­Հինգ­շաբ­թի, 27 ­Նո­յեմ­բեր 2025-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ս. եւ ան­մահ պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ե­ղիա վրդ. ­Մալ­խա­սեան, սպա­սար­կու­թեամբ սար­կա­ւագ­նե­րուն եւ եր­գե­ցո­ղու­թեամբ դպրաց դա­սին։
Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնուե­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Աս­տուա­ծա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­ներ, կղե­րա­կան եւ աշ­խար­հա­կան դա­սա­խօս­ներ։ Ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ ­Մարգ­րիտ ­Գոս­տի­կեան, ­Կա­րօ ­Նա­տեան եւ ­Թո­նի ­Գա­սե­մեան։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին հայր սուր­բը ող­ջոյ­նի խօս­քով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ Աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան հա­մալ­սա­րա­նի ու­սա­նող­նե­րը ա­մե­նա­մեայ սո­վո­րու­թիւն դար­ձու­ցած են մեր Ս. պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւի­լը եւ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ նկատ­մամբ: Ու­սա­նող­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տու քա­հա­նան իր կար­գին խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։ ­Նաեւ մաղ­թեց, որ Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թեամբ ու ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ նոյն ըն­թաց­քով շա­րու­նա­կո­ւի ա­նոնց այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ բո­լորս ալ մէկ Աս­տու­ծոյ հա­ւա­տա­ցող ժո­ղո­վուրդ­ներ ենք եւ այս­պի­սի ա­ռիթ­ներ ցոյց կու տան մեր սերտ յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։
Ըն­թաց­քին, ու­սա­նող­նե­րը ո­րոշ հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ հա­մայն­քին, մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ծէ­սին եւ այլ հար­ցե­րու շուրջ, ո­րոնց պա­տաս­խան­նե­րը տրո­ւե­ցան հայր սուր­բին, ա­տե­նա­պե­տին եւ ­Թո­նի ­Գա­սե­մեա­նին կող­մէ։
Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, պատ­րաս­տո­ւած՝ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ։

ԹՂԹԱԿԻՑ