Հ.Յ.Դաշնակցութեան 135-ամեակին առիթով, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս կազմակերպուած վաղուան կլոր սեղանի զրոյցը ու անկէ յառաջ գալիք շարք մը հաստատումներ, հաւաքական առաջնահերթութիւններուն մասին մտածելու չափանիշ մըն են։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դիմաց այսօր կանգնած են երկու համարժէք եւ փոխկապակցուած օրակարգեր, հայրենիքի մէջ քաղաքական միտքի ու պետական հիմնաշէնքի զարգացումը, իսկ Սփիւռքի մէջ՝ անոր ապագայի ձեւաւորումը։
Բնականաբար, երկու մարտահրաւէրները կարելի չէ դիտել առանձին։ Անոնք նոյն ռազմավարական ուղղութեան բաղադրիչներն են, իսկ անոնց յաջողութիւնը կախուած է շղթայի օղակներուն փոխադարձ ամրապնդումէն։
Հայրենիքի զարգացման օրակարգը նախ եւ առաջ կը պահանջէ ազգային եւ քաղաքական մտածողութեան ամրագրում։ Վերջին տարիներուն, քաղաքական իրավիճակը օրէ օր աւելի մտահոգիչ կը դառնայ։
Պետական մտածողութիւնը կը սահմանափակուի վարչարարական սահմաններու մէջ, ազգային օրակարգը անցած է երկրորդական կարգի վրայ, Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ հալածանքը ուռճացած է, իսկ հանրային բանավէճը կը փորձուի սահմանել իշխանաւոր խաւի քաղաքական նեղ շահերուն շուրջ։ Այս պայմաններուն մէջ, անհրաժեշտ է վերականգնել այն գաղափարը, թէ պետութիւնը պատմական պատասխանատուութիւն է, չի կրնար զարգանալ միայն վարչական կառոյցի մը նեղ ընկալումին մէջ։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Դաշնակցութիւնը, իր գաղափարական ժառանգութեամբ, ունի կարողութիւն ձեւաւորելու ազգային եւ ռազմավարական մտածողութիւն՝ քաղաքական միտքը բարձրացնելով սկզբունքային հարթութեան վրայ։
Այս շրջագիծէն ներս, կարելի չէ Հայ դատի միջազգային հետապնդումը ու Արցախի հիմնահարցը ներկայացնել իբրեւ փակուած էջեր։ Անոնք կը մնան հայ քաղաքական օրակարգի առանցքային ու կարեւորագոյն մասնիկները, որովհետեւ կը վերաբերին հայու անկորնչելի պահանջներու հաստատման, պատմական արդարութեան վերականգնումին, արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին ու Հայաստանի անվտանգութեան։
Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, անհրաժեշտ է իմաստաւորել Հայաստանի դերը տարածաշրջանէն ներս։ Այսօրուան իշխանաւորներու վարքագիծը պետութեան գաղափարը կը բաւարարէ սոսկ գոյատեւման սահմանափակ նպատակներու հետապնդումին մէջ։ Հայրենի երկիրը պէտք է ընկալուի իբրեւ կենսական դեր ունեցող քաղաքական միաւոր, որուն կայունութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը անմիջական ազդեցութիւն ունին ամբողջ հայութեան ապագային վրայ։ Անհրաժեշտ կը դառնայ արտաքին քաղաքականութեան նոր ձեւակերպում մը, միաժամանակ ամրապնդելով հայրենիքի անվտանգային ու տնտեսական զարգացման հայեցակարգը։
Սփիւռքի օրակարգը այլեւս կարելի չէ անջատ պահել վերոնշեալ հարցերէն։ Սփիւռքեան կեանքի ու հետեւաբար կառոյցներու դիմագրաւած նահանջը կը վկայէ, որ ինքնութեան պահպանումը միայն լեզուի ու մշակոյթի խնդիր չէ. ան կը կարօտի քաղաքական յստակ ու համակարգուած սեւեռումի։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան առջեւ դրուած է հիմնական խնդիր մը՝ ձեւաւորել սփիւռքեան ապագային մասին այնպիսի պատկերացում, որ պիտի միացնէ գաղութային կեանքը հայրենիքի զարգացման հետ։ Հարկ է շրջափոխել այն ընկալումը, թէ Սփիւռքը միայն նիւթական կամ բարեսիրական օժանդակութեան աղբիւր է։ Անհրաժեշտ է զարգացնել անոր մտաւոր, մասնագիտական եւ քաղաքական ներուժի գործուն մասնակցութիւնը հայութեան ամբողջական բարգաւաճման համար։
Հայրենի եւ սփիւռքեան օրակարգերը կը միանան մէկ համահայկական սեւեռումի մէջ։ Հայրենիքէն ներս ազգային մտածողութեան զարգացումը պիտի ամրապնդէ Սփիւռքի վստահութիւնը, իսկ Սփիւռքի կազմակերպուած ներուժը պիտի զարգացնէ Հայաստանի ազգային ու ռազմավարական հետապնդումներու կարողականութիւնը։ Փոխադարձ գործակցութիւնը ընտրանք չէ, այլ կենսական անհրաժեշտութիւն, որ պէտք է ձեւաւորել այնպիսի մթնոլորտի մէջ, ուր երկկողմանի միտքերու եւ կարողութիւններու հոսքը պիտի հաստատուի ամուր եւ իրար վստահող յենարաններու վրայ։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան 135-ամեակը այս իմաստով կը դառնայ պատասխանատուութեան հանգրուան։ Գաղափարական մեր շարժումի պատմական փորձառութիւնը կը վկայէ, որ կարելի է դարձեալ զարգացնել համահայկական մտածողութիւնը եւ ազգային արժէքներու ամրապնդումը։ Այս ուղղութեամբ՝ միտքերու ձեւակերպումն ու մշակուած մտածելակերպը, բայց մանաւանդ՝ գործնական ծրագիրներու զարգացումը պէտք է դառնան հայութեան օրակարգի այժմէական առաջադրանքները։
Հայրենիքի եւ Սփիւռքի քաղաքական զարգացման իմաստաւորումը, Հայ դատի իրաւական հետապնդումը, Արցախի ինքնորոշումը եւ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորումը պէտք է կազմեն այն ենթահողը, ուր կարելի պիտի ըլլայ կերտել հայութեան գոյատեւման իրատեսական եւ ամբողջական հեռանկարը։
Ահա, այս ակնկալութեամբ՝ վաղը երեկոյ մեր ժողովուրդը հրաւիրուած է անկեղծ ու սրտբաց երկխօսութեան։










