«Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզ աւարտական հանդիսութիւն Աշակերտներ ձախէն աջ՝ Անի Միխայէլիտու, Անկելինա Կարապետեան, Ռաֆայիլիա – Անտիոբի Քուրի,Արէն Յովակիմեան, Ալեքսանտրա Մովսէսեան, Անասթասիա Քամպուրելի Աննա – Մարիա Խաչատրեան: Ուսուցիչներ ձախէն աջ՝ Քիրիաքիտու Էֆի, Աբիկեան Անի, Բեսեքսիտու Էլսա

Հ.Կ.Խ. «­­­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի «­­­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի մեր սի­րե­լի ­­­Ծա­ղիկ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­րա­խու­թեամբ եւ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ պաշ­տօ­նա­պէս կը լրաց­նեն 2024-2025 տա­րեշր­ջա­նը:

Այ­սօ­րո­ւան օ­րը փոքր, սա­կայն նշա­նա­կա­լից կա­յան մըն է մեր փոք­րիկ­նե­րուն կեան­քին մէջ։ ­Կա­յան մը, որ կը նշէ ման­կա­պար­տէ­զի շրջա­նի ա­ւար­տը եւ նոր ու կա­րե­ւո­րա­գոյն հանգ­րո­ւա­նի մը սկիզ­բը՝ նախ­նա­կան դպրո­ցին մէջ, ա­ռա­ջի­նը ըլ­լա­լով ­Զա­ւա­րեան ­Վար­ժա­րա­նը։
Դպ­րո­ցա­կան տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր ման­կա­պար­տէ­զը հա­ւա­տար­մու­թեամբ կի­րար­կեց նա­խա­րա­րու­թեան ման­կա­վար­ժա­կան ծրա­գի­րը՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րով, դաս­տիա­րակ­չա­կան նո­րա­րար ծրա­գիր­նե­րով եւ կրթա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րով:

­Մեր կրթա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը

­Մեր սի­րե­լի հունձ­քը հա­ճոյ­քով ապ­րե­ցաւ, իւ­րա­ցուց ու վա­յե­լեց Ա­նա­հիտ ­Սար­գի­սեա­նի «­Ձեռք-ձեռ­քի» շար­քէն գոր­ծադ­րո­ւած ամ­բող­ջա­կան հա­յա­լե­զու ծրա­գի­րը, ա­նոր հրամ­ցո­ւած բո­լոր նիւ­թե­րը ու բնա­կա­նօ­րէն զար­գա­ցուց մեր մայ­րե­նին: Ընդգր­կո­ւած նիւ­թե­րը, պատ­մո­ւածք­նե­րը տա­րի մը եւս գոր­ծե­ցին իբ­րեւ ներշնչ­ման աղ­բիւր մեր ­ման­կա­պար­տէ­զի հա­մայն­քին հա­մար:
­Մեր մա­նուկ­նե­րը կա­տա­րե­լա­պէս եւ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ մաս­նակ­ցե­ցան նո­րա­րար դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րուն, ո­րոնց շնոր­հիւ զար­գա­ցու­ցին ի­րենց հմտու­թիւն­նե­րը, գի­տե­լիք­նե­րը ու բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խար­հը, ներ­դաշ­նակ ե­ռա­լե­զու մի­ջա­վայ­րի մը մէջ:
Ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ դաս­տիա­րակ­չա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը ա­ռի­թը ըն­ծա­յե­ցին ե­րե­խա­նե­րուն՝ ընդ­լայ­նե­լու ի­րենց հո­րի­զոն­նե­րը եւ ­Ման­կա­պար­տէ­զին մէջ ձեռք ձգած փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը:
Ա­ռա­ւե­լա­բար, փո­խա­ռա­կան գրա­դա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ, մշա­կո­ւե­ցաւ ըն­թեր­ցա­սի­րու­թիւ­նը եւ մա­նա­ւանդ գիրք ըն­թեր­ցե­լու վար­ժու­թիւ­նը: ­Մեր սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րը շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ հայ գիր­քի աշ­խար­հին մէջ պտը­տե­լով՝ մտեր­մա­ցան հայ գի­րին, սկիսբ առ­նե­լով ար­դիւ­նա­ւէտ ու ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տանք մը: ­Մեր բան­ջա­րա­նոց- ծաղ­կաս­տա­նը մանկա­պար­տէ­զի ա­ռօ­րեան պայ­ծա­ռեց­նող այն ան­կիւ­նը դար­ձած է, ուր բնա­գի­տու­թեան հա­յա­լե­զու ծի­րէն ներս, զար­գա­ցաւ մեր մա­նուկ­նե­րու գի­տա­կան աշ­խար­հը: ­Տա­րի մը եւս, Ապ­րիլ ամ­սուն տե­ղի ու­նե­ցաւ «բաց դռնե­րու» նո­րա­րար գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ուր ծնող­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան մօ­տէն վա­յե­լե­լու մեր մշա­կած ե­ռա­լե­զու դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը, լու­սա­բա­նա­կան յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­մով մը: Ա­պա՝ գե­ղե­ցիկ եր­գա­խա­ղե­րէ ետք, ծնող­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան զա­նա­զան ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու:

­Մեր ա­ւար­տա­կան հան­դէ­սը

Այ­սօ­րո­ւան հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին մեր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը նո­ւի­րե­ցին գե­ղե­ցիկ պա­հեր՝ ի­րենց ան­մի­ջա­կա­նու­թեամբ, կեն­սու­նա­կու­թեամբ եւ ան­մե­ղու­թեամբ։ ­Մե­զի յու­զե­ցին. յի­շե­ցու­ցին, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ ան­մե­ղու­թիւն եւ մատ­ղաշ տա­րիք. եր­գին, շար­ժու­մին եւ ժպի­տին ընդ­մէ­ջէն տե­սանք ման­կա­կան ար­տա­յայ­տու­թեան ու­ժը եւ ջինջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան գե­ղեց­կու­թիւ­նը։
­Պա­տի­ւը ու­նե­ցանք մաս­նակ­ցե­լու յա­տուկ տօ­նի մը, ուր մեր մա­նուկ­նե­րը ի­րենց խա­ղի լե­զո­ւով՝ հրամ­ցու­ցին փունջ մը ա­ւան­դու­թիւն­ներ մեր հա­յոց աշ­խար­հէն, ո­րոնք դա­րե­րու պատ­մու­թիւն, յի­շո­ղու­թիւն եւ հո­գի կը պա­րու­նա­կեն. միեւ­նոյն ժա­մա­նակ համ­տե­սե­ցինք մեր մայ­րե­նի լե­զո­ւին հարս­տու­թիւ­նը:
­Մեր ման­կա­պար­տէ­զին մէջ, հայ­կա­կան ա­ւա­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մը պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ու սի­րոյ ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է մեր ար­մատ­նե­րուն նկատ­մա­մաբ, իսկ ապ­րում­նե­րը, երգն ու խա­ղը՝ մի­ջոց­ներն են մուտք գոր­ծե­լու մեր թան­կա­գին մշա­կոյ­թի աշ­խար­հին մէջ: Ո­րով­հե­տեւ երբ մա­նու­կը կը ծա­նօ­թա­նայ իր պատ­մու­թեան , մշա­կոյ­թին եւ ա­ւան­դու­թեան, բնա­կա­նօ­րէն կը մեծ­նայ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեամբ:
Այս հանգ­րո­ւա­նին նշեմ թէ՝ ­Զա­ւա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սու­մը , բնա­կան եւ ի­մաս­տա­լից շա­րու­նա­կու­թիւնն է այն հիմ­քե­րուն, ո­րոնք կը դրո­ւին հոս մեր ման­կա­պար­տէ­զին՝ ­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեա­նին մէջ: ­Խոր պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան մը մէջ, մեր սի­րե­լի ­Զա­ւա­րեա­նին մէջ, կրթու­թիւ­նը սրտի եւ գի­տակ­ցու­թեան ընտ­րու­թիւն է: Ո­րով­հե­տեւ երբ մա­նու­կը կ­‘ու­նե­նայ ար­մատ­ներ մատ­ղաշ տա­րի­քէն սկսեալ եւ օ­րէ օր գնա­հա­տե­լի աճ մը կ­‘ար­ձա­նագ­րո­ւի, յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նին՝ մտե­րիմ վայ­րին մէջն է, ուր պի­տի տա­րա­ծո­ւին ճիւ­ղերն ալ, զորս պի­տի նպաս­տեն հա­յա­կերտ­ման եւ ազ­գա­նո­ւի­րու­թեան:

Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք՝

­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­րաշ­նորհ Տ. ­Սա­հակ արք. Ե­մի­շեա­նին:­­ ­Սուրբ ­­­­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ո­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւ ­հայր ­­­Տ. Պա­րէտ քհնյ. ­­­Խա­չե­րեա­նին եւ ­­­Թա­ղա­յին ու ­­Տիկ­նանց մար­մին­նե­րուն:
Հ.Հ. ­­­Յու­նաս­տա­նի մօտ յար­գե­լի դես­պա­նին, պա­րոն ­­­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին: Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան, Տնտե­սա­կան եւ ­­­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն:
­­­Հայ ­­­­Կա­պոյտ ­­­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան: ­­
­Գո­քի­նիոյ «­­­­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, որ նիւ­թա­պէս ու բա­րո­յա­պէս իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ման­կա­պար­տէ­զի կա­րիք­նե­րուն եւ հո­գաց օ­դա­փո­խիչ սար­քի գնման ծախ­սե­րուն:
­Զա­ւա­րեան ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տ­­նօ­րէ­նու­թեան, տի­կին ­­­­Մի­նա­սեան ­­­­Հայ­կա­նու­շին, որ ամ­բողջ տա­րին կը սա­տա­րէ ման­կա­պար­տէ­զի յա­ռաջ­դի­մու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին:
Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան կա­տա­րեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար, որ միշտ թի­կունք կը կանգ­նի ո­րե­ւէ տե­սա­կի կա­րիք­նե­րուն ու յանձն ա­ռած ­­­­ծա­ղիկ դա­սա­րա­նի ա­ւար­տա­կա­նի յու­շա­նո­ւէր­նե­րուն:
Սր­տա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս գոր­ծըն­կեր ու­սուց­չու­հի­նե­րուն՝ Է­ֆի ­Քի­րիա­քի­տու եւ Էլ­սա ­Փե­սեք­սի­տու, ի­րենց ար­հես­տա­վար­ժու­թեան, սի­րոյ եւ նո­ւի­րու­մին հա­մար. մեր ծաղ­կո­ցին մէջ կա­տա­րո­ւած՝ ե­րախ­տա­պարտ այն աշ­խա­տան­քին, ան­կեղծ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, միշտ ի շահ մա­նու­նե­րու բա­րօ­րու­թեան: ­Մեր միաս­նա­կան ջան­քե­րով ստեղ­ծե­ցինք սի­րա­ռատ մի­ջա­վայր մը, ուր ե­րե­խա­նե­րը ինք­նավս­տա­հու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան զգա­ցու­մե­րով ա­ճե­ցան:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն դպրո­ցի մա­տա­կա­րա­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու տի­կին ­Կա­րի­նէ ­Խա­չատ­րեա­նին. ու­ղե­կից­նե­րուն՝ ­Լուի­զա Ա­ւա­գեան եւ ­Սու­սան ­Տա­տա­մեան. դպրո­ցա­կան վա­րորդ­նե­րուն՝ ­Նի­քով ­Ծա­ւա­րաս եւ ­Նո­րա ­Յա­կո­բեան:
­Ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ տի­կին ­Սու­սա­ն ­Տա­տա­մեանին՝ իր ան­վեր­ջա­նա­լի եւ պատ­րաս­տա­կամ օգ­նու­թեան հա­մար:
Սր­տա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ կը յղեմ մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու բո­լոր ծնող­նե­րուն, ցու­ցա­բե­րած վստա­հու­թեան, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ան­խոնջ ա­ջա­կա­ցու­թեան հա­մար՝ բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեամբ:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն տի­կին­նե­րուն՝ Սլ­տը­րեան ­Նո­րա, Ա­ւա­գեան ­Լո­ռի եւ ­Ցու­քա­լա ­Նե­վի, ո­րոնք հարս­տա­ցու­ցին մեր ­Ման­կա­պար­տէ­զի գրա­դա­րա­նը եւ խա­ղի ան­կիւն­նե­րը: ­Ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն ­Վարդ ­Քե­տի­կեա­նին՝ ո­րուն շնոր­հիւ դպրո­ցա­կան մար­զա­խա­ղե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րո­ւան առ­թիւ՝ « Ո­ղիմ­պիա­կան մար­զա­խա­ղեր» կազ­մա­կեր­պեց, մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար:
­Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն տի­կին Ա­նաս­թա­սիա ­Գո­յում­ճեա­նին՝ իր նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեա­նին, որ սի­րա­յօ­ժար ստանց­նեց օ­դա­փո­խիչ սար­քե­րու զե­տե­ղու­մը ­ման­կա­պար­տէ­զի զոյգ դա­սա­րան­նե­րուն մէջ:

­Մեր հունձ­քը

Յա­տուկ զգա­ցու­մով կ­՛ու­զեմ այ­սօր անդ­րա­դառ­նալ մեր մա­նուկ­նե­րու ե­զա­կի խում­բին, որ ամ­բողջ տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին գոր­ծեց ո­գեշն­չու­մով, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ եւ ստեղ­ծա­գործ միտ­քով։
­Մեր մա­նուկ­նե­րը սոր­վե­ցան բաժ­նեկ­ցիլ, ստեղ­ծել ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ, գոր­ծակ­ցիլ եւ ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տո­ւիլ։ Ա­նոնց իւ­րա­քան­չիւր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը փոք­րիկ տօն մըն էր՝ ան­կեղծ ար­տա­յայ­տու­թեան եւ ման­կա­կան ու­րա­խու­թեան։
Եր­կու տա­րո­ւայ ըն­թաց­քին, ա­կա­նա­տես ե­ղանք մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­ճին, զար­գա­ցում­նե­րուն, նոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ձեռք­բե­րու­մին, զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայտ­ման, հա­մա­կե­ցու­թեան սերտ­ման, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ ժպի­տին։
­Բազ­միցս մե­զի յի­շե­ցու­ցին թէ երբ կը կեր­տես սի­րով, վստա­հու­թեամբ եւ հո­գա­տա­րու­թեամբ լե­ցուն մի­ջա­վայր մը, ա­նոնք՝ ե­րե­խա­նե­րը, կը ծաղ­կին եւ զու­գա­հեռ կը ծաղ­կին նաեւ մեր ե­րազ­նե­րը՝ հա­մե­րաշխ աշ­խար­հի մը հա­մար։
­Մեր սի­րե­լի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն կ­‘ուղ­ղեմ ա­մե­նա­ջերմ մաղ­թանք­ներս գե­ղե­ցիկ ճամ­բոր­դու­թեան հա­մար, զոր միա­սին ան­ցու­ցինք։
Այժմ ժա­մա­նակն է յա­ռաջ եր­թա­լու. նոր վայր, նոր ու­սու­ցիչ­ներ, նոր յու­շեր…
­Յա­ջո­ղու­թիւն ու մշտա­հոս հե­տաքրք­րու­թիւն, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն եւ յայտ­նա­բեր­ման խան­դա­վա­ռու­թիւն կը մաղ­թեմ:
­Բա­րի սկիզբ, բա­րի երթ եւ լու­սա­ւոր ճամ­բայ ­Զա­ւա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ:
­Վարձ­քեր­նիդ կա­տա՛ր, սի­րե­լի փոք­րիկ­ներ…