Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ ­Խո­ջա­լո­ւի յու­շար­ձա­նի բա­ցումն ու ­Հա­յաս­տա­նի դէմ մե­ղադ­րա­կան ե­լոյթ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն այն քա­ղա­քա­կան վար­քա­գի­ծը, ո­րով Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ամ­րագ­րել իր միա­կող­մա­նի պատ­մա­պա­տու­մը։
­Պա­քուն կը փոր­ձէ ­Խո­ջա­լո­ւի հար­ցը դուրս բե­րել յի­շա­տա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու շրջա­գի­ծէն եւ զայն վե­րա­ծել դի­ւա­նա­գի­տա­կան ու քա­րոզ­չա­կան գոր­ծի­քի, ո­րուն մի­ջո­ցով կը հե­տապն­դո­ւի ձե­ւա­ւո­րել «հա­ւա­սար մե­ղա­ւոր­նե­րու» նկա­րագ­րում, ինչ­պէս նաեւ կը նսե­մա­ցո­ւի հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ գոր­ծո­ւած պե­տա­կան բռնու­թիւն­նե­րուն փաս­տը։
­Պա­քո­ւի բռնա­պե­տի կի­րար­կած ռազ­մա­վա­րու­թեան նպա­տա­կը յստակ է. ­մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րուն վրայ ստեղ­ծել այն­պի­սի հա­կակ­շիռ, որ­պէս­զի հա­յու­թեան դէմ ի­րա­կա­նա­ցած ո­ճիր­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւին իբ­րեւ հա­կա­մար­տու­թեան «փո­խա­դարձ հե­տե­ւանք»։ Այս ձե­ւով կը փոր­ձո­ւի մո­ռա­ցու­թեան մատ­նել պե­տա­կան ծրա­գի­րով կազ­մա­կեր­պո­ւած բռնու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ ա­պա­գայ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ ձեռք բե­րել քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ւե­լու­թիւն։
­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը իր դիր­քո­րո­շու­մը սահ­մա­նա­փա­կած է խա­ղա­ղու­թեան օ­րա­կար­գով։ ­Խա­ղա­ղու­թիւն նո­ւա­ճե­լու ձգտու­մը անհ­րա­ժեշտ է, սա­կայն ան չի կրնար ար­դա­րա­նալ պատ­մա­կան հար­ցե­րու շրջան­ցու­մով։ ­Նոյն պա­հուն, երբ Ատր­պէյ­ճան բարձ­րա­ձայն կը խօ­սի ­Խո­ջա­լո­ւի մա­սին, պաշ­տօ­նա­կան Ե­րե­ւա­նը զուսպ կեր­պով՝ գրե­թէ լուռ, կը յի­շա­տա­կէ ­Սում­կա­յի­թի, ­Պա­քո­ւի եւ ­Գան­ձա­կի ջար­դե­րը, ստեղ­ծե­լով այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ, որ կը թու­լաց­նէ հայ­կա­կան դիր­քե­րը մի­ջազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան բե­մին մէջ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ շա­րու­նա­կա­կան ցե­ղա­յին զտում­նե­րու մռայլ է­ջե­րը՝ սկսեալ ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծադ­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մին­չեւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին վրայ գոր­ծո­ւած ո­ճիր­նե­րը, մշա­կու­թա­յին ոչն­չա­ցու­մը եւ վեր­ջա­պէս՝ Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փու­մը։ Այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ա­ռան­ձին դէպ­քեր չեն, այլ մէկ ու ամ­բող­ջա­կան շղթա­յի մը եր­կար մաս­նի­կը, որ կը մատ­նանշէ հա­յու­թեան բնաջնջ­ման հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր վե­րա­ցու­մը իր պատ­մա­կան ա­կունք­նե­րէն։
­Հայ­կա­կան կող­մը պէտք է այ­լեւս յստակ ու հա­մա­կար­գո­ւած մի­ջոց­նե­րով ար­տա­յայ­տէ պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան յստակ դիր­քո­րո­շում։ ­Մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի լե­զո­ւով, փաս­տե­րու հի­ման վրայ եւ հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով պէտք է ներ­կա­յաց­նել հա­յու­թեան դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած բռնու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, ող­ջու­նե­լի եւ կա­րե­ւոր ե­ղաւ վեր­ջերս ­Հայ ­Դա­տի ­Մեծն Բ­րի­տա­նիոյ յանձ­նա­խում­բի զե­կոյ­ցը Ար­ցա­խի հար­ցով, որ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Բ­րի­տա­նիոյ ­Խորհր­դա­րա­նա­կան հե­տաքն­նու­թեան հար­թա­կին։
­Հայ­րե­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն կող­մէ այս­պէս ըն­կա­լո­ւած «ի­րա­պաշտ» քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը չի են­թադ­րեր պատ­մա­կան փաս­տե­րու եւ ի­րա­ւունք­նե­րու ինք­նա­մեր­ժում։ ­Պե­տու­թեան մը ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէ տե­ւա­բար եւ հա­մա­կար­գո­ւած ըն­թաց­քով պաշտ­պա­նել ազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րը։
Ի­րա­կան եւ կա­յուն խա­ղա­ղու­թիւ­նը կա­րե­լի է հաս­տա­տել միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ Ատր­պէյ­ճան յար­գէ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը, ա­պա­հո­վէ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան անվ­տան­գու­թեան եւ վե­րա­դար­ձի պայ­ման­նե­րը, դադ­րեց­նէ ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րածք­նե­րու նկատ­մամբ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րը եւ հրա­ժա­րի պե­տա­կան մա­կար­դա­կով ա­տե­լու­թեան քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէն։ Ա­ռանց այս հիմ­քե­րուն, խա­ղա­ղու­թեան ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն կը մնայ ժա­մա­նա­կա­ւոր ու խո­ցե­լի։
­Տէր կանգ­նիլ պատ­մու­թեան կը նշա­նա­կէ պաշտ­պա­նել պե­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ ա­պա­հո­վել ար­ժա­նա­պա­տիւ ա­պա­գայ, քան­դե­լով լռու­թեան պա­տը, որ ար­հես­տա­կա­նօ­րէն կը փոր­ձո­ւի կանգ­նեց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թե­նա­կան ի­րա­ւուն­քին առ­ջեւ։ ­Միայն այս պայ­մա­նով կա­րե­լի է կա­ռու­ցել ար­դար եւ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թիւն։