Զաւեշտալի ընտանեկան պատմութիւններ (կա՞մ արկածներ)
Որոշ ժամանակ առաջ` նկատեցինք գինովութեան հետեւանքները («Մարդասպանութիւն մը» թատերախաղ)։
Իսկ` ի՞նչ կարելի է պատահիլ, երբ որ յուսահատ տղամարդ մը յանկարծ կը յայտնուի անծանօթ կնոջ մը տունը, դաւաճանուած ու լքուած իր հարբեցող ամուսինէն։
Պատասխանները`
Հայկ Յակոբեանի մէկ արարով կատակերգութեան «Չմօտենաք ինծի, տիկին»։
Գլխաւոր դերերուն մէջ`
Ժագ Տամատեան, Մարօ Մաթեան
Ելոյթ` Լուիզա Պօղոսեան, Անայիս Բարսեղեան, Եասմին Սամամեան
Պատմող` Գայեանէ Մալխասեան
Դաշնամուր` Լեֆթերիս Խավուցաս
Բեմադրիչ` Յակոբ Պարսամեան
Մուտք` 10 եւրօ, ներառեալ գաւաթ մը գինի կամ գարեջուր.
նախակրթարանի աշակերտներուն համար` 5 եւրօ, ներառեալ հիւթ կամ զովացուցիչ։
Ֆիքսի ակումբ` 18 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 8-ին։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐՇԱՒԻՐ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