ԺԱԳ ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Դպրոցի աւարտական կարգին, երբ կը նախապատրաստուէինք աւանդական 5-օրեայ պտոյտին համար, մեզի ուղեկցող առաջնորդ ուսուցիչը նշեց` «նախընտրելի է ամէնքդ միաձայն մեզի (ուսուցչակազմին) հայհոյէք, քան թէ իրար պառակտուած ըլլաք»։ Հետեւելով մեր ժողովուրդի հակառակ քաղաքական մօտեցումներուն, երբեմն կը մտաբերեմ այս խորիմաստ խօսքը, որով արտայայտուեցաւ հանգուցեալ վարժապետս, որ ժամանակին ինձմէ խնդրած էր` իր անունը գրեմ հայերէնով։
2018-ին` իսկապէս հայ ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը դժգոհ էր երկրի իշխանութիւններէն։ Երբ որ տիրեց «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը», իշխանափոխութիւնը ցնծութեամբ ընդունուեցաւ քաղաքացիներուն կողմէ։ Ո՞վ չի յիշեր «Մերժիր Սերժին» եւ «Հայեր ջան` տուխով» երգերը։ Սփիւռքը` լուռ ու վերապահ, կը հետեւէր զարգացումներուն, յուսալով սակայն աւելի լաւ օրերու, հայրենիքին եւ հայրենակիցներուն համար։
Հ.Հ.-ի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, ինչպէս որ ինքը բացայայտեց վերջերս, այցելեց նորընտիր ղեկավարին խրատելով զայն, որ իր առաջին գործը պէտք է ըլլայ «Ղարաբաղեան հարց»-ի լուծումը։ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք մէջբերումը կը դրսեւորէր միասնական բռունցքի ուժ մը։ Իսկ վարչապետը ամէն անգամ որ կ՚այցելէր Արցախ, կը կրկնէր` «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ»։
44-օրեայ պատերազմի ընթացքին իր ամէնօրեայ բոցավար ուղերձները կը սկսէին` «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ, Արցախի հպարտ քաղաքացիներ, Սփիւռքի հպարտ հայութիւն» արտայայտութեամբ եւ կ՚աւարտէին` «Յաղթելու ենք» լոզունգով։ Պարտութեան` յաջորդեց առաջին խոր պառակտումը։ Իսկ` վարչապետը ամօթալի պայմանագիրէն որոշ ժամանակ ետք յայտարարեց որ` «Մենք Հայ դատ չունենք. ասիկա Սփիւռքի գործն է»։ Կառավարական կազմը շարունակեց յետպատերազմական հռետորաբանութիւնը, որ «նախկիններն են մեղաւոր» եւ տեղի ունեցաւ դաւաճանութիւն։ Երկրի «առաջին տիկինը» լրագրողներուն նշեց, որ 11.000 զինուորներուն կողմէ եղաւ դասալքութիւն։ Սակայն` 5 տարի անց ո՛չ մէկ դաւաճան, դասալիք կամ յանցաւոր չէ դատուած։ Քանի մը ամիս առաջ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, ուղղելով իր խօսքը դէպի Հ.Հ.-ի վարչապետին, ըսաւ. «Քո արկածախնդիր քաղաքականութեան պատճառաւ, կորսցնուցինք մեր դարաւոր Արցախը»։
Ա.Հ.-ի կործանումէն եւ շրջանի հայաթափումէն ետք, որուն Հ.Հ.-ի ղեկավարութիւնը հանդիսատես էր. յաջորդեցին բացասական արտայայտութիւններ «ղարաբաղցիներ»-ու համար վարչապետի եւ պաշտօնական անձերու կողմէ։ Իսկ հասարակական ցանցերու միջոցաւ, աւելի յաճախակի սկսան լոյս տեսնել քաղաքացիներու գրառումներ հետեւեալ բովանդակութեամբ. «ղարաբաղցիները հայ չեն», «ասոնց պատճառաւ Հայաստանը չզարգացաւ», «եթէ Ղարաբաղը չըլլար, Հայաստանը դրախտավայր պիտի ըլլար» եւ այլն։
Հայաստանի ղեկավարութիւնը, անզօր ու դիւանագիտական տեսակէտով մեկուսացուած, ընդունեց Ատրպէյճանի բոլոր թելադրանքները, կնքելու համար խաղաղութեան պայմանագիր։
Ոչ մէկ գուրգուրանք` արցախահայութեան կենցաղային իրաւունքներու, ռազմագերիներու ազատութեան, եւ Ա.Հ.-ի ռազմական ու քաղաքական ղեկավարութեան դէմ շարունակուող դատավարութեան համար։ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնականութիւնը` բզկտուած… Հ.Հ.-ի վարչապետը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, այլեւս արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի մաս չի կազմեր։
Քանի մը օր առաջ, ընդունեց Էրտողանի հրաւէրը պաշտօնական այցի համար։ Պատահակա՞ն։ Նոյն օրը որ ժամանեց Պոլիս, ունենալու համար «կառուցողական երկխօսութիւն» թուրք նախագահին հետ, Հայաստանի մէջ ձերբակալուեցան Հ.Յ.Դ-ի անդամներ։ Արդէն նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին` վարչապետը յարձակողական կերպով արտայայտուած էր «դաշնակներին» հանդէպ, այս կեցուածքը պահելով նաեւ վերընտրուելէն ետք։ Պետական իշխանութենէ մը որ դիմում ըրած է անդամակցելու ժողովրդավարական արժէքները քարոզող Եւրոմիութեան, պիտի սպասուէր ազնուութիւն իր քաղաքական հակառակորդներուն հանդէպ։ Մանաւանդ դէպի աւանդական կուսակցութեան մը, որ կը կրէ դարաւոր պատմութիւն, գաղափար, ազատագրական պայքար եւ կը շարունակէ ծաւալել ազգապահպանման գործունէութիւն Սփիւռքի մէջ։
Ներքին կարգով, կ՚երեւի, թէ առաջնահերթ խնդիր է Հայաստանի կառավարութեան համար` Գարեգին Բ. վեհափառին գահընկեց ընել եւ շատ կարեւոր հարց` եթէ կաթողիկոսը խախտած է կուսակրօնութիւնը։ Հարցական. ասիկա քաղաքական ղեկավարութեան գո՞րծն է։ Մեզի պէ՞տք է վտանգաւոր պառակտումի նոր ասպարէզ մը։
Ատրպէյճանի բռնապետը դարձեալ կը սպառնայ, որ պատրաստ է ուժի կիրառմամբ ձեռք բերել «Զանգեզուրի միջանցք»-ը եւ կը յայտարարէ որ հազարաւոր ատրպէյճանցիներ պէտք է «վերադառնան իրենց պապենական հողերը», նկատի ունենալով Հայաստանը։ «Այնտեղ որ մեզի պարտք էին, մեզմէ եզն ալ առին» (յունական առած)։
Իսկ Իրանը, որ իր շահերու համար հակառակ է այս պարագային, դժուար ռազմական դրութեան մէջ է Իսրայէլի հետ։ Ըստ փորձագետներու` հաւանական է իր թուլացումը։
Միւս աւանդական դաշնակից Ռուսաստանի հետ կապերը սարեցուած են, մինչ այդ ռուս-ուքրանական պատերազմը ընթացքի մէջ է։ Ռ.Դ.-ի կառավարութիւնը յայտնեց իր դժգոհութիւնը նաեւ ռուսահայ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններէն։ Արդէօ՞ք մեր կողքին պիտի կանգնի Եւրոմիութիւնը, որ կառչած է ատրպէյճանական քառիւղին եւ բնական կազին։
Դրութիւնը իսկապէս օրհասական է մեր փոքրացած Հայրենիքին համար։ Ներքին պառակտումը առանձին մնացած Հայաստանին համար, կարելի է լրջագոյն խնդիրներ յառաջացնել, խառնաշփոթ միջազգային իրականութեան մը մէջ։ Չի բացառուիր վտանգուի նաեւ պետական ինքնութեան գոյութիւնը, մինչդեռ նենգ թշնամին միշտ պատրաստ է ներխուժելու մեր հողը։