Այսու ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնին առիթով տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ մատաղօրհնէք:
Պիտի պատարագէ ու յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ:
Սկիզբ Ս. Պատարագի՝ առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղի պատրաստութեան համար նուիրատուութիւն կատարել, կը խնդրենք հեռաձայնել տիկ. Յասմիկ Թագուորեանին (6977960593) եւ անոր յանձնել նուէրները, ինչպէս նաեւ գործածել եկեղեցւոյ դրամատնային հաշիւը՝
Alpha Bank IBAN: GR9701401050105002002027684
Մեր սրտագին փափաքն է, որ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից դառնայ Ս. պատարագին եւ ստանայ Առաջնորդ Սրբազան հօր օրհնութիւնը:
Սուրբ Պատարագէն ետք, Առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Տիկնանց մարմնոյն կողմէ պատրաստուած եկեղեցւոյ տարեկան պազարը։
ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ










