­Յու­նիս 18ի այս օ­րը, 31 տա­րի ա­ռաջ, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նը կա­յա­ցուց իր տե­սա­կին մէջ ան­նա­խա­դէպ՝ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թեամբ ո­րո­շում մը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին վե­րա­բե­րեալ։
18 ­Յու­նիս 1987ի իր նիս­տին, լայն մե­ծա­մաս­նու­թեամբ, Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նը որ­դեգ­րեց ո­րո­շու­մի բա­նա­ձեւ մը, որ հան­րա­ծա­նօթ դար­ձաւ «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը» ա­նու­նով։
­Բա­նա­ձե­ւը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած էր Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի ըն­կեր­վա­րա­կան խմբա­ւոր­ման ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ՝ ­Հան­րի ­Սա­պիի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը» գտնե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով ներ­կա­յա­ցո­ւած այդ բա­նա­ձե­ւը ա­ւե­լիով ուժ ստա­ցաւ, երբ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի յու­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ ­Քո­լո­քոթ­րո­նիս լրա­ցու­ցիչ ա­ռա­ջար­կու­թիւն մը ներ­կա­յա­ցուց՝ Ապ­րիլ 24ը իբ­րեւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան օր ճանչ­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին։
Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի հաս­տա­տած ո­րո­շու­մին բա­նա­ձե­ւը ու­նի ի­րա­ւա­կան ծա­ւա­լուն տա­րա­զում մը, ո­րուն հե­տե­ւեալ կէ­տե­րը կը խտաց­նեն ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին վե­րա­բե­րեալ եւ­րո­պա­կան պե­տու­թեանց ու հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ օ­րին տի­րող ընդ­հա­նուր մօ­տե­ցու­մը.
«- ­Հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով, որ ­Թուր­քիոյ մէջ բնա­կող հայ ժո­ղո­վուր­դին պատ­մու­թեան ճա­նա­չու­մը ինք­նին կ­’են­թադրԷ ա­նոր ինք­նու­թեան ճա­նա­չու­մը իբ­րեւ ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին, լե­զո­ւա­կան և կ­րօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն,
«- Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ հա­յե­րը այդ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը (1915ի ջար­դե­րը) կ­’ո­րա­կեն իբ­րեւ կազ­մա­կեր­պո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն` հա­մա­ձայն Մ.Ա.Կ.ի 1948 թո­ւա­կա­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին Ուխ­տագ­րին,
«- Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կը մերժԷ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մե­ղադ­րան­քը՝ իբ­րեւ ան­հիմն,
«- ­Հաս­տա­տե­լով, որ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը, մեր­ժե­լով մին­չեւ օրս ճանչ­նալ 1915 թո­ւա­կա­նի ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, այդ­պի­սով կը շա­րու­նակԷ զրկել հայ ժո­ղո­վուր­դին իր սե­փա­կան պատ­մու­թեան ի­րա­ւուն­քէն,
«- Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ պատ­մա­կա­նօ­րէն ա­պա­ցու­ցո­ւած հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մին­չեւ այժմ ո՛չ են­թար­կո­ւած Է քա­ղա­քա­կան դա­տա­պար­տու­մի, ոչ ալ ստա­ցած Է հա­մա­պա­տաս­խան հա­տու­ցում,
«- Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ ­Թուր­քիոյ կող­մէ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը այ­սու­հե­տեւ կը դի­տո­ւի որ­պէս հա­յե­րու նկատ­մամբ բա­րո­յա­կան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­կանգն­ման խո­րա­պէս մարդ­կա­յին քայլ, որ միայն պա­տիւ կրնայ բե­րել թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան,
