Ե­րեք­շաբ­թի` 14 ­­Մա­յի­սի կէ­սօ­րին, ­­Յու­նաս­տա­նի ­խորհր­դա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ եւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի թեկ­նա­ծու՝ պա­րոն ­­Վան­կե­լիս ­­Մէյ­մա­րա­քիս այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան եւ հան­դի­պե­ցաւ ­­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեա­նի հետ:
Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պա­րոն ­­Պո­ղոս ­­Չո­լա­քեան եւ դի­ւա­նի ան­դամ­ներ պա­րոն­ներ ­­Պետ­րոս ­­Կիւ­րիւն­լեան եւ ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան, Հ­րայր Ա. Քհն. ­­Նի­կո­լեան եւ Հ.Յ.Դ. ­­Կեդ­րո­նա­կան ­­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կեր ­­Սեր­գօ ­­Գու­յում­ճեան:
Մէկ ժամ տե­ւո­ղու­թեամբ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին, զրույցի նիւթ եղան ­­Յու­նաս­տա­նի հայ­կա­կան գա­ղու­թը, ­­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը յու­զող հար­ցեր: Քն­նո­ւե­ցան նաեւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի ծի­րէն ներս գոր­ծակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, եւ ի մաս­նա­ւո­րի Ար­ցա­խի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու շուրջ իր դիր­քա­ւո­րու­մը, այն պա­րա­գա­յին որ ինք ընտ­րո­ւի Եւ­րոե­րես­փո­խան:
Պրն. ­­Մէյ­մա­րա­քիս անդ­րա­դառ­նա­լով դրո­ւած հար­ցե­րուն յայտ­նեց, թէ ան միշտ հան­դի­սա­ցած է հայ ժո­ղո­վուր­դի շա­հե­րուն կողմ­նա­կից թէ՛ որ­պէս ­­Յու­նաս­տա­նի ­­խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ, թէ՛ որ­պէս ­­Յու­նաս­տա­նի ­­պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար եւ խոս­տա­ցաւ նոյն ըն­թաց­քը որ­դեգ­րել նաեւ ա­պա­գա­յին: