Ատր­պէյ­ճա­նի գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին հե­տա­խու­զու­թիւն յայ­տա­րա­րած է Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­ներ ֆրանք Էն­կե­լի (­Լիւք­սեմ­պուրկ), Է­լե­նի ­Թէո­խա­րու­սի (­Կիպ­րոս) եւ Եա­րո­միր Շ­թե­թի­նա­յի (­Չե­խիա) նկատ­մամբ` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հան­րա­քո­ւէն դի­տար­կե­լու հա­մար: Եւ­րո­պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն նկատ­մամբ յա­րու­ցո­ւած է քրէա­կան գործ` լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բաղ պար­բե­րա­կան «ա­պօ­րի­նի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու» հա­մար:
Ատր­պէյ­ճա­նի դա­տա­րա­նը, ըստ ԱՓԱ գոր­ծա­կա­լու­թեան, պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը կա­լա­նա­ւո­րե­լու ո­րո­շում ըն­դու­նած է, ա­նոնք կը հե­տա­խու­զո­ւին Ին­թեր­փո­լով:
Ար­ցա­խի մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան ­Ռու­բէն ­Մե­լի­քեան տե­ղի ու­նե­ցա­ծը ո­րա­կած է «կո­պիտ խտրա­կա­նու­թիւն»:
ՀՀ ԱԳ փոխ­նա­խա­րար ­Շա­ւարշ ­Քո­չա­րեան «Ա­զա­տու­թեան» հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ­Պա­քո­ւի այդ քայ­լը «զա­ւեշտ» հա­մա­րած է: «Այ­սօր ես կը հրա­ժա­րիմ մեկ­նա­բա­նե­լէ: Ա­տի­կա ուղ­ղա­կի զա­ւեշտ է եւ ո­րե­ւէ կեր­պով չի կրնար ազ­դել դէ­պի Ար­ցախ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն վրայ»,-ը­սած է փոխ­նա­խա­րա­րը: Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը Ար­ցա­խի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ դրա­կան կը գնա­հա­տէին զայն` նշե­լով, որ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը «պէտք չէ ան­տե­սո­ւած մնայ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ»: ­Յայ­տա­րա­րու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րը նշած են, որ Ար­ցա­խը կը գտնո­ւի «թշնա­մի հա­րե­ւա­նի կող­մէ ռազ­մա­կան յար­ձակ­ման մշտա­կան սպառ­նա­լի­քի ներ­քոյ»: