­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, ­Հինգ­շաբ­թի, 24 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան, ­­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ կանգ­նած ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին շուրջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ու Ա­թէն­քի մարզ­պե­տա­րա­նին կող­մէ եւ կը վա­յե­լէր յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց պե­տե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ պաշ­տօ­նա­կան բազ­մա­թիւ հիւ­րե­րու եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու։
­­Ներ­կայ ե­ղան խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնց կար­գին «Փ­լեւ­սի» կու­սակ­ցու­թեան նա­խա­գահ եւ խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­­Զոի ­­Քոնս­թան­տո­փու­լու, «­­Փա­սօք» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ե­րես­փո­խան ­Փաւ­լոս Խ­րիս­թի­տիս, ­«­Նի­քի» կու­սակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Նի­քոս Վ­րե­թոս, Ա­տի­կէի փոխ­մարզ­պե­տ Խ­րիս­թոս ­Թէո­տո­րո­փու­լոս, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, մարզ­պե­տա­կան եւ քա­ղա­պե­տա­կան խորհր­դա­կան­ներ, ­­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չ Խ­րիս­թոս ­Տի­մո­փու­լոս, ռու­սա­կան դես­պա­նու­թեան քար­տու­ղա­րը, ինչ­պէս նաեւ Անք­լի­քան ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Հն­դիկ ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ կրօ­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­­Հայ­կա­կան կող­մէն ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ ե­լոյ­թը պա­տո­ւե­ցին ­թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ­­Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ ­Մի­քա­յէլ վրդ. ­Պա­սա­լէ, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ վեր. ­­Վի­գէն ­­Չո­լա­քեան, հո­գե­ւոր դա­սը, Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հիւ­պա­տոս ­Լիա­նա ­Մա­րու­թեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդր. կո­մի­տէն, Հ.Կ.­­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ ­­Հա­մազ­գա­յի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը եւ ու­սու­ցիչ­նե­րը, ե­րի­տա­սար­դա­կան ու պա­տա­նե­կան սե­րուն­դը եւ բազ­մա­թիւ հայ­րե­նա­կից­ներ։ ­­Պա­տո­ւոյ դիրք գրա­ւած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան խում­բե­րու յատ­կան­շա­կան միա­ւոր մը, Ե­ռա­գոյն եւ յու­նա­կան դրօ­շակ­նե­րով։
Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. Ա­լիս Ապ­րո­յեան, որ նա­խա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի բռնագրաւ­ման եւ ա­նոր բնիկ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան տե­ղա­հան­ման ու մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ոչն­չաց­ման։ ­Նաեւ լայն անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Թուր­քիոյ կող­մէ 110 տա­րի ան­պատ­ժե­լի մնա­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի­րո­ղու­թեան մա­սին եւ շեշ­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րի անն­կուն կամ­քը, հաս­տա­տե­լու պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը եւ հա­տու­ցում ստա­նա­լու։ ­Նաեւ խօ­սո­ղը ընդգ­ծեց յոյն ժո­ղո­վուր­դի զօ­րակ­ցու­թիւնն ու ­Հա­յոց ցե­ղասպա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ։ ­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ա­ռին կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ո­րոնք ան­վա­ռան դա­տա­պար­տե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը, պա­հան­ջե­ցին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ­­Թուր­քիոյ կող­մէ եւ դա­տա­պար­տե­ցին թուրք-ատրպէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի վրայ։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փու­մին, շեշ­տե­ցին պե­տու­թիւն­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­կե­րու­թեան ան­տար­բե­րու­թեան կե­ցո­ւած­քը հան­դէպ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ող­բեր­գու­թեան։
­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­­Քու­թե­լա­քի­ս ­կուռ խօս­քով մը անդ­րա­դար­ձաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի յատ­կա­նիշ­նե­րուն մա­սին, դրո­ւա­տե­լով ա­նոնց ներ­կա­յու­թիւ­նը քա­ղա­քէն ներս։ ­Խօ­սե­ցաւ ­­Նէա Զ­միռ­նիի եւ ­­Սի­սիան քա­ղա­քնե­րու եղ­բայ­րաց­ման մա­սին, նշե­լով թէ շու­տով պի­տի ծրագրուին նոր շփում­ներ։ Ան եւս դա­տա­պար­տեց ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը եւ կոչ ուղ­ղեց մարդ­կու­թեան՝ ան­հա­տոյց չթո­ղել հայ ազ­գին դէմ կա­տա­րո­ւած մեծ ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը։ ­Յա­տուկ անդ­րա­դար­ձով մը դա­տա­պար­տեց Ար­ցա­խի վրայ գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րը եւ բնակ­չու­թեան տե­ղա­հա­նու­մը։
­­Յա­ջոր­դա­բար, յու­շա­կո­թո­ղին շուրջ բո­լո­րո­ւե­ցան յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց հո­գե­ւոր պե­տե­րը եւ հո­գե­ւոր դա­սը, ո­րոնք Սր­բա­զան հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ կա­տա­րե­ցին գո­հա­բա­նա­կան եւ բա­րե­խօ­սա­կան ա­ղօթք ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին: ­­Հուսկ՝ Ա­ռաջ­նորդ սրբա­զան հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին ընդգ­ծեց, թէ կա­տա­րո­ւած ո­ճի­րը մեր ինք­նու­թեան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է, բայց նաեւ պէտք է յանձ­նա­ռու ըլ­լալ վե­րա­նո­րո­գե­լու մեր ինք­նու­թեան պայ­քա­րը, պայ­քա­րիլ մեր լե­զո­ւին ու մշա­կոյ­թին հա­մար եւ դառ­նալ մեր ինք­նու­թեան տէ­րը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րու պա­տո­ւոյ ազ­դան­շա­նին տակ, տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։ ­Յա­ջոր­դա­բար պսակ­ներ խո­նար­հե­ցու­ցին Հ.Հ. հիւ­պա­տոս ­Լիա­նա ­Մա­րու­թեան, Ա­տի­կէի փոխ­մարզ­պետ Խ­րիս­թոս ­Թէո­տո­րու­փու­լոս, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս ­Քու­թե­լա­քիս, հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ հայ գա­ղու­թին ա­նու­նով ընկ. ­Ման­նիկ Աշ­րեան։
­­Յու­զու­մի մթնո­լոր­տին մէջ լսո­ւե­ցան հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րը, միա­ժա­մա­նակ սկաու­տա­կան փա­ղան­գը պա­տո­ւի կանգ­նած էր։ Ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը մօ­տե­ցաւ յու­շար­ձա­նին եւ ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղեց ա­նոր շուրջ։
Այ­նու­հե­տեւ, բո­լոր ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­­Սին­տաղ­մա­յի հրա­պա­րա­կը, մաս կազ­մե­լու հա­մար ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։