրները եւ երկիրներու միջեւ շարք մը հակամարտութիւններու դիմագրաւումը։ Իւրաքանչիւր մասնակցող զեկուցական ներկայացում մը կատարեց, իսկ աշխատանքային խումբերը առիթը ունեցան կատարելագործելու անձնական եւ հաւաքական կարողութիւնները՝ բանակցութիւններ վարելու եւ միջազգային խնդիրներու մասին տեսակէտ արտայայտելու առնչութեամբ։
Մեր հետաքրքրաշարժ զրոյցին ընթացքին, ընկերը կարեւորեց գիտաժողովի մթնոլորտը, նշելով մասնակիցներու գիտական մակարդակը եւ առաջարկուած տեսակէտներու ամբողջութիւնը։ Ան նաեւ յոյս յայտնեց, թէ ապագային տեղական հայ գիտաշխատողներ եւ հետազօտողներ հնարաւորութիւն ունենան իրենց մասնակցութիւնը բերելու նման գիտական հաւաքներու։
Մեր խօսակցութիւնը եւս շօշափեց Միջին Արեւելքի ներկայ հրատապ խնդիրներուն եւ հայագաղութներու վիճակը, որոնք կապուած են աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն հետ եւ խոր ազդեցութիւն կ՚ունենան հայ կեանքին ու համայնքներուն վրայ։
Անդրադարձ եղաւ հայրենի ներկայ քաղաքական եւ ընկերային կացութեան մասին, նշելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վտանգները, թուրք-ազերիական ճնշումները եւ միջազգային ազդեցութիւնը տարածաշրջանէն ներս մեծապետական ուժերուն կողմէ՝ իրենց քաղաքականութիւն վարելու կապակցութեամբ։
Ընկ. Եղիա Թաշճեան «Իսամ Ֆարես» հիմնարկի շրջանային եւ միջազգային հարցերու վերլուծաբան է, միաժամանակ քաղաքական գիտութիւն կը դասաւանդէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Ուսանած է Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանը, իսկ ամերիկեան համալսարանէն ստացած է Մագիստրոսի վկայական, նաեւ ուսանած է Շուետական Պաշտպանութեան ուսմանց համալսարանէն ներս։
Իր հետազօտական աշխատութիւնները կ՚ընդգրկեն աշխարհաքաղաքական եւ ուժանիւթային հարցեր, վերլուծելով յատկապէս Կովկասի ու միջինարեւելեան խնդիրները, նաեւ մեծ ուժերու քաղաքականութիւնը տարածաշրջանէն ներս։ Եղիա Թաշճեան միաժամանակ հայ մամուլի աշխատակից է ու հանդէս եկած է վերլուծական յօդուածներով։








