Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ տե­ղի տա­լով քոնկ­րէ­սա­կան ճնշում­նե­րուն առ­ջեւ՝ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ ­Տա­նըլտ Թ­րամ­փի վար­չա­կազ­մը ետ քա­շած է ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­չեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի թիկ­նա­պահ­նե­րուն զէն­քեր ծա­խե­լու ա­ռա­ջար­կը։
Ո­րոշ քոնկ­րէ­սա­կան­ներ շարք մը պատ­ժա­մի­ջոց­ներ ա­ռա­ջար­կած էին ­Թուր­քիոյ դէմ, դա­տա­պար­տե­լու հա­մար Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ, ­Մա­յիս 16ին տե­ղի ու­նե­ցած խա­ղաղ ցոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, ­Թուր­քիոյ նա­խա­գա­հի թիկ­նա­պահ­նե­րուն կող­մէ ցու­ցա­րար­նե­րուն դէմ գոր­ծո­ւած վայ­րագ յար­ձա­կու­մը, նաեւ՝ շեշ­տե­լու, թէ ա­մե­րի­կեան ար­ժէք­նե­րու նման ոտ­նա­կո­խու­մէ մը ետք, ­Թուր­քիոյ զէն­քեր վա­ճա­ռե­լու ծրա­գիր­նե­րը խո­տոր կը հա­մե­մա­տին ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու սկզբունք­նե­րուն հետ:
Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր վա­րիչ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան դրո­ւա­տեց Ս­պի­տակ ­Տան այս ո­րո­շու­մը:
Ն­շենք, որ ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տու­նը Ուր­բաթ՝ ­Յու­լիս 14ին վա­ւե­րա­ցու­ցած էր ­Քոնկ­րէ­սի «հայ­կա­կան հա­մախմ­բում»ի հա­մա­նա­խա­գահ ­Տէյվ Թ­րա­թի ա­ռա­ջադ­րած յա­ւե­լո­ւա­ծը՝ Էր­տո­ղա­նի թիկ­նա­պահ­նե­րուն զէն­քեր ծա­խե­լու ծրա­գի­րը կա­սեց­նե­լու մա­սին:
Ի պա­տաս­խան զէն­քի վա­ճառ­քէն հրա­ժա­րե­լու ո­րո­շու­մին մա­սին հար­ցու­մի մը՝ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­չեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղան յի­շե­ցուց, որ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը զէնք կու տան ­Սու­րիոյ քրտա­կան ­Ժո­ղո­վուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան ու­ժե­րուն: «­Մինչ մենք չենք կրնար մեր դրամ­նե­րով զէնք գնել ձեզ­մէ, բայց դուք ին­չո՞ւ ձրիա­բար զէնք կու տաք այդ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում­նե­րուն: ­Մենք չենք կրցած գտնել այդ հար­ցին պա­տաս­խա­նը, ուս­տի՝ իբ­րեւ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր՝ այդ պատ­ճա­ռով ալ մեծ ցաւ կ­՛ապ­րինք»,- ը­սաւ Էր­տո­ղան: