Եր­կու տա­րո­ւան ընդ­մի­ջու­մէն ու հա­մա­վա­րա­կի ստեղ­ծած նե­ղա­ցու­ցիչ պայ­ման­նե­րուն վե­րա­ցու­մէն ետք, այս ­շա­բա­թա­վեր­ջին, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տո­ւի հրա­պա­րա­կա­յին եւ հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին տա­րո­ղու­թեամբ ո­գե­կո­չել ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կը եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցել իր մի­լիոն ու կէս նա­հա­տակ­նե­րու ան­մառ յի­շա­տա­կին։
Ս­տի­պո­ղա­կան ընդ­մի­ջում մըն էր, որ մեզ պար­տա­ւո­րեց առ­ցանց նշել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­խորդ եր­կու տա­րե­լից­նե­րը, ա­ռանց ժո­ղովր­դա­յին այն լայն մաս­նակ­ցու­թեան, ո­րուն մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս ե­րի­տա­սար­դու­թեան ձայ­նը իր տի­րա­կան եւ վճռո­րոշ ներ­կա­յու­թիւ­նը կը հաս­տա­տէ, պայ­քա­րի ազ­դան­շա­նը տա­լով հայ զան­գո­ւած­նե­րուն։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ու հել­լէն պե­տու­թեան հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ա­ւե­լի քան 25 տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող ո­գե­կո­չում­նե­րու շար­քը վերս­տին իր հու­նին մէջ կը մտնէ, իր մէջ պար­փա­կե­լով յար­գան­քի, պա­հան­ջա­տի­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բնոյ­թի հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին տար­բեր ե­լոյթ­ներն ու մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը։
Իւ­րա­յա­տուկ է յու­նա­հա­յու­թեան պա­րա­գան։ 1996-ին, հել­լէն խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ու ա­նոր ո­գե­կո­չու­մը պե­տա­կան օ­րէն­քի վե­րա­ծե­լով, ­Յու­նաս­տան այն եր­կիրն է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ միաս­նա­բար եւ պե­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կով կը յար­գէ մեր ազ­գին վրայ գոր­ծո­ւած անն­կա­րագ­րե­լի ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան պատ­մա­կան յուշն ու ա­նոր ար­դար հա­տուց­ման եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քին վրայ յե­նուած ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։
Ար­դէն, որ­պէս բախ­տա­կից ազգ, յոյն ժո­ղո­վուր­դի կրած տա­ռա­պանք­ներն ու ող­բեր­գու­թիւն­նե­րը դա­սո­ւած են Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­մէ­նէն ծանր եւ ա­ղէ­տա­լի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու շար­քին։
2022-ն ­կը յատ­կան­շէ նաեւ յոյն ազ­գի ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու մե­ծա­գոյն ող­բեր­գու­թեան 100-ա­մեայ տա­րե­լի­ցը՝ ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տը, կոր­սո­ւած հայ­րե­նի­քի դառն նշու­մը, որ նման հայ ժո­ղո­վուր­դին, նոյն ժա­մա­նակ­նե­րուն ճա­շա­կած պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ, յան­գե­ցաւ Ա­րե­ւել­քի հա­զա­րա­մեակ­նե­րու քա­ղա­քակր­թու­թեան կո­րուս­տին, պատ­մա­կան հայ­րե­նիք­նե­րու խոր­տա­կու­մին, քրիս­տո­նեայ ստեղ­ծա­գործ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն ու բռնի տե­ղա­հա­նում­նե­րուն։
Ա­հա, այս ող­բեր­գա­կան պա­րու­նա­կին մէջ, գա­ղու­թա­յին տա­րո­ղու­թեամբ, Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, Թ­րա­կիոյ եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թիւ­նը այս ­Շա­բաթ եւ ­Կի­րա­կի պի­տի յար­գէ ո՛չ միայն ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-րդ ­տա­րե­լի­ցը, այ­լեւ հել­լէն քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան աշ­խար­հին հետ միաս­նա­բար, իր գլու­խը պի­տի խո­նար­հէ փոք­րա­սիա­կան ա­ղէ­տին հե­տե­ւան­քով հայ ժո­ղո­վուր­դի երկ­րորդ մեծ ող­բեր­գու­թեան առ­ջեւ, որ այս ան­գամ պատ­ճառ դար­ձաւ հայ­կա­կան ­Կի­լի­կիոյ դա­րա­ւոր հայ­րե­նի­քի եւ Զ­միւռ­նիոյ հայ­կա­կան բար­գա­ւաճ կեան­քի քայ­քա­յու­մին ու խոր­տակ­ման։
Այս շա­բա­թա­վեր­ջին, բո­լո­րիս գե­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւնն է վերս­տին գտնել մեր դի­մա­գի­ծը եւ զան­գո­ւա­ծա­յին մաս­նակ­ցու­թեամբ բարձ­րացնել ար­դա­րու­թեան ձայ­նը ցե­ղաս­պան ­Թուր­քիոյ ու ա­նոր դաշ­նա­կի­ցին՝ հա­յաս­պան Ատր­պէյ­ճա­նին դէմ։
— Որ­պէս­զի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը չկա­սե­ցո­ւի մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րու շա­հե­րու բա­խու­մի նո­րօ­րեայ յոր­ձա­նու­տին մէջ։
— Որ­պէս­զի հա­մա­հայ­կա­կան լա­րու­մով դէմ կանգ­նինք թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­յա­ջինջ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, որ կը փոր­ձէ մեր հա­մազ­գա­յին օ­րա­կար­գը ու հայ ժո­ղո­վուր­դի լի­նե­լու­թիւ­նը խեղ­դել նո­րօս­մա­նա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան ծրա­գիր­նե­րուն մէջ։
— Որ­պէս­զի Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը դուրս գայ հայ­րե­նի ներ­կայ ան­պա­տաս­խա­նա­տու իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու ան­կա­րո­ղու­թեան պատ­ճա­ռով ստեղ­ծուած ճա­հի­ճէն ու վե­րագտ­նէ մի­ջազ­գայ­նօ­րէն զայն լու­ծե­լու իր ի­րա­ւուն­քը։
— Որ­պէս­զի թոյլ չտրո­ւի այս­պէս կո­չո­ւած «հայ-թրքա­կան մեր­ձեց­ման» փութ­կոտ տե­ղա­տո­ւու­թեան մէջ միան­գա­մընդ­միշտ գետ­նին հա­ւա­սա­րե­ցո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար հա­տուց­ման պա­հանջն ու պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւ­նը։
— Որ­պէս­զի ցոյց տանք թուրք եւ ա­զե­րի պե­տու­թեանց, թէ հա­կա­ռակ մեր հայ­րե­նի ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թեան քա­ղա­քա­կան սնան­կու­թեան, հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն տէր կանգ­նիլ մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, հայ­կա­կան աշ­խար­հի դէմ հո­ղա­յին նկրտում­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման, տա­րա­գիր ար­ցախ­ցիի վե­րա­դար­ձին, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի գրա­ւեալ հո­ղե­րու վե­րա­տի­րաց­ման ու իր սե­փա­կան հայ­րե­նի­քին վրայ հայ մար­դու ան­կաշ­կանդ ու ա­զա­տա­տենչ վե­րապ­րու­մին։
Այս շա­բա­թա­վեր­ջին, գա­ղու­թա­յին լայն ներ­կա­յու­թեամբ վերս­տին ոտ­քի կանգ­նած պի­տի յի­շենք ու պի­տի պա­հան­ջենք։
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ա­մեա­կին հաս­տա­տո­ւած եւ հա­մազ­գա­յին յար­գան­քի ու ըն­դուն­ման ար­ժա­նա­ցած Հռ­չա­կա­գի­րի ո­գին ու պա­րու­նա­կու­թիւ­նը ի­րենց ա­մուր հնչե­ղու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն մնալ մեր ար­դար սպա­սում­նե­րուն եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ան­շեղ ու­ղե­գիծն ու քա­ղա­քա­կան Ուխ­տը։
­Մին­չեւ վերջ­նա­կան հա­տու­ցում։
­Մին­չեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րո­յա­կան եւ ի­րա­ւա­կան պա­հանջ­նե­րու ամ­բող­ջա­կան գո­հա­ցում։
­Կը յի­շենք, կը պա­հան­ջենք, կը պայ­քա­րինք։