­Հա­յաս­տա­նէն 8ա­մեայ տա­ղան­դա­ւոր փոք­րիկ թաւ­ջու­թա­կա­հա­րու­հի ­Լիա­նա Ու­լի­խա­նեան մաս­նակ­ցե­ցաւ Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած «Τhe Muse» մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թին, ո­րուն մաս կազ­մե­ցին աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ փոք­րիկ ե­րա­ժիշտ­ներ եւ բո­լո­րին մէ­ջէն ստա­ցաւ բա­ցա­ռիկ ա­ռաջ­նու­թիւն։ Մր­ցու­մի ա­ռա­ջին փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ առ­ցանց ան­ցեալ Ապ­րի­լին։ Ե­րե­ւան ապ­րող մատ­ղաշ ա­րո­ւես­տա­գի­տու­հին հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով նո­ւա­գեց քննիչ մարմ­նոյ առ­ջեւ եւ ան­ցաւ յա­ջորդ փու­լին։
Մր­ցու­մի վերջ­նա­կան փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շա­բաթ` 29 ­Յու­նիս 2019ին, Ա­թէն­քի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ, եւ իր բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դով, ­Լիա­նա Ու­լի­խա­նեան ա­ռաջ­նու­թիւն բե­րաւ ու նո­ւա­ճեց մեծ թի­ւով մրցա­նակ­ներ եւ նո­ւէր­ներ։ Այս­պէս, ան ստա­ցաւ «Ա. կարգ»ի եւ «­Նոր ե­րեւ­ցող աստղ»ի զոյգ վկա­յա­կան­նե­րը, շքան­շան եւ ճակ­տի դափ­նեպ­սակ, բա­ժակ եւ իր մա­սին տո­ւեալ­նե­րով յա­տուկ գե­ղա­տիպ գրքոյկ մը, ինչ­պէս նաեւ թաւ­ջու­թա­կի ա­ղեղ մը։
Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յաց­նենք տա­ղան­դա­ւոր փոք­րիկ թաւ­ջու­թա­կա­հա­րու­հիին կեն­սագ­րա­կա­նը։
Լիա­նա Ու­լի­խա­նեան ծնած է 2010ին: Ան կ­՚ու­սա­նի Ե­րե­ւա­նի ­Չայ­քովս­կի ա­նո­ւան միջ­նա­կարգ մաս­նա­գի­տա­կան ե­րաժշ­տա­կան դպրո­ցէն ներս: Իր ու­սու­ցիչն է Ար­մի­նէ Ա­ւե­տի­սեան: ­Թաւ­ջու­թա­կի դա­սըն­թացք­նե­րուն կը հե­տե­ւի 5 տա­րե­կա­նէն:
Լիա­նան հա­մերգ­նե­րով հան­դէս ե­կած է ­Հա­յաս­տա­նի զա­նա­զան բե­մե­րու վրայ` ­Կո­մի­տա­սի ա­նո­ւան կա­մե­րա­յին ե­րաժշ­տու­թեան տան մէջ, ­Կո­մի­տա­սի թան­գա­րան-ինս­տի­տու­տին մէջ, Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի տուն թան­գա­րա­նին մէջ եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ: Ան “­Նոր ա­նուն­ներ” տա­ղան­դա­ւոր ե­րե­խա­նե­րու խում­բի ան­դամ է: (­Ծա­նօթ խմբ.՝ «­Նոր ա­նուն­ներ» տա­ղան­դա­ւոր ե­րե­խա­նե­րու խում­բը Ա­թէնք այ­ցե­լած էր 2003ին եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ` շարք մը ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցած էր ԷՐԹ պե­տա­կան հե­ռա­տե­սի­լէն եւ հան­րա­ծա­նօթ Ա­թէն­քի ե­րաժշ­տա­նո­ցէն ներս, ա­մէն տեղ ար­ժա­նա­նա­լով բա­ցա­ռիկ գնա­հա­տան­քի)։ 2019ին, ­Լիա­նա Ու­լի­խա­նեան մաս­նակ­ցած է «Արթ վե­րած­նունդ» մի­ջազ­գա­յին մրցոյթ-փա­ռա­տօ­նին եւ ար­ժա­նա­ցած է գլխա­ւոր մրցա­նա­կին: 2019ին ­Յու­նաս­տա­նի “The Muse” մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան մրցոյ­թին նո­ւա­ճած է ա­ռա­ջին պա­տո­ւա­ւոր դիր­քը: 2019ին ­Սեր­պիոյ ­Պելկ­րատ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ե­րաժշ­տա­կան մրցոյ­թին տի­րա­ցած է ա­ռա­ջին պա­տո­ւա­ւոր դիր­քը: 2018ին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Հ.Բ.Ը.Մ.ի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­րաժշ­տա­կան մրցոյ­թին, ­Լիա­նան ար­ժա­նա­ցաւ գլխա­ւոր մրցա­նա­կին, նո­ւէր ստա­նա­լով թաւ­ջու­թակ, դրա­մա­կան պար­գեւ եւ պա­տո­ւոյ գիր: Շ­նոր­հա­լի թաւ­ջու­թա­կա­հա­րու­հին վար­պե­տու­թեան դա­սըն­թացք­ներ ստա­ցած է աշ­խար­հահռ­չակ թաւ­ջու­թա­կա­հար­ներ ­Նա­րեկ ­Հախ­նա­զա­րեա­նի, ­Սե­ւակ Ա­ւա­նէ­սեա­նի (­Պել­ճի­քա), ­Լի­լիթ ­Քուր­թեա­նի (Ա.Մ.Ն.), Էռկ­կի ­Լա­հես­մաա­յի (­Ֆին­լան­տա) եւ Ֆ­րանք Է­պի­նա­սի (Ֆ­րան­սա) մօտ: Ներ­կա­յիս, ­Լիա­նան կը մաս­նակ­ցի շարք մը մրցոյթ­նե­րու, կու տայ բազ­մա­թիւ հա­մերգ­ներ եւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ զա­նա­զան ե­րաժշտա­կան ե­լոյթ­նե­րու։
­Ջեր­մա­պէս կը շնոր­հա­ւո­րենք հա­յազ­գի փոք­րիկ աստ­ղը եւ ի­րեն կը մաղ­թենք բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ մի­ջազ­գա­յին ե­րաժշ­տա­կան բե­մե­րուն վրայ։