ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն հրապարակուած բացայայտումներուն եւ պաշտօնական խօսքերուն լոյսին տակ, նոր զարգացումներ յառաջացած են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Խօսքը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու կողմէ՝ Սիւնիքի տարածքին վրայ սահմանային երկարութեամբ ճանապարհը 100 տարուան համար վարձակալելու առաջարկին՝ որուն շուրջ ընթացող գաղտնի բանակցութիւնները սկսած են դանդաղ դուրս գալ փակ դռներէն։
Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թոմաս Պարաք, վերջերս կատարած յայտարարութիւններով, հաստատեց այն, որ մինչեւ այսօր կը նկատուէր լուրերու ու լրագրական բացայայտումներու առարկայ։ Ան ըսաւ. «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը վիճին 32 քիլոմեթր ճանապարհի շուրջ, եւ մենք կու գանք ու կ՚ըսենք՝ տուէք մեզի վարձակալութեամբ։ Բոլոր կողմերը պիտի շահին»։
Եթէ ամերիկացի դիւանագէտին հաստատումը իրականութեան հետ աղերս ունի, կը նշանակէ, որ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ ճանապարհը կը վերածուի ոչ պետական, օտար ընկերութեան մը կողմէ վերահսկելի գօտիի։ Միջազգային օրէնքի իմաստով, այդ կը նշանակէ տարածքային վերահսկողութեան զիջում։ Հարցը արդէն դուրս կու գայ ենթակառուցուածքներու տիրոյթէն եւ կը մտնէ ազգային անվտանգութեան եւ պետականութեան արժանապատուութեան եզրերուն մէջ։
Հետազօտող լրագրող Ռակըփ Սոյլու, Middle East Eye-ի մէջ յիշատակած է, որ նման նախագիծ՝ Թրամփի վարչակազմի ժամանակ, քննարկուած է որպէս առեւտրային լուծում տարածաշրջանային պայթունավտանգ իրադրութեան դիմաց։ Այս ձեւով, ամերիկեան ընկերութիւն մը պիտի դառնայ առեւտրական երթեւեկութեան պատասխանատու եւ միաժամանակ՝ քաղաքական առումով պիտի վերցնէ չէզոք երաշխաւորի դերը։ Սակայն, այլ աղբիւրներ կը պնդեն, որ իսկական նախաձեռնութիւնը ձեւաւորուած է Անգարայի մէջ։ Թուրքիա, իր աւանդական նպատակին համաձայն, կը փորձէ Սիւնիքը վերածել հարաւային միջանցքի օղակի, հսկելով ոչ միայն տնտեսութիւնը, այլ նաեւ աշխարհաքաղաքական լարերը։
Այլ աղբիւր մը, որ անմիջական տեղեկութիւններ կ՚երեւի ունենալ բանակցութիւններուն մասին, նշած է, որ այս նախագիծի սկզբնական տարբերակը ընդունուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ։ Միաժամանակ, հայկական կողմը պահանջած է, որ նոյն ընկերութիւնը վերահսկէ նաեւ Նախիջեւանի կողմի անցուղին, որուն դիմաց Պաքուն կտրուկ մերժում յայտնած է։ Այս իրողութիւնը բացայայտ կը դարձնէ, որ ոչ միայն Սիւնիքը, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանը վերածուած է միջազգային շահերու բախման գօտիի։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան ըստ էութեան չհերքեց, որ Երեւան նման առաջարկ քննարկած է։ Իր շեշտադրումը եղած էր դիւանագիտական անորոշութեան վրայ, առանց յստակ կեցուածքի։ Մինչդեռ՝ վարչապետի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեան կտրուկ յայտարարեց, որ «Հայաստան երբեք չէ քննարկած եւ չի քննարկեր երրորդ կողմի վերահսկողութիւնը Հայաստանի տարածքին մէջ»։ Այս ակնյայտ հակասութիւնը՝ նոյնինքն կառավարութեան կազմէն ներս, կը վկայէ իշխանական համակարգի քաղաքական անորոշ եւ տկար մօտեցումներուն մասին։ Երբ արտաքին քաղաքական հարցի մը վերաբերեալ այսքան բացասական անհամաձայնութիւն կայ՝ բացայայտ կը դառնայ պատասխանատուութեան եւ յստակ ուղեգիծի բացակայութիւնը, որուն վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ արտաքին գործօնին կողմէ ճնշում բանեցնելու ազդակը։
2023-ի Սեպտեմբերին, վարչապետ Փաշինեան հրապարակային յայտարարութեամբ նշած էր՝ «Հայաստան պատրաստ է նոյն պայմաններով փոխանցում կատարել, ինչ որ Իրան կ՚ընէ Ատրպէյճանին»։
Սակայն, եթէ Միացեալ Նահագներու դեսպանին բացայայտումները ճշգրիտ են, ապա ներկայիս քննարկուող նախագիծը կը խախտէ այդ յայտարարութեան բոլոր հիմքերը։ Սիւնիքի շուրջ ընթացող գաղտնի բանակցութիւններուն ծրագիրը աւելի կը բացայայտուի, երբ դիտարկենք վերջերս Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը։ Թէեւ ոչ բաւարար լուսաբանութիւներով հանրային կարծիքին, այդ հանդիպումը յենուեցաւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու յայտարարութիւններուն վրայ, սակայն՝ ակնյայտ տարբերութիւններով։
Ատրպէյճանական կողմը հաղորդեց, որ «հանդիպումը օգտակար էր տարածաշրջանային հաղորդակցութեան բացման, Նախիջեւան-Ատրպէյճան կապի եւ տնտեսական միջանցքներու ճշդման առումով»։
Ըստ Պաքուի, կողմերը «մօտեցումներ արձանագրեցին առեւտրային երթուղիներու ապաշրջափակման տրամաբանութեան շուրջ»։
Հայկական կողմը յայտարարեց, թէ քննարկուեցան «խաղաղութեան համաձայնագրի դրոյթներ» եւ «ընդհանուր մերձեցման հնարաւորութիւններ», առանց մանրամասնելու, թէ ի՛նչ գինով եւ ճշգրիտ ի՛նչ բովանդակութեամբ։
Այս տարբեր ձեւակերպումները կը յուշեն, թէ Հայաստան կը փորձէ ներքին լսարանին համար թաքցնել կատարուած զիջումները, մինչդեռ Պաքուն աւելի յայտնի կը դարձնէ, թէ արդէն իսկ ձեռք ձգած է կարեւոր համաձայնութիւններ՝ ապաշրջափակման եւ հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբերեալ։
Վերլուծաբաններու գնահատումով, Ապու Տապիի հանդիպումը կրնայ հանդիսացած ըլլալկառավարման մասին համաձայնութիւններ, որոնք այժմ փորձ կ՚ըլլայ իրականացնել ամերիկեան արտաքին միջամտութեան ճամբով։ Հակառակ իր ծանօթ փութկոտութեան՝ տարաղծաշրջանային խնդիրներու մասին լաւատեսութիւն յայտնելու իր վարքագիծին, Երկուշաբթի օր նախագահ Թրամփ յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը կը մօտենայ յաջող լուծումի։ Այս մասին ան խօսեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւտէի հետ հանդիպումին ժամանակ, կարծիք յայտնելով, որ Երեւանն ու Պաքուն մօտ են իրենց տարաձայնութիւններու լուծումին։ Նոյն շրջագիծին մէջ կարելի է դիտարկել նաեւ վարչապետ Փաշինեանի ուղեւորութիւնը դէպի Եւրոպա եւ արտայայտուած զօրակցական խօսքերը։
Այս գործընթացը տեղի կ՚ունենայ այն պահուն, երբ իշխանութիւնը ներքին ճակատին վրայ կը բանեցնէ լայնածաւալ ճնշումներ ընդդիմութեան դէմ։ Քաղաքական եւ կրօնական գործիչներու ձերբակալութիւնները, «յեղաղրջման» մասին արհեստածին վարկածները, եկեղեցւոյ դէմ արհեստականօրէն ստեղծուած գայթակղութիւններու «բացայայտումները» եւ զանգուածային քարոզչական մթնոլորտը կը ծառայեն մէկ նպատակի՝ շեղել ժողովուրդի ուշադրութիւնը «ներքին անկայունութեան» վրայ, հեռու պահելով զայն արտաքին քաղաքականութեան մասին որոշումներու օրակարգէն։
Ամէն պարագային, վերջին արագահոս բացայայտումները ցոյց տուին, թէ Փաշինեան-Ալիեւ յարաբերութիւնները աւելի խորացած են։ Վարչախումբին կողմէ արտաքին քաղաքականութեան ծանրակշիռ որոշումները խորհրդարանական քննարկումներէն եւ հանրային կարծիքէն հեռու պահելով, Հայաստան կանգնած է ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան լրջագոյն խնդիրներու առջեւ։ Արտաքին ճնշումները եւ ներքին քաղաքական խաղերը կրնան դառնալ ազգային անդարձ կորուստի պատճառ։