Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին՝ Թեսաղոնիկէի համերգասրահի դահլիճներէն ներս, տեղի ունեցաւ գիրքի ցուցահանդէս մը, որ համախմբեց հայ համայնքի անդամներն ու գիրքի սիրահարները։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին կողմէ՝ համագործակցութեամբ քաղաքի «Աղքատախնամ այրերու եղբայրակցութեան»։
Ցուցահանդէսի առանցքը կը կազմէր «Η Ιστορία των Αρμενικών Κοινοτήτων Θράκης και Μακεδονίας» գիրքը, որ հայերէնէ յունարէնի թարգմանուած է Սարգիս Աղապատեանին կողմէ։ Գիրքին թարգմանութիւնը ունի առանձնայատուկ կարեւորութիւն, քանի որ ան իր մէջ կը պարունակէ խոր պատմութիւն եւ արժէքաւոր վկայութիւններ մեր գաղութներուն անցեալին մասին՝ նպաստելով այդ ժառանգութեան ծանօթացման եւ պահպանման։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան շրջանիս հոգեւոր հովիւ Հայր սուրբը, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետը, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Իրենց խօսքը ուղղեցին քաղաքապետը, Թաղային խորհուրդի ատենապետը եւ համակազմակերպիչ միութեան ատենապետը։
Պաշտօնական խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ հետաքրքրական զրոյց, որ վարեց լրագրող Փանայոթիս Քրինիս, գիրքի թարգմանիչ Սարգիս Աղապատեանի, գիրքի տպագրութեան պատասխանատու Անտոնիս Սթամուլիսի, ինչպէս նաեւ համալսարանի դասախօս Անկելոս Սիրիղոսի եւ պատմագէտ Լեւոն Տիլսիզեանի մասնակցութեամբ։
Ելոյթը իրագործուեցաւ ջերմ ու բարեկամական մթնոլորտի մէջ՝ վերածուելով նաեւ հանդիպման եւ մտերմիկ զրոյցներու առիթի։ Նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման, ինչպէս նաեւ կը խրախուսեն ընթերցասիրութիւնը համայնքի տարբեր սերունդներու մէջ։
ԹՂԹԱԿԻՑ










