Կազմակերպութեամբ՝
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան
Կիրակի, 27 Յուլիս 2025-ի առաւօտեան, Նէոս Գոզմոսի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի, 1983-ին Լիզպոնի մէջ նահատակուած հինգ քաջարի երիտասարդներուն յիշատակին։
Պիտի նախագահէ Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Պիտի պատարագէ շրջանի հոգեւոր հովիւ
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ:
ԱՐԺ. Տ. ՆԱՐԵԿ ՔՀՆՅ. ՇԱՀԻՆԵԱՆ:
Սկիզբ պատարագի ժամը 10:00-ին, հոգեհանգիստ ժամը 11:00-ին:
Կոչ կ՚ուղղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որ իրենց ներկայութեամբ յարգեն քաջարի հինգ հայորդիներու անձնազոհութեան վեհ արարքն ու անոնց անմար յիշատակը:
Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵՐԻՏ. ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ








