Ընկ.­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեա­նի խօս­քը

Անձս միայն մտքով պատ­կե­րա­ցու­ցած է Հ­րաշ­քի ըմբռ­նու­մը, բայց թէ ի՞նչ է ան, չէ հան­դի­պած, չէ տե­սած:
­Բայց ե­կէք պահ մը միա­սին մտո­վի պատ­կե­րաց­նենք 1920-ա­կա­նի տաս­նա­մեա­կը:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք տուն-տեղ ու հա­րա­զատ­ներ կորսն­ցու­ցած գաղ­թա­կան հա­յե­րու ան­դի­մա­գիծ բազ­մու­թիւն մը, շո­ւար ու ան­ճար՝ ին­կած են ­Սու­րիա, ­Լի­բա­նան, Ի­րաք, Ե­գիպ­տոս, ­Յու­նաս­տան, ­Պուլ­կա­րիա եւ այ­լուր: Ո­չինչ ու­նին վե­րապ­րիլ կա­րե­նա­լու հա­մար: Ոչ եր­դիք ի­րենց գլխուն վրայ, ոչ ալ գործ: Եւ զի­րենք հիւ­րըն­կա­լած երկ­րի լե­զո­ւին ան­ծա­նօթ են: Ա­հա գաղ­թա­կա­նի այդ ա­հա­ւոր տաս­նա­մեա­կին մէջ, ճշգրիտ՝ 1928-ին, գաղ­թա­կա­նի նոյն պայ­ման­նե­րու մէջ գտնուող դաշ­նակ­ցա­կան եր­կու մտա­ւո­րա­կան հսկա­ներ՝ ­Լե­ւոն ­Շանթ եւ ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան Ե­գիպ­տո­սի մէջ կը յղա­նան գա­ղա­փա­րը՝ կրթա­կան միու­թիւն մը հիմ­նե­լու, հա­յա­շատ ­Պէյ­րու­թի մէջ հա­յակր­թա­կան ճե­մա­րան մը բա­նա­լու հա­մար եւ կը գտնեն հա­մա­խոհ գոր­ծա­կից­ներ:
Ա­նոնք կ­‘ու­նե­նան նե­ցուկն ու քա­ջա­լե­րան­քը նոյն­պէս մտա­ւո­րա­կան հսկայ եւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նի, ո­րու ա­ռա­ջար­կով կ­‘որ­դեգ­րո­ւի նաեւ, որ միու­թիւ­նը «­Հա­մազ­գա­յին» մակ­դի­րը կրէ:
Ի՞նչ բա­նի կը վստա­հէին ա­նոնք՝ նման յան­դուգն նպա­տակ հե­տապն­դե­լու հա­մար եւ այն­պի­սի օ­րե­րուն, երբ տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան, բա­րո­յա­կան ու գա­ղա­փա­րա­կան ա­ռում­նե­րով հայ կեան­քը այն­քան ա­պա­հով էր, որ­քան ան­ղեկ նաւ մը կրնար ըլ­լալ ով­կիա­նո­սին վրայ:
Այս կէ­տին մէջ­բե­րեմ դրո­ւագ մը՝ ըն­թեր­ցում­նե­րէս քա­ղո­ւած: Երկ­րորդ հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին, զի­նո­ւո­րա­կան վաշ­տա­պետ մը իր պե­տե­րուն 12 տրա­մա­բա­նա­կան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յաց­նէ հիմ­նա­ւո­րե­լու եւ ար­դա­րա­նա­լու հա­մար, թէ ին­չո՞ւ չ­գոր­ծադ­րեց տո­ւեալ բլուր մը ան­պայ­ման գրա­ւե­լու ո­րո­շու­մը: ­Զօ­րա­պե­տը համ­բե­րու­թեամբ մտիկ ը­նե­լէ ետք, կը յա­րէ վաշ­տա­պե­տին. «­Կար 13-րդ ­պատ­ճառ մըն ալ, որ չը­սիր» եւ զի­նո­ւո­րա­կա­նին զար­մա­ցած աչ­քե­րուն նա­յե­լով կ­‘ը­սէ. «պար­զա­պէս չէիր հա­ւա­տար, որ պի­տի կա­րե­նաս գրա­ւել…»:
­Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նա­դիր­նե­րը զի­նուած էին ա­հա յա­ջո­ղե­լու ան­կոտ­րում հա­ւատ­քով, որ կը պակ­սի այ­սօր հայ կեան­քի ղե­կա­վար­նե­րէն՝ ­Հա­յաս­տա­նէն սփիւռք: ­Մա­նա­նե­խի չափ հա­ւատ­քը լեռ­ներ կը շար­ժէ, ը­սած էր ար­դէն ­Նա­զով­րե­ցին: Եւ ը­սած էր ա’յս ­տե­սակ հա­ւատ­քի մա­սին եւ ոչ այն խե­ղա­թիւ­րո­ւա­ծին, թէ՝ «հա­ւա­տա’ ու մի’ հարց­ներ»ին…:
Եւ եր­կու-ե­րեք տա­րի վերջ, 1930-31 թո­ւա­կա­նին ­Պէյ­րու­թի սրտին վրայ ­Ճե­մա­րա­նը կը բա­ցո­ւէր, որ շու­տով իր տա­րա­ծու­թեամբ, շէն­քա­յին կա­ռոյ­ցի յար­մա­րու­թիւն­նե­րով եւ մա­նա­ւանդ ու­սում­նա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ նա­խան­ձը պի­տի շար­ժէր կրթա­կան միւս հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն:
Ե­թէ ա­սի­կա հրաշք չէ, հա­պա ինչ­պէ՞ս կ­‘ըլ­լայ հրաշ­քը…
Ին­չո՞ւ ­Ճե­մա­րան:
­Կաս­կած չկայ, որ ­Հա­մազ­գա­յի­նի հիմ­նա­դիր­նե­րու ա­ռա­ջին ու մե­ծա­գոյն ի­րա­գոր­ծու­մը ­Ճե­մա­րա­նի հիմ­նու­մը ե­ղաւ:
­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը գլխա­տած էր մեր գրա­գէտ­նե­րը, բա­նաս­տեղծ­նե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րը, խմբա­գիր­նե­րը, ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րը: ­Մէկ խօս­քով՝ հնձած էր մեր ողջ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ հոս-հոն տարտղ­նած հա­յու բե­կոր­նե­րը: Մ­նա­ցոր­դա­ցին վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար ազ­գը պէտք ու­նէր մտա­ւո­րա­կան սե­րուն­դի մը գո­յաց­ման, ու­սու­ցիչ­նե­րու, խմբա­գիր­նե­րու, մշա­կու­թա­յին թէ կու­սակ­ցա­կան կամ ընդ­հան­րա­պէս հան­րա­յին գոր­ծիչ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան: Անհ­րա­ժեշտ էր ա­ռա­ջաց­նել գի­տա­կից ու յանձ­նա­ռու սե­րունդ մը, որ հա­մա­կող­մա­նի ու­սու­մով ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ զի­նո­ւած լծո­ւէր ազ­գի վե­րա­կանգ­նու­մին, հայ կեան­քի վե­րա­կա­ռուց­ման աշ­խա­տան­քին: Ա­հա հիմ­նա­դիր­նե­րուն մեծ նպա­տա­կը եւ ­Ճե­մա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը: Այս ա­ռու­մով յա­ջո­ղե­ցա՞ն ա­նոնք ի­րենց նպա­տա­կին մէջ:
Մ­տա­բե­րենք, որ ե­ղաւ ժա­մա­նակ մը, ուր կրթա­րան­նե­րու ցան­ցով ու կրթա­կան մշակ­նե­րով, գրա­կան հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու, դա­սագր­քե­րու եւ պար­բե­րա­կան­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թեամբ, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րու յա­ճա­խա­կա­նու­թեամբ, երգ­չա­խում­բե­րու հա­մերգ­նե­րով, գրա­տա­րա­ծու­թեամբ , պա­րա­խում­բե­րու ե­լոյթ­նե­րով եւ ընդ­հան­րա­պէս մշա­կու­թա­յին ե­ռու­զե­ռով լի­բա­նա­հայ գա­ղու­թը կը յա­ւակ­նէր վե­րա­կեն­դա­նաց­նե­լու հայ­կա­կան ­Պո­լի­սը ­Պէյ­րու­թի մէջ…:
Մ­շա­կու­թա­յին այդ վե­րել­քին ան­կասկած է, թէ ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­ցան մշա­կու­թա­յին տար­բեր-տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ու ան­հատ գոր­ծիչ­ներ, բայց եւ այն­պէս ա­նոր ակ­նաղ­բիւ­րը կա­րե­լի է հա­մա­րել, որ ­Ճե­մա­րա­նը ե­ղաւ, իսկ գլխա­ւոր խթա­նո­ղը եւ շար­ժի­չը՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նը:
Ինչ ը­րած, որ երկ­րի ա­պա­հո­վա­կան յեղ­յե­ղուկ կա­ցու­թիւնն ու քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազմ­նե­րը տար­բեր ճա­կա­տա­գիր մը վե­րա­պա­հած էին հա­յա­գա­ղու­թին: Եւ ու­շադ­րու­թի՜ւն. այս վե­րել­քին հա­մար աշ­խա­տող հա­մազ­գայ­նա­կան­նե­րու գե­րա­զանց թի­ւը կա­մա­ւոր-անվ­ճար ջան­քե­րու շնոր­հի­ւը ե­ղաւ, ինչ­պէս այ­սօ­րո­ւան­նե­րուն պա­րա­գան է:
­Հիմ­նադ­րու­թեան յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն կարգ մը հա­յա­գա­ղութ­նե­րու մէջ կեանք ա­ռին մշա­կու­թա­յին հա­մա­նուն միու­թիւն­ներ՝ ան­ջա­տա­բար գոր­ծող:
­Մեր յու­նա­հայ գա­ղու­թին մէջն ալ ­Հա­մազ­գա­յի­նի ու­րոյն միա­ւոր չկար, բայց մշա­կու­թա­յին կեանք կար ու ե­ռու­զեռ:
­Կը գոր­ծէր բազ­ման­դամ (50- 60) հո­գի­նոց երգ­չա­խումբ՝ ճոխ եր­գա­ցան­կով եւ խմբա­վա­րու­թեամբ ­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեա­նի, ա­պա ­Յով­հան­նէս ­Տու­մա­նեա­նի, Հ­րայր ­Նի­կո­լեա­նի, կար բազ­ման­դամ թա­տե­րա­խումբ՝ հռչա­կի ար­ժա­նի բե­մադ­րիչ­նե­րով՝ Ար­շա­ւիր ­Գա­զան­ճեա­նի, ­Կար­պիս Ֆ­րուն­ճեա­նի, ո­րոնք տա­րին եր­կու-ե­րեք թա­տե­րա­կան կտոր­ներ կը ներ­կա­յաց­նէին հան­րու­թեան, եր­բեմն՝ նոյ­նիսկ եր­գա­խառն (օ­բե­րեթ): ­Պա­րա­գա­յա­բար կը կազ­մո­ւէին ե­րի­տա­սար­դա­կան պա­րա­խում­բեր՝ պա­րու­սու­ցու­թեամբ ­Վար­դու­հի ­Պօ­ղո­սեան եւ ­Հայ­կու­հի Եաղ­ճեան–­Տա­գէ­սեան քոյ­րե­րու, ո­րոնք շա­բաթ­նե­րու տքնա­ջան ճի­գե­րով հայ­կա­կան պա­րե­րուն կու­տա­յին նոր ո­րակ ու պա­լէի կշռոյթ, կը սար­քուէին գրա­կան ե­րե­կո­ներ, կա­յին հռչա­կա­ւոր մե­ներ­գող­ներ, ո­րոնց­մէ ո­մանք յու­նա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ համ­բաւ ու­նե­ցող, իննչ­պէս ­Ծա­ղիկ-Ֆ­լո­րա ­Գա­զան­ճեա­նը ու Ա­րուս Գ­րի­գո­րեա­նը, սքան­չե­լի աս­մուն­քող­ներ էին ­Սո­նա ­Պէօ­րէք­ճեան, Ե­ղիս ­Պաս­մա­ճեան, ­Կա­րօ ­Ղե­ւոն­դեան, ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան եւ կեդ­րո­նա­կան բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն կը ներ­կա­յա­ցո­ւէին գե­ղա­րուես­տա­կան տպա­ւո­րիչ յայ­տագ­րեր՝ խօսք ու ե­րաժշ­տու­թիւն՝ կեն­դա­նի պատ­կեր­նե­րով, ո­րոնց պատ­րաս­տու­թիւ­նը քա­նի մը շա­բաթ­ներ կը տե­ւէր, եւ այլն:
­Վարձ­քը կա­տար՝ բո­լոր ե­րախ­տա­ւոր­նե­րուն: (նե­րո­ղա­միտ ե­ղէք, մոռ­ցո­ւած ա­նուն­նե­րուն հա­մար):
­Հե­տա­գա­յին, 1970-ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն հա­մաս­փիւռ­քեան կա­ռոյ­ցի վե­րա­ծուե­լով ­Հա­մազ­գա­յի­նը իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը տա­րա­ծեց գրե­թէ բո­լոր հա­յա­գա­ղութ­նե­րու մէջ, ինչ­պէս եւ ­Յու­նաս­տան՝ ու­րոյն կա­ռո­ցով ու կա­նո­նագ­րով:
­Հա­մազ­գա­յի­նը շու­տով եւ ա­մէ­նուր իր ներ­կա­յու­թիւ­նը հաս­տա­տեց մշա­կու­թա­յին աշ­խու­ժու­թիւն­նե­րով, իսկ կարգ մը վայ­րե­րու մէջ ինք­զինք դրոշ­մեց կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս Աւստ­րա­լիա, յատ­կա­պէս ­Մար­սէյ:
­Պահ մը կանգ առ­նենք ­Մար­սէյ­լի ճե­մա­րա­նին վրայ, ընդգ­ծե­լու հա­մար, որ հինգ-վեց հա­րիւր հա­զար հա­շո­ւող տնտե­սա­պէս ինք­նա­բաւ ու բա­րե­կե­ցիկ ազ­գա­յին­նե­րէ բաղ­կա­ցած Ֆ­րան­սա­յի հա­յա­գա­ղու­թը հա­յակր­թա­կան ի­մաս­տով ա­նա­պատ պի­տի մնար, ե­թէ ­Պէյ­րու­թէն ­Հա­մազ­գա­յի­նը խի­զախ ո­րո­շու­մով մը չձեռ­նար­կէր ու յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տին չհասց­նէր ­Մար­սէյ­լի ­Ճե­մա­րա­նը՝ սե­փա­կան ջան­քե­րովն ու ներդ­րու­մով: ­Մար­սէյ­լի ­Ճեմ­րա­նէն վերջ երկ­րի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ այ­սօր 10-12 հայ­կա­կան կրթա­րան­ներ կան, ո­րոնք սա­կայն չա­փա­զանց ան­բա­ւա­րար են տա­կա­ւին, քա­նի որ կ­‘են­թադ­րո­ւի, թէ մօ­տա­ւոր հա­շո­ւով 50-60 հա­զար դպրո­ցա­կան տա­րի­քի տղաք զրկո­ւած կը մնան հայ­կա­կան դպրո­ցի բա­րի­քէն…:
­Մենք վկա­ներն ենք հի­մա, որ ­Հա­մազ­գա­յի­նը իր գոր­ծա­դաշ­տը տա­րա­ծած է գրե­թէ ա­մէն տեղ, ուր քիչ-շատ կազ­մա­կերպ հա­յա­գա­ղութ գո­յա­ցած է եւ ան իր գոր­ծու­նէու­թեան մէջ ընդգր­կած է մշա­կու­թա­յին ու կրթա­դաս­տիա­րակ­չա­կան նոր տա­րածք­ներ՝ ճո­խաց­նե­լով իր ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն ցու­ցա­կը: Եւ մե­զի պէս ա­մէն հա­յա­գա­ղութ, նաեւ ­Հա­յաս­տան, այս­պէս, փար­թամ սրահ­նե­րու մէջ 95-ա­մեա­կի փա­ռա­բա­նան­քը կը կա­տա­րէ: Այս ալ, ա­ռա­ջին հրաշխ­քին մէջ ու­րիշ հրաշք մը չէ, հա­պա ի՞նչ է։
­Բայց, 95-ա­մեա­կի նո­ւի­րո­ւած մշա­կոյ­թի այ­սօ­րո­ւան տօ­նը միայն սնա­պար­ծու­թիւն պի­տի ըլ­լայ, ե­թէ ան­ցեա­լի ի­րա­գոր­ծում­նե­րու քա­ղո­ւած­քէն ետք, չքննար­կենք նաեւ ներ­կա­յի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, որ­պէս­զի վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ուրուագ­ծել կա­րե­նան ա­պա­գա­յի ը­նե­լիք­նե­րը:
­Մեր ներ­կա՞ն: ­Շա՜տ հե­ռու է մխի­թա­րա­կան ըլ­լա­լէ: Տ­խուր է ներ­կա­յի մեր պատ­կե­րը:
Ար­ցա­խի կո­րուս­տէն ու հա­յա­թա­փու­մէն ետք կա­ցի­նա­հա­րո­ւե­ցաւ մեր հպար­տու­թիւ­նը եւ պղտո­րե­ցաւ ազ­գի ա­պա­գա­յին տես­լա­կա­նը: Այ­սօր, մեր հայ­րե­նի­քը կը գա­լա­րո­ւի քա­ղա­քա­կան ա­նո­րո­շու­թեան ու ներ­քին պա­ռակ­տու­մի ճի­րան­նե­րուն մէջ: ­Գո­յու­թե­նա­կան սպառ­նա­լի­քը կա­խո­ւած է մեր գլխուն վրայ եւ հար­ցա­կա­նի տակ է մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան տե­ւե­լիու­թիւ­նը, մինչ քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րը ան­հաշտ կող­մե­րու վե­րա­ծո­ւած՝ պայ­քա­րի մէջ են զի­րար մա­շեց­նե­լու մո­լուց­քով եւ չեն անդ­րա­դառ­նար, որ ի­րա­կա­նին մէջ մեր պե­տա­կա­նու­թիւնն է, որ կը մա­շեցնեն: Ա­ւե­լին. ա­նոնք նոյ­նիսկ կը փոր­ձեն սփիւռքն ալ ներ­քա­շել ի­րենց պա­ռակ­տու­մին մէջ եւ… լսող ա­կանջ­ներ կը գտնեն դժբախ­տա­բար: Իսկ հայ­րե­նաբ­նակ մեր ազ­գա­կից­նե­րը, հայ­րե­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, անց­նող տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կա­շառ­քի ախ­տա­գին մշա­կոյ­թին մէջ ապ­րած ըլ­լա­լով եւ ա­նոր ներ­գոր­ծու­թեան տակ կար­ծէք պար­պո­ւած են ա­զա­տու­թեան, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան, ան­կա­խու­թեան, ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թեան, ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան վեհ գա­ղա­փար­նե­րէն, պար­պո­ւած ըլ­լա­լով ա­պա­գա­յի ե­րազ­նե­րէ եւ ի­րենց ղե­կա­վար տար­րէն պատ­րա­նա­թափ՝ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց սթա­փու­թիւ­նը, արթ­նու­թիւ­նը կորսն­ցու­ցած վի­ճա­կին մէջ մնալ, դժբախ­տա­բար:
Ե՞րբ պի­տի անդ­րա­դառ­նանք ար­դեօք, որ պե­տա­կա­նու­թեան կո­րուս­տով ա­մէն ինչ կոր­սո­ւած պի­տի ըլ­լայ: Ազ­գը ա’զգ­ է, երբ պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նի, պե­տա­կա­նու­թիւ­նը ազ­գի մը մե­ծա­գոյն ար­ժէքն է, միա­ժա­մա­նակ՝ ա­նոր կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թեան գե­րա­գոյն մա­կար­դա­կը: ­Նոյ­նիսկ հայ­րե­նիք­նե­րը պե­տա­կա­նու­թիւն կա­ռու­ցե­լու հա­մար են:
Իսկ գա­լով սփիւռ­քին, գլխա­ւոր մտա­հո­գու­թի­նը այն է, որ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը կորսնցնե­լու եւ օ­տա­րա­նա­լու վտան­գը կը դի­մագ­րա­ւեն: Ա­ռա­ջին զո­հը լե­զուն է ար­դէն: ­Բայց այս մա­սին ը­սեմ հե­տե­ւեա­լը.
­Ներ­կա­յիս, սե­րուն­դը տա­կա­ւին ու­նի գի­տակ­ցու­թիւ­նը, որ ինք կրողն է եր­կու ինք­նու­թիւն­նե­րու, հայ եւ յոյն, հայ եւ ֆրան­սա­ցի, հայ եւ ա­մե­րի­կա­ցի ե­ւայլն:
Ե­թէ հի­մա մի­ջոց­ներ չստեղ­ծենք, ո­րոշ ժա­մա­նակ ետք «հայ»ը պի­տի կլլո­ւի եւ պի­տի մնայ յոյ­նը, ֆրան­սա­ցին, ա­մե­րի­կա­ցին: ­Մի­ջոց­նե­րու մա­սին պէտք է մտա­ծել, հայ­կա­կան գի­տակ­ցու­թիւ­նը զօ­րացնե­լու եւ միշտ ար­թուն պա­հե­լու հա­մար, որ­պէս­զի եր­կու իք­նու­թիւն­նե­րը զի­րար հարստաց­նեն եւ ոչ թէ ոչն­չա­նայ հայ­կա­կա­նը: Այս տե­սա­կէ­տէն,ի շարս այ­լոց, օ­րի­նակ, պա­րա­խում­բե­րը մի­ջա­վայր կը ստեղ­ծեն, ուր հա­յե­րէն չգիտ­նա­լը ար­գելք չէ որ հայ­կա­կա­նին կա­պո­ւին:
Իսկ իբ­րեւ ընդ­հա­նուր հաս­տա­տում սփիւռ­քի մա­սին՝ շեշ­տենք, որ ան ին­կած է ան­տար­բե­րու­թեան ա­խա­տա­գին թմբի­րի մը մէջ, ինչ որ ա­հա­ւոր վտանգ մըն է, նախ՝ ինք­զին­քին հա­մար, ա­պա նաեւ ազ­գին հա­մար: Ան­տար­բե­րու­թիւ­նը կը կրծէ, կը հիւ­ծէ, կը մա­շեց­նէ սե­փա­կան ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը ան­կա­րո­ղու­թեան կը մատ­նէ, ո­րուն նշան­նե­րը տե­սա­նե­լի են ար­դէն սփիւռ­քի միու­թե­նա­կան թէ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու մէջ եւ ո­րուն հա­մար էր, որ եր­կու տա­րիէ ի վեր վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման տա­րի յայ­տա­րա­րած է Ա­րամ Ա. ­Կաթղ.ը: Այս տա­րի՝ մար­դու­ժի:
Ս­փիւռ­քը կրնա՞յ այս խնդիր­նե­րը օ­րահ­րա­մա­նի վե­րա­ծել եւ յաղ­թա­հա­րել զա­նոնք: Ա­յո’, կրնա’յ:
­Մարդ միայն կը զար­մա­նայ եւ կը հիա­նայ հարց տա­լով, թէ ինչ­պէ՞ս մեր ա­ռա­ջին ղե­կա­վար­նե­րը, հայ­րե­նիք ու պե­տու­թիւն կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լու մեծ ցա­ւին մէջ իսկ, ի­րենք ալ գաղ­թա­կան, ի­րենց մէջ ու­ժը գտան հայ խլեակ­նե­րէ գա­ղութ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու, ա­նոնց ամ­բող­ջու­թիւ­նը միաս­նու­թեան գա­ղա­փա­րով խտա­ցու­ցին ՍՓԻՒՌՔ բա­ռի մտա­ծո­ղու­թեան մէջ եւ այդ հա­յա­գա­ղութ­նե­րը մէյ-մէկ հայ­րե­նա­կա­րօտ փե­թակ­նե­րու վե­րա­ծե­ցին…:
Ա­նոնք կրցան: ­Մենք ալ կրնանք:
Այդ օ­րե­րուն հետ բաղ­դա­տած՝ ան­հա­մե­մատ ա­ւե­լի բա­րեն­պաստ ու կազ­մա­կերպ է այ­սօ­րո­ւան սփիւռ­քը: ­Կը մնայ, որ հա­ւատք ու­նե­նանք եւ պե­ղենք սփիւռ­քի կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ պի­տի հաս­տա­տենք, որ մեծ ու­ժա­կա­նու­թիւն պա­հո­ւած է հոն:
Ա­յո’, կրնանք:
Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի յու­նա­հա­յե­րուս, շատ ծանր սրտով ար­ձա­նագ­րենք, որ մեր գա­ղու­թին պատ­կերն ալ չի տար­բե­րիր ընդհ. Ս­փիւռ­քի պատ­կե­րէն: Ան­տար­բե­րու­թեան ախ­տա­գին վի­ճա­կը վա­րա­կած ըլ­լալ կը թո­ւի մեր կա­ռոյց­նե­րու կեն­սու­նա­կու­թեան վրայ: Զ­գոյշ ըլ­լանք, որ թէ ծնող­նե­րու, թէ անձ­նա­կազ­մի եւ թէ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ան­տար­բե­րու­թիւ­նը չտա­րա­ծո­ւի նաեւ մեր կրթա­րան­նե­րուն վրայ: ­Գի­տակ­ցինք, որ ա­ռանց մեր վար­ժա­րան­նե­րուն ան­շուք ան­շուք գա­ղութ մը կը մնայ մե­զի կամ ընդ­հան­րա­պէս չի մնար եւ մեր միու­թե­նա­կան թէ ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն կո­չո­ւած մար­մին­նե­րը ա­ւե­լորդ պեր­ճան­քի կը վե­րա­ծո­ւին:
­Գա­ղու­թի մը աչ­քի լոյս են մեր կրթա­րան­նե­րը եւ սե­փա­կան աչ­քի լոյ­սի պէս հա­ւա­քա­կան խնամ­քի ու գուր­գու­րան­քի ար­ժա­նի են ա­նոնք: ­Կազ­մա­կերպ գա­ղու­թի տե­ւե­լիու­թիւ­նը կա­խեալ է ա­նոնց­մէ:
­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,
­Յո­բե­լեար Ըն­կե­րակ­ցու­թեան հիմ­նար­կէ­քը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Ե­գիպ­տո­սի մէջ, բայց եւ այն­պէս հիմ­նա­դիր­նե­րու տե­սիլ­քը կ­‘ընդգր­կէր ամ­բողջ ազ­գը եւ այդ նպա­տա­կով ալ ա­նոր տրո­ւե­ցաւ «­Համազ­գա­յին» ա­նու­նը:
­Կը նշա­նա­կէ, թէ այ­սօր, սփիւռ­քէն ­Հա­յաս­տան իր տա­րա­ծուն ցան­ցով եւ մշա­կու­թա­յին աշ­խու­ժու­թիւն­նե­րով ­Հա­մազ­գա­յի­նը ընդգր­կած է տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ տե­ղա­բաշ­խո­ւած ազ­գի հա­տո­ւած­նե­րը եւ ար­դէն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած՝ հիմ­նա­դիր­նե­րու մեծ տես­լա­կա­նը…:
­Յար­գանք եւ խո­նար­հում՝ հիմ­նա­դիր սե­րուն­դին եւ կա­մա­ւոր բո­լոր աշ­խա­տող­նե­րուն: