Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2024-ին եւ ժամը 10:30-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որ մատուցեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեան, իսկ սուրբ սեղանի սպասարկութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս սարկաւագները եւ երգեցողութիւնը՝ դպրաց դասը։ Քարոզին ժամանակ հոգշ. Հայր սուրբը օրուան ճաշու աւետարանը ընթերցեց եւ ամփոփ հոգեւոր խորդրածութիւնը կատարեց։
Ս. պատարագէն ետք, շրջանիս Թաղային խորհուրդին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Գեղամ արք. Խաչերեանի «ՕՐԹԻ» գրքոյկի ներկայացումը «Արցախ» սրահէն ներս, ուր նաեւ պատրաստուած էր համեստ հիւրասիրութիւն։
Սոյն ներկայացումը կատարեց Հայր սուրբը եւ հակիրճ բացատրութիւն տուաւ գրքոյկին մասին։ Ան իր մէջ կը ներառէ Ս. Պատարագին վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ ու բացատրութիւններ, որոնց մասին մեր ժողովուրդը տեղեակ չէ եւ այդ իսկ պատճառով սոյն գրքոյկը բաժնուեցաւ ներկաներուն, որպէսզի ընթերցեն եւ ճանչնան Ս. Պատարագը։