Ի գիտութիւն Գարէայի եւ շրջակայքի մեր հաւատացեալ ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով Շաբաթ, 11 Մայիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Գարէայի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» մատուռին մէջ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի։
Պիտի Պատարագէ եւ քարոզէ շրջանիս հոգեւոր հովիւ
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի դպրապետութեամբ
բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի:
Պիտի յաջորդէ հիւրասիրութիւն:
Այսու կը հրաւիրուի շրջանի հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու յիշեալ հոգեպարար արարողութեան։
Գարէա-Կեսարեանիի Թաղական Խորհուրդ