«- ­Խո­րա­պէս ափ­սո­սանք յայտ­նե­լով եւ դա­տա­պար­տե­լով 1973էն 1986 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին հայ­կա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու ա­նի­մաստ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ բազ­մա­թիւ մա­հա­փորձ­նե­րը, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւե­ցան կամ վի­րա­ւո­րո­ւե­ցան բազ­մա­թիւ ան­մեղ մար­դիկ, ինչ որ դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ճնշող մե­ծա­մաս­նու­թեան կող­մէ,
«- Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով, որ բո­լոր ի­րե­րա­յա­ջորդ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ան­հաշտ դիր­քո­րո­շու­մը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին նկատ­մամբ ոչ մէկ կեր­պով չէ նպաս­տած լա­րո­ւա­ծու­թեան թու­լաց­ման,
«1. ­Յայտ­նե­լով այն կար­ծի­քը, որ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը, ինչ­պէս նաեւ ­Թուր­քիոյ մէջ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հար­ցը պէտք Է քննար­կո­ւին ­Թուր­քիոյ եւ Եւ­րո­պա­կան տն­տե­սա­կան ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող յա­րա­բե­րու­թեանց շրջա­գի­ծին մէջ՝ կ­’ընդգծԷ, որ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը երկ­րի մը մէջ կրնայ ար­մա­տա­պէս հաս­տա­տո­ւիլ միայն այն պայ­մա­նով, որ այդ եր­կի­րը ճանչ­նայ եւ հարս­տաց­նէ իր պատ­մու­թիւ­նը՝ իր ազ­գա­յին եւ մշա­կու­թա­յին այ­լա­զա­նու­թեամբ:
«2. ­Կը գտնԷ, թէ ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցան 1915-1917 թո­ւա­կան­նե­րուն Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան տա­րած­քին հա­յե­րու նկատ­մամբ, կը հան­դի­սա­նան ցե­ղաս­պա­նու­թիւն՝ հա­մա­ձայն «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը կան­խար­գի­լե­լու եւ պատ­ժե­լու մա­սին» Ուխ­տագ­րին, ըն­դու­նո­ւած Մ.Ա.Կ.ի Գլ­խա­ւոր ­Հա­մա­ժո­ղո­վին կող­մէ 1948ի ­Դեկ­տեմ­բեր 9ին:
«­Կը նշԷ, միա­ժա­մա­նակ, որ ժա­մա­նա­կա­կից ­Թուր­քիան պա­տաս­խա­նա­տու չի կրնար հա­մա­րո­ւիլ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան հայ բնակ­չու­թեան ող­բեր­գու­թեան հա­մար եւ ա­մե­նայն հաս­տա­տա­կա­մու­թեամբ կ’ընդգծԷ, որ պատ­մա­կան այդ ի­րա­դար­ձու­թեանց ճա­նա­չու­մը իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան` ա­ռիթ չի կրնար հան­դի­սա­նալ քա­ղա­քա­կան, ի­րա­ւա­կան կամ նիւ­թա­կան ո­րե­ւէ պա­հան­ջի այ­սօ­րո­ւան ­Թուր­քիոյ նկատ­մամբ:
«3. ­Կը պա­հան­ջէ (Եւ­րո­պա­կան) ­Խոր­հուր­դէն ճնշում գոր­ծադ­րել այ­սօ­րո­ւան թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան վրայ, որ­պէս­զի վեր­ջինս ճանչ­նայ 1915-1917 թո­ւա­կան­նե­րուն հա­յե­րու հան­դէպ կազ­մա­կեր­պո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ այդ­պի­սով նպաս­տէ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան հաս­տատ­ման՝ ­Թուր­քիոյ եւ հա­յե­րու լիա­զօր պա­տո­ւի­րակ­նե­րուն մի­ջեւ:
«4. ­Մեկ­նե­լով ան­կէ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ան­ցեա­լին Ե­րիտ­թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեր­ժու­մը այժ­մու թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, ­Յու­նաս­տա­նի հետ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող վի­ճե­լի հար­ցե­րուն մէջ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­կան նոր­մե­րու կի­րա­ռու­մէն հրա­ժա­րու­մը, ­Կիպ­րո­սի մէջ թրքա­կան գրաւ­ման զօր­քե­րու պահ­պա­նու­մը, ինչ­պէս նաեւ քրտա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ժխտու­մը, այդ երկ­րին մէջ (­Թուր­քիա) իս­կա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը, ան­հա­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան ու յատ­կա­պէս կրօ­նա­կան ա­զա­տու­թիւն­նե­րու ոտ­նա­հա­րու­մը՝ այս ա­մէ­նը կը հան­դի­սա­նան ան­յաղ­թա­հա­րե­լի ար­գելք­ներ Եւ­րո­պա­կան Տն­տե­սա­կան ­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մին մէջ ­Թուր­քիոյ հնա­րա­ւոր ըն­դուն­ման հար­ցի քննարկ­ման հա­մար»…:
­Բա­նա­ձե­ւը բա­զում այլ կէ­տեր եւս կը պա­րու­նա­կէ, բայց այս­քանն իսկ բա­ւա­րար է հաս­տա­տե­լու հա­մար, որ իր տե­սա­կին մէջ քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր քայլ մը նե­տո­ւե­ցաւ այդ ժա­մա­նակ տա­կա­ւին Ա­րեւմ­տեան կո­չո­ւող Եւ­րո­պա­յի կող­մէ՝ ոչ միայն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման ճա­կա­տին վրայ, այ­լեւ՝ ­Թուր­քիան եւս միեւ­նոյն կե­ցո­ւած­քին մղե­լու բա­րո­յա­կան պար­տա­ւո­րու­թեան ճնշու­մին տակ առ­նե­լու ի­մաս­տով։ Ան­շուշտ հա­յե­րուս սեւ աչ­քե­րուն հա­մար չոր­դեգ­րո­ւե­ցաւ այդ բա­նա­ձե­ւը։
­Հայ ­Դա­տի ու­ժա­կան պայ­քա­րին գլխա­ւոր նո­ւա­ճու­մը հան­դի­սա­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան՝ այս պա­րա­գա­յին Ա­րեւմ­տեան Եւ­րո­պա­յի կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման հե­տա­մուտ այդ քայ­լը։
­Նոյն­պէս ան­տե­սու­մի պէտք չէ մատ­նո­ւի բա­նա­ձե­ւին պա­րու­նա­կած հայ ժո­ղո­վուր­դի հաշ­ւոյն ա­նըն­դու­նե­լի այն բա­ցա­յայտ պայ­մա­նը, որ այ­սօ­րո­ւան ­Թուր­քիան պէտք չէ պա­տաս­խա­նա­տու հա­մա­րո­ւի եւ ո­րե­ւէ պա­հան­ջի առ­ջեւ դրո­ւի՝ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ Ե­րիտ­թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծած ո­ճիր­նե­րուն հա­մար։
­Բայց միա­ժա­մա­նակ կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է ընդգ­ծել, որ Ե­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու հա­մար՝ իր այլ պար­տա­ւո­րու­թեանց կար­գին, ­Թուր­քիան պար­տա­ւո­րու­թեան տակ դրո­ւե­ցաւ ճանչ­նա­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։
­Թէեւ այս վեր­ջին պայ­մա­նը շու­տով մո­ռա­ցու­թեան տրո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նին կող­մէ՝ ­Թուր­քիոյ ան­դա­մակ­ցու­թեան հա­մար հե­տա­գա­յին իր ճշդած պայ­ման­նե­րու ցու­ցա­կէն…
­Յա­մե­նայն դէպս, իր այս բո­լո­ր հա­կա­սու­թիւն­նե­րով ու սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րով հան­դերձ՝ 18 ­Յու­նիս 1987ի Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի որ­դեգ­րած ո­րո­շու­մի բա­նա­ձե­ւը ճամ­բան բա­ցաւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին քա­ղա­քա­կան լու­ծում մը գտնե­լու մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի մե­րօ­րեայ շա­հագրգ­ռու­թեան առ­ջեւ։
­Կը մնայ, որ ­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք իր դիր­քե­րը ա­ւե­լիով ամ­րապն­դած ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն պա­հան­ջա­տէր կանգ­նի թէ՛ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի բա­նա­ձե­ւին ա­ւե­լի ար­դա­րա­դատ տա­րա­զու­մին եւ հիմ­նա­ւո­րու­մին, թէ՛ ա­նոր լիար­ժէք գոր­ծադ­րու­թեան, ի խնդիր պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան վե­րա­կանգ­նու­մին։
Մ­տա­բե­րե­լով 18 ­Յու­նիս 1987ի Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի այս բա­նա­ձե­ւը, Ե­րե­ւա­նէն մին­չեւ սփիւռ­քի հե­ռա­ւոր ա­փե­րը, այ­սօր կը վե­րա­նո­րո­գենք հա­ւա­քա­կան մեր վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ միաս­նա­բար բո­լո­րին յի­շեց­նե­լու, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը թրքա­կան պե­տու­թե­նէն կը պա­հան­ջէ ոչ միայն ըն­դու­նիլ եւ դա­տա­պար­տել իր նա­խորդ­նե­րուն գոր­ծադ­րած ա­հա­ւոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հա­յոց նկատ­մամբ, այ­լեւ՝ քա­ղա­քա­կան, հո­ղա­յին, մշա­կու­թա­յին եւ մարդ­կա­յին ար­դար ու ամ­բող­ջա­կան հա­տու­ցում կա­տա­րել պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թեան։
18 ­Յու­նիս 1987ի Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի բա­նա­ձե­ւով՝ ­Հայ ­Դա­տի պայ­քա­րը ա­ւար­տեց ­Հայ­կա­կան ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման փու­լը եւ թե­ւա­կո­խեց ամ­բող­ջա­կան՝ քա­ղա­քա­կա՛ն հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լու իր ներ­կայ փու­լը։