Լա Հէի խաղաղութեան ատեանի շէնքին մօտէն ճամբայ ելաւ Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հայկական քայլարշաւ-ցոյցը` նուիրուած Սումգայիթեան ջարդերու եւ Արցախեան Ազատամարտի 30ամեակին:
Ըստ Armenpress.amի՝ ցուցարարները քայլարշաւով ուղղուեցան դէպի Ատրպէյճանի դեսպանութիւն:
Քայլարշաւ-ցոյցին մասնակցեցան «Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերասիոն»ի, Հայ Դատի Յանձնախումբի, Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչները:
Ցոյցին գլխաւոր պահանջը ուղղուած էր Ատրպէյճանի յարձակողական տրամադրութեանց դէմ: Ցուցարարները պահանջեցին յարգել Արցախի ժողովուրդին իրաւունքը:
Ցոյց` Հոլանտայի մէջ
Ցոյց` Սումգայիթեան ջարդերու եւ Արցախեան Ազատամարտի 30ամեակին առիթով