Ինչ­պէս ար­դէն մեր ե­րէ­կո­ւան թի­ւով գրած էինք, յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ ա­կա­դե­մա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով կա­տա­րե­ցին դա­տա­պար­տան­քի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, նշե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծո­ւած ո­ճի­րի ան­պատ­ժե­լիու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը։
­Կա­տա­րո­ւած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն եւ տեղ կը գրա­ւէ ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար ­Քոնս­թան­թի­նոս Ֆ­լո­րո­սի ը­րած գրա­ռու­մը «­Թո­ւի­թըր»ի իր է­ջին վրայ։
­Յոյն բարձ­րաս­տի­ճան սպան կը նշէ. «Այ­սօր, կը նշենք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106-ա­մեա­կը։
­Մէ­կը՝ մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած ա­մե­նա­մեծ ո­ճիր­նե­րէն։ ­Մէկ ու կէս մի­լիոն հո­գի­ներ ար­դա­րու­թիւն կը պա­հան­ջեն»։
Ն­շենք, որ ­Յու­նաս­տա­նի ­Զի­նեալ ու­ժե­րու Գլ­խա­ւոր շտա­պի պե­տը ­Թուր­քիոյ կող­մէ ­Յու­նաս­տա­նի դէմ կա­տա­րո­ւած ռազ­մա­տենչ ոտնձ­գու­թիւ­նե­րու փոր­ձե­րուն դի­մաց, ցոյց տո­ւած է խրոխտ կե­ցո­ւածք. իր խօս­քե­րով ու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով կը ներշն­չէ ոչ միայն յու­նա­կան բա­նա­կի ծա­ռա­յող­նե­րը, այ­լեւ յոյն ժո­ղո­վուր­դը։