­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը դատ կը բա­նայ Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ` պա­հան­ջե­լով ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­դար­ձը

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Դեկ­տեմ­բեր 2016ին, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը դատ բա­ցաւ ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ` պա­հան­ջե­լով ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դար­ձը: Ինչ­պէս ծա­նօթ է, շուրջ եր­կու տա­րի­նե­րու վրայ տա­րա­ծո­ւած աշ­խա­տան­քէ ետք, 28 Ապ­րիլ 2015ին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ դատ բա­ցած էր վե­րո­յի­շեալ պա­հան­ջով:

­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նը իր կար­գին դի­մած էր ­Թուր­քիոյ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան` ու­նե­նա­լու ա­նոր կար­ծի­քը: ­Վեր­ջինս թե­լադ­րած էր մեր­ժել դա­տը` զայն ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին ի­րա­ւա­սու­թեան սահ­ման­նե­րէն դուրս նկա­տե­լով: ­Հե­տե­ւա­բար, ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ո­րո­շեց դի­մել ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նին, Սթ­րազ­պուր­կի մէջ (Ֆ­րան­սա):

­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 7 ­Դեկ­տեմ­բեր 2016ին, Պ­րիւք­սէ­լի (­Պել­ճի­քա) մամ­լոյ ա­կում­բին մէջ, կէ­սօ­րէ ետք տե­ղա­կան ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցով ժա­մը 1:00ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մամ­լոյ ա­սու­լիս` մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղա­կան ու մի­ջազ­գա­յին մամ­լոյ գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու, քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու եւ ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: ­Մամ­լոյ ա­սու­լի­սին պի­տի մաս­նակ­ցին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Պ­րիւք­սէ­լի ­Հայ ­Դա­տի գրա­սե­նեա­կին տնօ­րէ­նը եւ յի­շեալ դա­տը հե­տապն­դող ի­րա­ւա­բան­նե­րու խմբա­կէն հինգ ան­ձեր: