19 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, «­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք հա­մա­հայ­կա­կան 6րդ ­հա­մա­ժո­ղով»ի ծի­րին մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չում, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գի­լում, քա­ղա­քա­կան եւ ի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը» նիւ­թով քննարկ­ման ըն­թաց­քին, ­Թուր­քիոյ խորհրդա­րա­նի հայ ե­րես­փո­խան ­Կա­րօ ­Փայ­լան հաս­տա­տած է, որ ա­ռանց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու` ­Թուր­քիան եր­բեք ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թիւն չի դառ­նար, ո՛չ ալ Քր­տա­կան ­Հար­ցը լու­ծում կը ստա­նայ: Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հիմ­նադ­րո­ւե­ցաւ ա­ռանց ա­ռե­րե­սո­ւե­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին հետ: «­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար պէտք է ու­նե­նանք ա­ռա­ւե՛լ լայն տես­լա­կան, միա՛յն ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­Թուր­քիան կրնայ ճանչ­նալ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, միա՛յն ժո­ղովրդա­վա­րա­կան ­Թուր­քիան կրնայ բա­նալ սահ­ման­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի հետ, հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին մենք ստի­պո­ւած պի­տի ըլ­լանք սպա­սե­լու յա­ւե­լեալ տաս­նեակ տա­րի­նե­րու: ­Թուր­քիան ներ­կա­յիս կրկին կ­՛ապ­րի մութ ժա­մա­նա­կաշր­ջան: Ան վե­րա­դար­ձած է այն ժա­մա­նա­կաշրջա­նին, երբ խորհր­դա­րա­նին մէջ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» բա­ռը գոր­ծա­ծե­լը յան­ցանք կը նկա­տո­ւի: 102 տա­րի ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մեծ ո­ճիր, եւ ա­նի­կա կը շա­րու­նա­կո­ւի այ­սօր, քա­նի որ ան­պա­տիժ մնա­ցած իւ­րա­քան­չիւր ո­ճիր կ­՛ա­ռաջ­նոր­դէ նոր ո­ճի­րի: Ինչ­պէս 100 տա­րի ա­ռաջ Ա­րեւ­մուտ­քը իր աչ­քե­րը փա­կեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ի տես, ներ­կա­յիս ալ նոյ­նը կ­՛ը­նէ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րուն դի­մաց: Ես պի­տի շա­րու­նա­կեմ պայ­քա­րիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հա­մար»,- ը­սած է հայ ե­րես­փո­խա­նը: ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նի հա­մա­ձայն՝ ­Թուր­քիա այ­սօր կը հե­ռա­նայ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թե­նէն, յե­տըն­թաց կ­՛ապ­րի նաեւ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն գծով: Ան դի­տել տո­ւած է, որ ­Թուր­քիոյ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դու­նու­մը նոյն­պէս կը նշա­նա­կէ հե­ռա­ցո՛ւմ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թե­նէն.- «Ես այս մա­սին խօ­սած եմ խորհր­դա­րա­նին մէջ, ը­սած եմ, որ մեծ սխալ մը տե­ղի ու­նե­ցած է: 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը. ես խորհր­դա­րա­նին մէջ ը­սած եմ, որ ե­թէ երկ­րին մէջ ըն­դու­նո­ւի նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւն, նոյն ա­ղէ­տը պի­տի ու­նե­նանք, այ­սօր այդ ճա­նա­պար­հին ենք: ­Թուր­քիան 100 տա­րի ետք ալ կը շա­րու­նա­կէ ո­ճիր գոր­ծել»,- ը­սած է ­Փայ­լան: ­Կա­րօ ­Փայ­լան յայ­տա­րա­րած է, որ ­Մու­շի, ­Համ­շէ­նի մէջ հա­րիւր-հա­զա­րա­ւոր հա­յեր կան:
«­Թուր­քիոյ հա­յե­րը, դժբախ­տա­բար, դար­ձեալ վախի մէջ են, դարձեալ ան­ձայն մնա­ցած են: ­Լուռ մնա­լը, սա­կայն, դեռ ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խիք չէ: Ան­ձայն մնալ չի նշա­նա­կեր հան­գիստ ըլ­լալ, չես կրնար հան­գիստ ըլ­լալ ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րուն մէջ: Ա­տոր հա­մար ալ, ե­թէ ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րը վրադ յար­ձա­կին, պէտք է պա­տաս­խա­նես: Ե­թէ ան­ձայն մնաս, ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րը ա­ւե­լի եւս կը յար­ձա­կին վրադ»,- ը­սած է ան:
­Կա­րօ ­Փայ­լան ը­սած է, որ ­Հա­յաս­տան ե­կած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ քննար­կե­լու ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գա­ցու­մը: «Ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րը ուժ ու­նին, բայց ե­թէ մենք ը­սենք, որ թուր­քը թուրք է, ա­նոնք ը­սեն` հա­յը հայ է, քիւր­տը քիւրտ է, այն ա­տեն ինչ­պէ՞ս ուժ պի­տի ու­նե­նանք ար­դա­րու­թեան հա­մար: ­Հոս եմ ­Հա­յաս­տան-­Թուր­քիա կա­մուր­ջը կրկին շի­նե­լու հա­մար: ­Գի­տեմ` շատ դժո­ւար է, բայց պէտք է ջանք ի գործ դնել այդ ուղ­ղու­թեամբ: ­Պէտք չէ սպա­սել, որ լաւ օր մը պի­տի գայ եւ մենք պի­տի խօ­սինք այս մա­սին, պայ­ման­նե­րը օ­րէ օր կը վատ­թա­րա­նան, պէտք է ու­ղի­ներ գտնել հար­ցե­րուն լու­ծում տա­լու հա­մար»,- ա­ւել­ցու­ցած է ան: