Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ին, պիտի կատարուի Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Պիտի պատարագէ, յաւուր պատշաճի քարոզէ ու մատաղօրհնութիւնը կատարէ Յունաստանի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ
ԳԵՐՇ. Տ. ՍԱՀԱԿ Ս. ԵՊՍ. ԵՄԻՇԵԱՆ
Պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարուի քառաձայն, եկեղեցւոյս դպրաց դասին կողմէ, դպրապետութեամբ պրն. Քերոբ Էքիզեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ տիկ. Լիանա Սարեանի։
Սկիզբ առաւօտեան ժամերգութեան ժամը 9։30-ին, իսկ ս. պատարագ ժամը 10-ին։
Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 4-ին, պիտի կատարուի մատաղցու ոչխարներու եւ աղի օրհնութիւնը։
Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար նուիրել կամ այլ նուիրատուութիւն կատարել, թող բարեհաճին հեռաձայնել եկեղեցւոյ գրասենեակը հետեւեալ թիւերուն. 210 4915823 եւ 6977547343։
Այսու կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը, մասնակից դառնալու իր եկեղեցւոյ տօնախմբութեան եւ հոգենորոգ մթնոլորտի մէջ բաժնելու օրուան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ վերանորոգելու իր ուխտը։
Թաղային Խորհուրդ եւ Տիկնանց Մարմին









