Ե­րեք­շաբ­թի 17 ­Յու­լիս 2018-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց ­թե­մի ա­ռաջ­նորդ՝ ­­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­Քի­Ֆի­սիա­յի ­Քի­րիլ­լոս ­Մետ­րո­պո­լի­տին։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր կ­՛ը­կե­րա­նար Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ՝ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան եւ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան։
­Քի­րիլ­լոս ­Մետ­րո­պո­լի­տին բա­րի գա­լուս­տի ջերմ խօս­քե­րէն ետք, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ներ­կա­յա­ցուց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նի հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ սկսե­լով ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վո­ւու­թեան եւ ­Լի­բա­նա­նի ­հա­յոց ­թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դու­թեան տա­րի­նե­րէն ու ներ­կա­յիս որ­պէս ­Յու­նաս­տա­նի ­հա­յոց թե­մի նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նորդ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար, յայտ­նե­լով որ ­Յու­նաս­տա­նի Ա­ռաջ­նորդ ընտ­րո­ւե­լէն ի վեր ծա­նօ­թաց­ման պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ ե­կե­ղե­ցա­կան թէ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց, ո­րոնց ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ Ա­թէն­քի եւ ­Հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Իե­րո­նի­մո­սին որ­պէս հո­գե­ւոր ա­ւագ եղ­բայր, ու նաեւ գլխա­ւո­րա­գոյ­նը՝ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին պրն. Փ­րո­քո­փիս ­Բաւ­լո­փու­լո­սին։ Այդ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեանց ան­մի­ջա­կան շրջա­գի­ծը կը հան­դի­սա­նան մետ­րո­պո­լիտ­նե­րը այն շրջան­նե­րուն, ուր յու­նա­հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­ներ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են, ինչ­պէս օ­րի­նակ ­Քի­Ֆի­սիա շրջա­նէն ներս։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը նաեւ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Քի­րիլ­լոս ­Մետ­րո­պո­լի­տին հետ ծա­նօ­թա­նա­լուն հա­մար զայն նկա­տե­լով ­Յու­նաս­տա­նի Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րի­տա­սարդ խոստմ­նա­լի մետ­րո­պո­լիտ­նե­րու շար­քին, ո­րոնք ե­կե­ղեց­ւոյ դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը դի­մագ­րա­ւեն ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու պա­հան­ջած գոր­ծե­լաո­ճով։
­Խօ­սե­լով ա­ռա­հա­սա­րակ ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րու դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թեանց եւ յատ­կա­պէս Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ճգնա­ժա­մին մա­սին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը գո­հու­նա­կու­թեամբ ող­ջու­նեց այն որ ­Քի­րիլ­լոս Մետ­րո­պո­լիտ եւս կը բաժ­նէ այն հա­մո­զու­մը, թէ աշ­խար­հը այ­սօր պէտք է որ ի­րա­րու հետ եւ միա­սին տես­նէ քրիս­տո­նեայ տար­բեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րը։ ­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին Փ­րո­ֆի­թիս Ի­լիաս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կարճ ա­ղօթք մը տե­ղի ու­նե­ցաւ յոյն եւ հայ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ։
Այ­ցե­լու­թեան բա­րե­պա­տեհ ա­ռի­թով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ­Քի­րիլ­լոս ­Մետ­րո­պո­լի­տին նո­ւի­րեց հայ­կա­կան խաչ­քա­րի նմա­նակ մը, բա­ցատ­րե­լով ա­նոր ա­րո­ւես­տի եւ մշա­կոյ­թի ընդ­մէ­ջէն քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին հայ­կա­կան ըմբռ­նու­մը։ ­Քի­րիլ­լոս ­Մետ­րո­պո­լիտ իր կար­գին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին նո­ւի­րեց Աս­տո­ւա­ծա­մօր պատ­կե­րով պա­նա­կէ մը, իսկ ըն­կե­րակ­ցող հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն Ս. Եփ­րե­մի սրբա­պատ­կե­րը։