Կիրակի, 8 Փետրուար 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ Ս. եպս. Եմիշեանի: Ս. Պատարագը մատուցեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ հոգշ. Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեան:
Սրբազան հայրը ժողովուրդին ուղղեց հայրական պատգամին համար բնաբան ընտրած էր Յակոբոս Առաքեալի գիրքին հետեւեալ տողը, «Գիտցած եղէք, որ փորձութիւնը համբերութիւն կը ծնի» (Յկ. 1.3):
Առաքեալին սոյն հաստատումով, Սրբազան հայրը պատգամին ընդմէջէն ժողովուրդին դիտել տուաւ, թէ այսօրուան մեր բոլոր դժուարութիւնները, նեղութիւնները եւ կամ ձախողութիւնները կը պատահին ոչ թէ մեզ տկարացնելու, այլ բարձրացնելու եւ զօրացնելու համար: Սրբազանը շեշտեց, թէ Աստուծոյ խօսքը միայն «խօսք»-ի սահմաններուն մէջ չէ, որ կ՚ամփոփուի, այլ նաեւ կեանք կ՚առնէ իւրաքանչիւր բարեպաշտի կեանքին մէջ: Ուստի, Սրբազան հայրը իր յորդորներով ու խրատներով քաջալեր հանդիսացաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին ու անոնց Քրիստոսի խօսքերով ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է տոկալ կեանքի փոթորիկներուն, միաժամանակ հաւատարիմ մնալով Յիսուս Քրիստոսի խօսքերուն:
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշօն կատարուեցաւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ.Գ.Խ.-ի բարերարներուն, ուսուցչուհիներուն եւ նուիրեալ անդամ-անդամուհիներուն հոգիներուն համար, նախագահութեամբ Սրբազան հօր: Հոգեհանգիստը կը կատարուի ամէն տարի Հ.Գ.Խ.-ի կազմակերպութեամբ, ի յիշատակ բոլոր այն անձնուէր հոգիներուն, որոնք իրենց ողջ կեանքի ընթացքին միշտ նեցուկ կանգնած են մեր ժողովուրդին՝ թէ՛ բարերարական գործերով, թէ՛ ուսուցչական ասպարէզին ընդմէջէն հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով, ե՛ւ որպէս անդամ ու անդամուհի՝ անձնուէր ծառայութեամբ իրագործելով իրենց սիրտի պարտքը։
Աւարտին, «Տէր-Զաքարեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ «Անի» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն եւ տարեկան գաթայի հատում:
Բարի գալուստի խօսքով Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ ներկայ ժողովուրդին ողջունեց «Անի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարիամ Յարութիւնեան-Տէրէյեան, որ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց մնայուն ներկայութեան եւ անսակարկ նուիրումին համար, ընդգծելով այն սիրտի գոհունակութիւնը, որ մշտապէս կը ստեղծուի, մասնաճիւղին նկատմամբ ցուցաբերուած անշահախնդիր աջակցութիւնը տեսնելով։
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Սրբազան հայրը փոխանցելու իր հայրական խօսքն ու օրհնութիւնը։
Սրբազանը երախտագիտութեամբ յիշատակեց բոլոր այն անձերը, որոնք երբեք ճիգ չեն խնայած Հ.Գ.Խ.-ի միութենական կեանքին ընդմէջէն իրենց նուիրեալ ծառայութիւնը մատուցելու մեր գաղութներուն մէջ։ Միաժամանակ, ան դիմեց նոր սերունդին՝ շեշտելով, որ նոյն ջերմեռանդութեամբ ու պատասխանատուութեան զգացումով պէտք է շարունակուի մեր նախնիներու սկսած ծառայութիւնը, որպէսզի անոնց ստեղծած ու պահպանած սովորութիւններն ու աւանդութիւնները մշտապէս կենդանի պահեն յիշատակը։
Ապա, Սրբազան հայրը գնահատեց մասնաճիւղի այժմու անդամուհիները, որոնք իրենց ժամանակն ու կարողութիւնները անշահախնդիր կը նուիրեն մեր ժողովուրդին ծառայելու գործին։ Իր խօսքէն ետք, Սրբազանը կատարեց գաթայի օրհնութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն։
ԹՂԹԱԿԻՑ










