ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

­Քա­թա­լո­նիոյ մէջ 1 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ: ­Քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցե­ցաւ քո­ւէար­կե­լու ի­րա­ւունք ու­նե­ցող­նե­րուն նո­ւազ քան կէ­սը, իսկ ընդ­դի­մա­դիր­ներ պոյ­քո­թի են­թար­կե­ցին հան­րա­քո­ւէն: ­Քո­ւէար­կող­նե­րուն բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը քո­ւէար­կեց ի նպաստ ան­կա­խու­թեան եւ այ­նու­հե­տեւ ­Քա­թա­լո­նիոյ ան­կա­խու­թիւ­նը հռչա­կո­ւե­ցաւ: ­Սա­կայն սպա­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­պօ­րի­նի, հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան եւ ան­վա­ւեր հռչա­կեց հան­րա­քո­ւէն: ­Քա­թա­լո­նիոյ խորհր­դա­րա­նը լու­ծո­ւե­ցաւ եւ ­Մատ­րիտ ուղ­ղա­կի իշ­խա­նու­թիւն հաս­տա­տեց ինք­նա­վար մար­զին վրայ: ­Քար­լէս ­Փուճ­տե­մոն եւ տե­ղա­կան ղե­կա­վար­նե­րը պաշ­տօ­նէ ար­ձա­կո­ւե­ցան եւ բնա­կա­նո­նա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգն­ման հա­մար կան­խա­հաս ընտ­րու­թիւն­ներ ճշդո­ւե­ցան:
­Քա­թա­լո­նիա պատ­մա­կան երկ­րա­մաս է Ս­պա­նիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան կող­մը, ­Փի­րե­նեան լեռ­նե­րուն եւ ­Մի­ջերկ­րա­կան ծո­վուն մի­ջեւ, եւ քա­թա­լո­նա­ցի­նե­րը Ս­պա­նիոյ բաղ­կա­ցու­ցիչ ազ­գագ­րա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րէն են:
Ս­պա­նիա 46 մի­լիոն բնա­կիչ ու­նի: Ս­պա­նա­ցիք տե­ղա­կան ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու եւ լե­զո­ւա­կան ու բար­բա­ռա­յին տար­բե­րու­թիւն­նե­րու հի­մամբ ազ­գագ­րա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րու բաժ­նո­ւած են: ­Ցե­ղագ­րա­կա­նօ­րէն, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին հոն բնա­կած, ներ­խու­ժած եւ տի­րա­պե­տած ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն եւ ցե­ղե­րէն՝ ի­պեր­նե­րէն, փիւ­նի­կե­ցի­նե­րէն, յոյ­նե­րէն, կել­տե­րէն, հռո­մէա­ցի­նե­րէն, վան­տալ­նե­րէն, ա­լան­նե­րէն, սո­ւեւ­նե­րէն, վի­սի­կո­թե­րէն եւ մաւ­րե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը իր անջն­ջե­լի կնի­քը դրած է:
