«­Յու­շա­գիրք Թ­րա­կիոյ եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ հայ գա­ղութ­նե­րու», հե­ղի­նակ՝ Ա­սա­տուր ­Մա­կա­րեան, թարգ­մա­նու­թիւն՝ ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէ 2025

«Η Ιστορία των Αρμενικών Κοινοτήτων Θράκης και Μακεδονίας» (Βιβλίο Μνήμης), Ασαντούρ Μαγκαριάν, μετάφραση-ερμηνευτικά σχολια: Οχανές-Σαρκίς Αγαμπατιάν, Εκδόσεις Κ&Μ Σταμούλη, Θεσσαλονίκη 2025

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ­

Յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րը ու մա­նա­ւանդ ա­նոր սկզբնա­կան շրջա­նին հետ կապ ու­նե­ցող ժա­մա­նագ­րա­կան պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը տա­կա­ւին կը պակ­սին մեր գա­ղու­թի մա­տե­նագ­րու­թե­նէն։ Ե­թէ պահ մը զանց առ­նենք ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րու տե­ղա­կան հայ­կա­կան մա­մու­լը ու ա­նոր մէջ տեղ գտած նիւ­թե­րը, եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ գո­յու­թիւն չու­նե­ցաւ պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­ք ինչ­պէս նաեւ՝ գա­ղու­թի տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ ա­նոնց մէ­ջէն գի­տա­կան ու հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քը։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, շնոր­հիւ շարք մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, գա­ղու­թի պատ­մու­թեան հետ առն­չո­ւած թիւ մը աշ­խա­տու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յա­ցո­ւին հան­րու­թեան՝ յու­նա­րէն լե­զո­ւով, այս­պէս՝ զա­նոնք ա­ւե­լի մատ­չե­լի դառնձ­նե­լով հայ եւ յոյն հան­րու­թեան միա­ժա­մա­նակ։
Ա­նոնց մէ­ջէն կը զա­նա­զո­ւի վեր­նա­գի­րին վրայ նշո­ւած հա­տո­րը, որ ի տար­բե­րու­թիւն ար­դի աշ­խա­տու­թիւն­նե­րուն, 1929-ին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ Ա­սա­տուր ­Մա­կա­րեա­նին կող­մէ հրա­տա­րա­կուած գիր­քին թարգ­մա­նու­թիւնն է, որ բծախնդ­րու­թեամբ կա­տա­րեց ծա­նօթ թարգ­մա­նիչ եւ գիր­քե­րու հե­ղի­նակ ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեան։
Ա­ւե­լի քան 500 է­ջե­րու մէջ, հե­ղի­նա­կին աշ­խա­տան­քը կ­՚ընդգր­կէ պատ­մա­կան, վի­ճա­կագ­րա­կան եւ այդ օ­րե­րու հա­մայն­քա­յին կեան­քի ամ­բող­ջա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը, որ կապ ու­նի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հայ կեան­քին հետ։ ­Ծա­նօթ է, թէ ­Յու­նաս­տա­նի պատ­մա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րու զար­գա­ցու­մին մէջ, հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի տա­րածք­նե­րը մնա­ցին Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ մին­չեւ 20-րդ­ դարու ա­ռա­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րը, ուր ի տար­բե­րու­թիւն երկ­րի հա­րա­ւա­յին հա­տո­ւած­նե­րուն, ար­դէն գո­յու­թիւն ու­նէին կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մայնք­ներ, ո­րոնք ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­կան, կրթա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ աչ­քի զար­նող հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ ե­ղած են։
­Ճիշդ այս ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը կը փոր­ձէ պատ­մու­թեան է­ջե­րուն յանձ­նել ­Մա­կա­րեան, սկսե­լով հնա­մեայ դա­րե­րէն եւ մատ­նան­շե­լով հա­յու­թեան տե­ղա­շար­ժը այդ տա­րածք­նե­րուն վրայ, որ շա­րու­նա­կա­կան հոսք մը ու­նե­ցաւ ­Բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեան տա­րի­նե­րէն, հաս­նե­լով մին­չեւ վեր­ջին դա­րաշր­ջա­նը։
Իր նա­խա­բա­նին մէջ, Ա­սա­տուր ­Մա­կա­րեան կը յայտ­նէ, թէ իր ստո­ւար աշ­խա­տու­թիւ­նը միտք ու­նէր մո­ռա­ցու­թե­նէ փրկել ամ­բողջ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մը պատ­մու­թիւ­նը, տա­լով ոչ միայն ան­ցեա­լի պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը, այ­լեւ 1929-ի տո­ւեալ­նե­րով, ման­րա­մաս­նօ­րէն ար­ձա­նագ­րած ըլ­լա­լով դէպ­քեր, դէմ­քեր եւ կա­ռոյց­ներ։
Ան կար­գով կը ներ­կա­յաց­նէ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ քա­ղաք­նե­րու բազ­մա­թիւ հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րը, ո­րոնց հա­մար յա­տուկ նշում­ներ կը կա­տա­րէ հո­գե­ւոր սպա­սար­կու­նե­րու, ղե­կա­վար ան­ձե­րու, կրթա­կան մշակ­նե­րու, վար­չա­կան նո­ւի­րեալ­նե­րու եւ հան­րա­յին կեան­քին մէջ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցած բո­լոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րուն եւ գոր­ծու­նէու­թեան ծա­ւա­լին մա­սին։ Ա­նոնց կող­քին, լայն տեղ կը տրո­ւի իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քի մէջ գոր­ծած հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ կրթա­կան կեդ­րոն­նե­րու գոր­ծին, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, գաղ­թա­կան կեան­քի դի­մագ­րաւ­ման, ինչ­պէս նաեւ յոյն պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան Թ­րա­կիոյ մէջ հաս­տա­տո­ւած գաղ­թա­կան­նե­րուն։ ­Բազ­մա­թիւ խմբան­կար­ներ եւ դէմ­քե­րու լու­սան­կար­ներ կցո­ւած են զա­նա­զան գլուխ­նե­րու վեր­լուծ­ման մէջ։ ­Պատ­մա­կան փաս­տե­րը, վի­ճա­կագ­րա­կան հա­րուստ տո­ւեալ­նե­րը, վեր­լու­ծու­թիւն­ներն ու նկա­րագ­րա­կան­նե­րը կը կազ­մեն հա­մա­պար­փակ ներ­կա­յաց­ման մը ար­դիւն­քը։
Ա­սա­տուր ­Մա­կա­րեա­նի աշ­խա­տան­քը, որ մին­չեւ օրս հան­րու­թեան առ­ջեւ գրե­թէ ան­ծա­նօթ կը մնար, այ­սօ­րուան գի­տա­կան եւ ըն­թեր­ցող­նե­րու լայն շրջա­նակ­նե­րուն տրա­մադ­րու­թեան տակ կը դնէ կա­րե­ւոր ու ճա­կա­տագ­րա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րը։ ­Հա­տո­րի ար­դի հրա­տա­րակ­ման աշ­խա­տան­քը կը պար­տինք թարգ­մա­նիչ ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեա­նին, որ թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ ձեռք ձգած հսկայ փոր­ձա­ռու­թեամբ, յու­նա­րէն լե­զո­ւի գի­տա­կան եւ բա­նա­սի­րա­կան ծա­նօ­թու­թեամբ ու գոր­ծա­ծու­թեամբ, կա­րո­ղա­ցաւ իր թարգ­մա­նա­կան եւ գրա­կան հա­տոր­նե­րու եր­կար շար­քին մէջ ա­ւելց­նել կա­րե­ւոր աշ­խա­տու­թիւն մը եւս։
­Գիր­քին ըն­թեր­ցու­մը հա­ւա­սա­րա­պէս կը հե­տաքրք­րէ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան մար­զի մաս­նա­գէտ­նե­րը եւ ըն­թեր­ցող­նե­րը։ ­Հա­տո­րը պէտք չէ պակ­սի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու գրա­դա­րան­նե­րէն, զայն կար­դա­լու եւ ու­սում­նա­սի­րե­լու մտադ­րու­թեամբ։ ­Հա­զո­ւա­գիւտ աղ­բիւր մը, որ որ­պէս գի­տա­կան հում նիւթ կրնայ գոր­ծա­ծո­ւիլ պատ­մա­կան ո­լոր­տին հետ հե­տաքրք­րո­ւած մաս­նա­գէտ­նե­րուն կող­մէ։