­Քաս­թի­լիա­ցի­նե­րը (քաս­թի­լիա­նոս) գլխա­ւո­րա­բար ­Քաս­թի­լիա լա ­Ման­չա­յի, ­Մատ­րի­տի եւ ­Քաս­թի­լիոյ եւ ­Լէո­նի մէջ կեդ­րո­նա­ցած են: ­Կը խօ­սին քաս­թի­լե­րէն (քաս­թի­լիա­նօ), որ ծա­գում ա­ռած է հիւ­սի­սա­յին Ս­պա­նիոյ մէջ, սե­րած է լա­տի­նե­րէ­նէն եւ ազ­դո­ւած է պաս­քե­րէ­նէն: ­Քաս­թի­լիա 11րդ ­դա­րուն ան­կա­խու­թիւն ձեռք ձգեց եւ ­Պուր­կոս եւ այ­նու­հե­տեւ ալ ­Վա­լիա­տո­լիտ ա­նոր մայ­րա­քա­ղա­քը դար­ձան: ­Քաս­թի­լիա լա ­Վիե­խա (­Հին ­Քաս­թի­լիա) կեդ­րո­նա­կան Ս­պա­նիոյ հիւ­սի­սա­յին գօ­տին է, իսկ ­Քաս­թի­լիա լա ­Նո­ւէ­վա (­Նոր ­Քաս­թի­լիա) ան­կէ հա­րաւ տա­րա­ծո­ւող գօ­տին է:
­Քաս­թի­լիոյ թա­գա­ւո­րու­թիւ­նը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ Ի­պե­րիա­կան թե­րակղզիին մեծ մա­սին վրայ, յատ­կա­պէս՝ դէ­պի հա­րաւ, եւ քաս­թի­լե­րէ­նը փո­խա­րի­նեց հոն խօ­սո­ւող լե­զու­նե­րը: Իսկ Ա­մե­րի­կա­յի նո­ւա­ճու­մէն ետք քաս­թի­լիա­կան լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը տա­րա­ծո­ւե­ցան ­Նոր Աշ­խար­հին մէջ: ­Քաս­թի­լե­րէն նաեւ հո­մա­նիշ է սպա­նե­րէ­նի:
Ան­տա­լու­զիա­ցի­նե­րը երկ­րին հա­րա­ւա­յին հա­մա­նուն երկ­րա­մա­սին բնա­կիչ­ներն են եւ ան­տա­լուզ կամ ան­տա­լու բար­բա­ռը կը խօ­սին:
Էսթ­րե­մա­տու­րա­ցի­նե­րը երկ­րին կեդ­րո­նա­կան-հա­րաւ-ա­րեւմ­տեան երկ­րա­մա­սի բնա­կիչ­ներն են: Էսթ­րե­մե­նիու լե­զուն կը խօ­սո­ւի Էսթ­րե­մա­տու­րա­յի հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան շրջան­նե­րուն եւ յա­րա­կից ­Սա­լա­ման­քա­յի նա­հան­գին մէջ:
Ա­րա­կոն­ցի­նե­րը հա­մա­նուն, կեդ­րո­նա­կան եւ հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան Ս­պա­նիոյ մի­ջեւ տա­րա­ծո­ւող պատ­մա­կան երկ­րա­մա­սին բնա­կիչ­ներն են: Ա­րա­կո­նես լե­զուն, որ կը խօ­սո­ւէր Ա­րա­կո­նի թա­գա­ւո­րու­թեան մէջ, ներ­կա­յիս միայն գիւ­ղա­կան կարգ մը շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն մօտ պահ­պա­նուած է:
Աս­թու­րիա­ցի­նե­րը հիւ­սի­սա­յին հա­մա­նուն երկ­րա­մա­սին բնա­կիչ­ներն են եւ կել­տա­կան ծա­գում ու­նին: Աս­թու­րիա­նու կամ պապ­լէ լե­զուն եւ քաս­թի­լե­րէն կը խօ­սին:
Էո­նա­ւիե­կօ լե­զուն կը խօ­սո­ւի Աս­թու­րիոյ կարգ մը շրջան­նե­րու մէջ:
­Լէոն­ցի­նե­րը (լիո­նե­սես) նախ­կին ­Լէո­նի թա­գա­ւո­րու­թեան բնա­կիչ­ներն են եւ հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան Ս­պա­նիոյ եւ ­Փոր­թու­գա­լի հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան շրջան­նե­րուն մէջ կեդ­րո­նա­ցած են: ­Պա­հած են լիո­նէ­սա լե­զուն:
­Կա­լի­ցիա­ցի­նե­րը երկ­րին հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան ­Կա­լի­ցիա երկ­րա­մա­սին բնիկ­ներն են. կեդ­րո­նա­ցած են նաեւ Աս­թու­րիոյ, ­Քաս­թի­լիոյ եւ ­Լէո­նի, հիւ­սի­սա­յին ­Փոր­թու­գա­լի, ­Մատ­րի­տի, ­Պար­սե­լո­նա­յի եւ ­Պիս­քա­յի մէջ: ­Կա­լի­ցե­րէ­նը (կա­լե­կօ) մօ­տիկ առն­չու­թիւն ու­նի փոր­թու­գա­լե­րէ­նին հետ:
­Պաս­քե­րը (ինք­նա­նո­ւա­նու­մը՝ էոս­քալ­տու­նաք, ե­զա­կի՝ էոս­քալ­տուն) կեդ­րո­նա­ցած են հիւ­սի­սա­յին ­Պասք երկ­րա­մա­սին եւ ­Նա­ւա­րա­յի մէջ: ­Պաս­քե­րէ­նը՝ էոս­քա­րա, ու­րոյն լե­զու է: ­Պաս­քեր կը բնա­կին նաեւ Ֆ­րան­սա­յի մէջ:
­Քան­թապ­րիա­ցի­նե­րը երկ­րին հիւ­սի­սա­յին հա­մա­նուն երկ­րա­մա­սին բնա­կիչ­ներն են: Ու­նին ի­րենց բար­բա­ռը: ­Քա­թա­լան­նե­րը հիւ­սիս-ա­րե­ւե­լեան ­Քա­թա­լո­նիա երկ­րա­մա­սին բնա­կիչ­ներն են: ­Քա­թա­լան լե­զուն՝ քա­թա­լա, ­Քա­թա­լո­նիոյ, ­Պա­լէա­րեան կղզի­նե­րուն, Ան­տո­րա­յի, ­Վա­լեն­սիոյ, Ա­րա­կո­նի, ­Մուր­սիոյ, նաեւ՝ Ի­տա­լիոյ ­Սար­տի­նիա կղզիին եւ մա­սամբ ալ հա­րա­ւա­յին Ֆ­րան­սա­յի մէջ տա­րա­ծուած է:
­Վա­լեն­սիա­ցի­նե­րը հա­մա­նուն հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան երկ­րա­մա­սին բնա­կիչ­ներն են եւ քա­թա­լան­նե­րուն մէկ ճիւ­ղը կը նկա­տո­ւին:
­Պա­լէար­ցի­նե­րը ­Պա­լէա­րեան կղզի­նե­րուն բնա­կիչ­ներն են եւ քա­թա­լան ու քաս­թի­լիա­կան լե­զու­նե­րը կը խօ­սին:
­Քա­նա­րիա­ցի­նե­րը ­Քա­նա­րեան կղզի­նե­րու բնա­կիչ­ներն են:
­Քա­թա­լո­նիա ու­նի 32.114 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր տա­րա­ծու­թիւն եւ աշ­խար­հագ­րա­կան քա­նի մը գօ­տի­նե­րու բաժ­նո­ւած է:
­Հիւ­սի­սը ­Փի­րե­նեան լեռ­ներն են շուրջ 200 քի­լո­մեթր եր­կա­րու­թեամբ, ո­րոնք գլխա­ւոր եր­կու լեռ­նաշղ­թա­նե­րու բաժ­նո­ւած են. Աք­սիալ ­Փի­րե­նէ՝ հիւ­սիւ­սա­յին կող­մը, եւ Փ­րէ ­Փի­րե­նէ՝ ան­կէ հա­րաւ: Գլ­խա­ւոր լեռ­նաշղ­թա­նե­րուն զու­գա­հեռ կան ա­ւե­լի ցած­րա­դիր լեռ­նաշղ­թա­ներ: ­Փի­քա տ՛Էս­թաթս ու­նի 3143 մեթր բարձ­րու­թիւն, ­Փիկ­փետ­րոս՝ 2014 մեթր բարձ­րու­թիւն: Փ­րէ ­Փի­րե­նէի մէջ կը գտնո­ւի ­Սեր­րա տէլ ­Սա­տին:
­Փի­րե­նեան լեռ­նե­րէն հա­րաւ 200էն 600 մեթր բարձ­րու­թեամբ հար­թա­վայ­րեր են, ո­րոնք Էպ­րօ գե­տի հո­վի­տին ա­րե­ւե­լեան մա­սը կը կազ­մեն: ­Փի­րե­նեան լեռ­նե­րէն հո­սող ջու­րե­րը կ­՛ո­ռո­գեն հո­ղե­րը: ­Կան նաեւ ջրանցք­ներ: Երկ­րա­գոր­ծա­կա­նօ­րէն բեր­րի շրջան է: ­Դէ­պի հիւ­սիս-ա­րե­ւելք Էմ­փոր­տա դաշ­տա­վայրն է:
­Մի­ջերկ­րա­կա­նեան գօ­տին կ­՛ընդգր­կէ եր­կու եւ ա­ւե­լի լեռ­նաշղթա­ներ, ո­րոնք կ­՛եր­կա­րին ծո­վուն զու­գա­հեռ, հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քէն դէ­պի հա­րաւ-ա­րե­ւելք: Գլ­խա­ւոր բար­ձունք­ներն են՝ ­Մոնթ­սեր­րաթ, ­Մոնթ­սե­նի եւ ­Փոր­թօ: ­Լեռ­նե­րուն մի­ջեւ կան դաշ­տեր, ո­րոնց­մէ գլխա­ւոր­ներն են՝ ­Վալ­լես եւ ­Փե­նե­տես:
Գլ­խա­ւոր գե­տերն են՝ ­Թեր, ­Լոպ­րե­կաթ եւ Էպ­րօ: Էպ­րո­յի տել­թան, 340 քի­լո­մեթր տա­րա­ծու­թեան վրայ, չա­փա­զանց բա­րե­բեր է եւ բրին­ձի, բան­ջա­րե­ղէ­նի ու կիտ­րո­նա­յին պտուղ­նե­րու շտե­մա­րան:
Բ­նու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ է. մէկ կող­մը՝ ծո­վուն կա­պոյ­տը ան­հուն, ջինջ ջու­րե­րով, միւս կող­մը՝ բրին­ձի ու ցո­րե­նի մշակ­ման բեր­րի դաշ­տեր, ձի­թապ­տու­ղի, նա­րին­ջի, լե­մո­նի ծա­ռաս­տան­ներ ու խա­ղո­ղի այ­գի­ներ, եւ հե­ռուն՝ լեռ­նե­րու կա­նա­չա­պատ, ան­տա­ռա­խիտ բար­ձունք­նե­րը ձիւ­նա­պատ գա­գաթ­նե­րով: ­Հա­րուստ ա­րօ­տա­վայ­րեր եւ ոչ­խա­րի, այ­ծի, խո­զի, կո­վու, ձիու ու հա­ւազ­գի­նե­րու բու­ծան­ման ա­գա­րակ­ներ:
­Կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն յի­շենք վա­րա­զը, կար­միր ա­ղո­ւէ­սը, եղ­նի­կը, քա­րայ­ծը եւ ար­ջը: ­Ջու­րե­րը հա­րուստ են ձու­կե­րով: ­Հին ու պատ­մա­կան բնա­կա­վայ­րեր՝ միջ­նա­դա­րեան թա­ղե­րով, քա­րա­շէն եւ կղմինտ­րա­ծածկ տու­նե­րով, նեղ փո­ղոց­նե­րով, ե­կե­ղե­ցի­նե­րով ու վան­քե­րով:
Կ­լի­ման ծո­վափ­նեայ եւ ներ­քին շրջան­նե­րուն մէջ ա­մա­ռը տաք է, ձմե­ռը՝ մեղմ: ­Լեռ­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ ա­մա­ռը՝ զով, ձմե­ռը՝ ցուրտ եւ ձիւ­նա­պատ: ­Գա­րու­նը եւ ա­շու­նը ա­մէ­նու­րեք մեղմ, հա­ճե­լի եւ անձ­րե­ւա­յին ե­ղա­նակ­ներ են: ­Լեռ­նե­րուն, հո­վիտ­նե­րուն եւ դաշ­տե­րուն մէջ յա­ճա­խա­կի են մա­ռա­խուղ­նե­րը:
­Քա­թա­լո­նիոյ ինք­նա­վար մար­զը բաժ­նո­ւած է չորս նա­հանգ­նե­րու. ­Պար­սե­լո­նա, ­Կի­րո­նա, ­Լէի­տա եւ ­Թար­րա­կո­նա: ­Կան 948 քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­ներ:
­Տե­ղա­կան ինք­նա­վար մար­մին­նե­րը երկ­րա­մա­սը աշ­խար­հագ­րա­կան քա­նի մը գօ­տի­նե­րու բաժ­նած են. Ալթ ­Փի­րի­նէու ի Ա­րան, Ամ­պէթ ­Մեթ­րո­փո­լի­թա տէ ­Պար­սե­լո­նա, ­Քամփ տէ ­Թար­րա­կո­նա, ­Քո­մար­կես ­Կի­րո­նի­նես, ­Քո­մար­քես ­Սենթ­րալս, ­Փե­նե­տես, ­Փո­նենթ եւ ­Թեր­րես տէ լ՛Էպ­րէ:
­Պար­սե­լո­նա ե­լեւմ­տա­կան եւ տնտե­սա­կան կեդ­րոն եւ կա­րե­ւոր նա­ւա­հան­գիստ է ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­փին: ­Ծո­վուն եւ ան­կէ հինգ քի­լո­մեթր հե­ռու, ­Լիոպ­րե­կաթ ու ­Պե­սոս գե­տե­րուն եւ ­Սեր­րա տէ ­Քոլ­սե­րո­լա լեռ­նաշղ­թա­յի 512 մեթր բարձ­րու­թեամբ ­Թի­պի­տա­պօ գա­գա­թին մի­ջեւ պար­փա­կո­ւած, շարք մը բլուր­նե­րով (­Քար­մել, ­Փութ­կեթ, ­Ռո­վի­րա եւ ­Մոնթ­խո­ւիխթ) ու ե­լե­ւէջ­նե­րով, շքեղ թա­ղա­մա­սե­րով, վար­դա­գոյն եւ գորշ քա­րե­րով շէն­քե­րով, լայն հրա­պա­րակ­նե­րով ու հո­յա­կերտ տա­ճար­նե­րով, ա­նի­կա գե­ղե­ցիկ ոս­տան մըն է: Ու­նի մէկ մի­լիոն 600 հա­զար, իսկ ա­րո­ւար­ձան­նե­րով՝ չոր­սու­կէս մի­լիոն բնա­կիչ:
Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն՝ կար­թա­քե­նա­ցի հե­րոս ­Հան­նի­պա­լի հայ­րը՝ ­Հա­միլ­քար ­Պար­քա հիմ­նեց ­Պար­սի­նոն, իսկ հռո­մէա­ցիք զի­նո­ւո­րա­կան յե­նա­կէ­տի վե­րա­ծե­ցին զայն: ­Վի­սի­գոթ­ներ Ե. դա­րուն ժա­մա­նակ մը ­Պար­սե­լո­նան ­Հիս­փա­նիա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը հռչա­կե­ցին: ­Հե­տա­գա­յին ա­նի­կա ­Պար­սե­լո­նա­յի կոմ­սե­րուն մայ­րա­քա­ղա­քը դար­ձաւ: Եւ­րո­պա­յի ա­ռա­ջին հան­րա­յին դրա­մա­տու­նը՝ ­Թո­լա տէ քան­վի բա­ցո­ւե­ցաւ 1401ին, ­Պար­սե­լո­նա­յի մէջ:
­Քա­ղա­քին հին շրջա­գի­ծին մէջ կը գտնո­ւի ­Պար­րի ­Գո­թի­քը (­Գո­թա­կան թա­ղը), ուր պահ­պա­նո­ւած են հին պա­րիսպ­նե­րուն մնա­ցորդ­նե­րը: ­Սան­թա Էո­լա­լիա տա­ճա­րը կա­ռու­ցո­ւած է ԺԳ.-ԺԵ. դա­րե­րուն, նո­ւի­րո­ւած է քա­ղա­քին պա­հա­պան Սր­բու­հի Էո­լա­լիա­յի (290-303) եւ ­Պար­սե­լո­նա­յի ար­քե­պիս­կո­պո­սին ա­թո­ռա­նիստն է: ­Գո­թա­կան թա­ղին կեդ­րո­նը Փ­լա­սես տէլ ­Ռէյն է (­Թա­գա­ւո­րա­կան հրա­պա­րա­կը). հոն կը գտնո­ւի ­Փա­լա­սիօ ­Ռէալ ­Մա­յոր (Ար­քա­յա­կան ­Մեծ ­Պա­լա­տը), ուր Ք­րիս­տոֆ ­Քո­լոմ­պոս Ա­մե­րի­կա իր ա­ռա­ջին ճամ­բոր­դու­թե­նէն վե­րա­դար­ձին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Ֆեր­նան­տօ թա­գա­ւո­րին եւ Ի­զա­պէլ թա­գու­հիին կող­մէ: ­Քա­ղա­քին կեդ­րո­նը՝ ­Լա ­Ռամպ­լա, 1.2 քի­լո­մեթր եր­կա­րու­թեամբ պո­ղո­տան է, շարք մը կարճ փո­ղոց­նե­րով, իւ­րա­քան­չիւ­րը՝ տար­բեր ա­նու­նով, եւ հե­տե­ւա­բար ա­նի­կա կը բնո­րո­շո­ւի նաեւ յոգ­նա­կի՝ ­Լաս ­Ռամպ­լաս ա­նու­նով:
­Նա­ւա­հան­գիս­տին թա­ղը՝ ­Քա­լիէ տէ ­Մոն­քա­նա, ծա­նօթ է իր հո­յա­կերտ ա­պա­րանք­նե­րով: ­Մօ­տա­կայ­քը ­Քաս­թել տէ ­Մոնթ­խո­ւիխն է, 17-18րդ ­դա­րե­րուն կա­ռու­ցո­ւած ամ­րո­ցը, որ թան­գա­րա­նի վե­րա­ծո­ւած է:
­Սակ­րա­տա ­Ֆա­մի­լիա (­Սուրբ Ըն­տա­նիք) տա­ճա­րին կա­ռու­ցու­մը սկսաւ 1882ին, Ան­թո­նիօ ­Կաու­տիի ճար­տա­րա­պե­տու­թեամբ, տե­ւեց մին­չեւ ա­նոր մա­հը (1926) եւ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ նաեւ հե­տա­գա­յին: 95 մեթր եր­կա­րու­թեամբ, 60 մեթր լայ­նու­թեամբ եւ 13 հա­զար հո­գի պար­փա­կող, 18 աշ­տա­րակ­նե­րով հո­յա­կերտ տա­ճա­րին 90էն 120 մեթր բարձ­րու­թեամբ 12 աշ­տա­րակ­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը նո­ւի­րո­ւած է ա­ռա­քեալ­նե­րէն մէ­կուն, իսկ չորս աշ­տա­րակ­նե­րը՝ չորս ա­ւե­տա­րա­նիչ­նե­րուն, շրջա­պա­տո­ւած բարձ­րա­գոյն՝ (170 մեթր) աշ­տա­րա­կով, նուի­րո­ւած ­Սուրբ Ըն­տա­նի­քին: ­Վեր­ջին աշ­տա­րա­կը, նո­ւի­րո­ւած՝ ­Սուրբ ­Կոյս ­Մա­րիա­մի, ա­նա­ւարտ մնա­ցած է:
­Ռի­պե­րա թա­ղին մէջ կը գտնո­ւի ­Սան­թա ­Մա­րիա տէլ ­Մար ե­կե­ղե­ցին, որ կա­ռու­ցո­ւած է 1329-1383 տա­րի­նե­րուն:
­Պար­սե­լո­նա­յի զար­դը կը կազ­մեն իր հան­րա­յին բազ­մա­տաս­նեակ պար­տէզ­նե­րը: ­Քա­ղա­քին 4.5 քի­լո­մեթր եր­կա­րու­թեամբ ծո­վա­փը ե­զե­րո­ւած է լո­ղա­ւա­զան­նե­րով:
Ա­ռեւտ­րա­կան եւ ճար­տա­րա­րո­ւես­տա­կան կեդ­րոն, զար­գա­ցած է քի­միա­կան, դե­ղա­գոր­ծա­կան, ե­լեկտ­րա­կան գոր­ծիք­նե­րու, ինք­նա­շարժ­նե­րու եւ հիւ­սո­ւա­ծե­ղէ­նի ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը: ­Քա­թա­լո­նիա ա­նո­ւա­նու­մը կար­ծի­քի մը հա­մա­ձայն յա­ռա­ջա­ցած է ­Գո­թիա եւ լո­նիա (գո­թե­րու եր­կիր) ա­նո­ւա­նու­մէն, ո­րով­հե­տեւ քա­թա­լան կոմ­սե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը գո­թե­րու երկ­րա­մա­սին մէջ կեդ­րո­նա­ցած էին: ­Բիւ­զան­դա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն՝ շրջա­նը կո­չո­ւած է ­Քա­թա­լո­նիա, իբ­րեւ գո­թե­րու եւ ա­լան­նե­րու երկ­րա­մաս: Այլ կար­ծի­քի մը հա­մա­ձայն՝ ­Քա­թա­լո­նիա քասթ­լա կաս քասթ­լան ա­նո­ւա­նու­մէն սե­րած է եւ կը նշա­նա­կէ դղեակ­նե­րու եր­կիր. այս կար­ծի­քին հա­մա­ձայն ­Քա­թա­լո­նիա եւ ­Քաս­թի­լիա նոյն ար­մա­տէն սե­րած են:
­Տե­ղա­ցիք, ինչ­պէս նաեւ քաս­թի­լա­ցիք երկ­րա­մա­սը կը հնչեն իբ­րեւ ­Քա­թա­լու­նիա, իսկ ա­րա­կո­նես լե­զո­ւով կը հնչո­ւի ­Քա­թա­լո­նա:
­Ներ­կայ ­Քա­թա­լո­նիոյ, ինչ­պէս նաեւ Ի­պե­րիա­կան թե­րակղ­զիի հին բնիկ­նե­րը ի­պե­րիա­ցի­ներն են: ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի յա­րող գօ­տիին, ներ­կայ ­Քա­թա­լո­նիոյ ի­պե­րիա­կան գլխա­ւոր ցե­ղերն էին՝ ի­լեր­կե­թես, ին­տի­կե­թես եւ լա­քե­թա­նի, ո­րոնք կա­պեր ու­նէին յա­րա­կից ծո­վափ­նեայ շրջան­նե­րու բնա­կիչ­նե­րուն հետ: Գլ­խա­ւոր բնա­կա­վայ­րերն էին՝ Ի­լեր­տա (ներ­կայ ­Լէի­տա), ­Հի­պե­րա (հա­ւա­նա­բար Ամ­փոս­թա կամ ­Թոր­թո­սա) եւ Ին­տի­քա (Ու­լասթ­րեթ): Ն. Ք. Ը. դա­րուն յու­նա­կան ա­ռեւտ­րա­կան հա­մայնք­ներ կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցան ծո­վա­փե­րու եր­կայն­քին, գլխա­ւո­րա­բար՝ ­Ռո­սե­սի ծո­ցին, Էմ­փո­րիո­նի եւ ­Ռո­սե­սի մէջ: ­Փիւ­նի­կե­ցիք եւս ա­ռեւտ­րա­կան բնա­կա­վայ­րեր հաս­տա­տե­ցին: ­Հե­տա­գա­յին կար­թա­գե­նա­ցիք ի­րենց հսկո­ղու­թեան տակ ա­ռին ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­ռափ­նեայ գօ­տին:
Հ­ռո­մի կող­մէ ­Կա­թա­գե­նի նո­ւա­ճու­մէն ետք Ի­պե­րիոյ հիւ­սիս-ա­րե­ւել­քը Հ­ռո­մի տի­րա­պե­տու­թեան են­թար­կուե­ցաւ: ­Թար­րա­քո­նեն­սիս նա­հան­գը կ­՛ընդգր­կէր ներ­կայ ­Քա­թա­լո­նիան, ո­րուն գլխա­ւոր քա­ղաք­ներն էին ­Թար­րա­քօ (ներ­կայ ­Թար­րա­կո­նա), Ի­լեր­տա (­Լէի­տա), ­Տեր­թո­սա (­Թոր­թո­սա), ­Կե­րուն­տա (­Կի­րո­նա), նա­ւա­հան­գիստ­ներ՝ Էմ­փո­րիոն եւ ­Պար­սի­նօ (­Պար­սե­լո­նա): Ն. Ք. 206ին լա­տի­նե­րէ­նը պաշ­տօ­նա­կան լե­զու հռչա­կո­ւե­ցաւ եւ լա­տի­նա­կան մշա­կոյ­թը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ շրջա­նին մէջ: Շր­ջա­նի բնիկ­նե­րը խառ­նո­ւե­ցան լա­տին գա­ղու­թա­րար­նե­րուն եւ տե­ղա­կան լե­զուն (ներ­կայ քա­թա­լա­նե­րէ­նը) կազ­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ լա­տի­նե­րէ­նին վրայ: Յ. Ք. 212ին բո­լոր ա­զատ մար­դոց Հ­ռո­մի քա­ղա­քա­ցիու­թիւն տրո­ւե­ցաւ:
­Թար­րա­քո­նեն­սիս երկ­րա­գոր­ծա­կա­նօ­րէն հա­րուստ նա­հանգ էր. կ­՛ար­տադ­րէր ձի­թապ­տուղ, ձէթ, գի­նի եւ ցո­րեն: ­Ճամ­բա­ներ բա­ցո­ւե­ցան, ո­րոնց գլխա­ւո­րը ­Վիա Աու­կուս­թան էր ­Մի­ջերկ­րա­կա­նին զու­գա­հեռ:
Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը սկսաւ տա­րա­ծո­ւե­լու Գ. դա­րուն, եւ Դ. դա­րուն տի­րա­պե­տող կրօն դար­ձաւ յատ­կա­պէս քա­ղաք­նե­րուն մէջ: